Նախորդ տարուան աւարտին ԱՖՀԻԼ-ը արժանացաւ բարձր որակի եւ առեւտրական համբաւի միջազգային զոյգ մրցանակներու` իր գործունէութեան ողջ ընթացքին մատուցած ծառայութիւններուն եւ իրականացուցած համայնքային օգտաշատ ծրագիրներուն համար:
Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեանի հետ:
Նախորդ տարուան ընթացքին ընդհանրապէս ԱՖՀԻԼ-ի ձեռքբերումներուն մասին խօսելով` Յ. Լատոյեան ըսաւ, որ անոնց կարգին եղած է «Զգուշ» պարբերաթերթի հրատարակութիւնը, Ֆանարի մէջ մարզական նոր կեդրոնի հիմնումը, Հայաստանի հետ գործակցութիւնը: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ յունիս 2015-ին «Կլոպմետ»-ի կողմէ ներկայացուած առաջարկին` մասնակցելու Ժընեւի մէջ կայանալիք եւրոպական իրերօգնութեան սնտուկներու աշխատանքներու ներկայացում-մրցանքին, ուր պէտք է անդրադարձ կատարուի տուեալ իրերօգնութեան սնտուկի աշխատանքի սկսելու հանգրուանէն մինչեւ ներկան` աշխատանքային փոփոխութեան բոլոր հանգրուանները ներառելով:
«Կլոպմետ»-ի ներկայացուցած առաջարկին հիմքը եւ առաւելութիւնը կը հանդիսանար այն, որ ԱՖՀԻԼ-ի անդամներուն 96 առ հարիւրը կայուն անդամներ են: Սովորաբար իրերօգնութեան սնտուկներու անդամներուն 60 առ հարիւրը երկար ատեն կառչած կը մնան նոյն սնտուկին, իսկ մնացեալը կը հեռանայ, որովհետեւ աւելի լաւ ու աժան ծառայութիւններ կը փնտռէ այլ հաստատութիւններու մէջ: Սակայն ԱՖՀԻԼ-ի պարագային մեր անդամներուն 96,4 առ հարիւրը կը շարունակէ մնալ նոյնը, ինչ որ առաւելութիւն է` եւ փաստ, որ անոնք գոհ են մատուցուած ծառայութենէն, վճարումին մասին առարկութիւն չունին եւ ապահով կը զգան», ըսաւ Յակոբ Լատոյեան:
Այս մրցանքին ԱՖՀԻԼ-ի գործունէութեան ներկայացման մասին խօսելով` Յակոբ Լատոյեան ըսաւ, թէ անոր գործունէութեան մէջ հիմնականօրէն շեշտը դրուած է այն երեւոյթներուն վրայ, որ 1998-ին իբրեւ իրերօգնութեան սնտուկ` ԼՕԽ-ի, Համազգայինի եւ Հայ ընկերային ծառայողներու միութեան կողմէ հիմնուած ԱՖՀԻԼ-ը, անհատական, կուսակցական, հատուածական չէ, այլ ունի միութենական եւ համայնքային դիմագիծ: «Երկրորդ հիմնական յատկանիշը այն է, որ մեր թիւը աստիճանական աճ արձանագրած է եւ այսօր 7 հազար անդամի կը հասնի: Երրորդ` մենք իբրեւ իրերօգնութեան սնտուկ` 2005-էն սկսեալ մեր հասոյթով բացած ենք անդամներուն եւ համայնքային ծառայութեան բաժանմունքներ` հիւանդանոցային-տնային սարքերու կեդրոն, մարզական երեք կեդրոն, աշակերտական եւ համալսարանական ֆոնտեր, «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտ, թմրամոլութեան դէմ պայքարի «Հորիզոն» կեդրոն: Այս բոլորը եթէ մէկ ամբողջութեան մէջ դիտուի, կը նշանակէ, որ ԱՖՀԻԼ-ը միայն ապահովագրութիւն չի ծախեր, միայն հիւանդանոցային ծածկոյթ չի վաճառեր, իսկ եղած հասոյթը չի գործածուիր քաղաքական ու քարոզչական նպատակներու, այլ կրկին ծառայութեան ձեւով կը վերադարձնէ ժողովուրդին: Այս մէկը յատկանշական ձեւով յիշուած է մրցանքին մէջ: Կար նաեւ հիւանդանոցներուն եւ ախտաճանաչման կեդրոններուն հետ կապին վերաբերող բաժին մը, ուր նշուած է, թէ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ ասոնց հետ միշտ մասնագիտական մօտեցում եղած է, հաշուականները բոլոր կանոնաւոր եւ մաքուր եղած են, յարաբերութիւնները հեզասահ եւ ճշգրիտ բնոյթ կը կրեն` մարդկային ու թափանցիկ գործակցութեան վրայ հիմնուած:
Այս բոլոր աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը հետաքրքրական եւ արդիւնաւէտ նկատուեցաւ` իբրեւ Լիբանանի մէջ գործող ոչ քաղաքական, ոչ հատուածական համայնքային ծառայող կառոյց մը», ըսաւ Յակոբ Լատոյեան:
Ան հաստատեց, որ ԱՖՀԻԼ-ը կը յատկանշուի անով, որ համայնքային ծառայութիւններ չի մատուցեր միայն, այլ բան մը կ՛աւելցնէ համայնքին մէջ, եւ իւրաքանչիւր կեդրոն հաստատութեան կը վերածուի եւ ոչ թէ, օրինակ, մարզանքի փոքր կեդրոն մը կը բացուի միայն: «Այսօր մենք ունինք մարզական երեք կեդրոն, ուր կը յաճախէ շուրջ 2000 հոգի, այս երեքը միասնաբար արդէն առանձին միաւոր եղան, այսինքն բան մը աւելցաւ մեր համայնքին կեանքին մէջ, եւ ոչ թէ ֆոնտի նման նիւթական տրամադրեցիր եւ վերջ: Այսինքն շարունակականութիւն եւ վերարտադրութիւն կայ մեր գործունէութեան մէջ», նշեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէնը:
Ան տեղեկացուց, որ ստացած են երկու մրցանակներ. առաջինը կը վերաբերի տուեալ կառոյցի անդամներուն թիւին կայուն ըլլալուն, մասնագիտական մօտեցումին, իսկ երկրորդ մրցանակը կը վերաբերի համայնքային ծառայութիւնները առաւելագոյնի հասցնելու, հասոյթին 70-80 առ հարիւրը համայնքին ծառայութեան տրամադրելուն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Լիբանանէն միայն ԱՖՀԻ՞Լ-ը ներկայացուած էր այս մրցումին, Յակոբ Լատոյեան ըսաւ, թէ միայն իրենք չէին, կային նաեւ մարոնիներու, տիւրզիներու եւ այլ համայնքներու սնտուկներ, որոնք ընդհանրապէս միատեսակ ծառայութիւն կը մատուցեն, օրինակ` մարոնիներու սնտուկը յարկաբաժիններ կը շինէ ու աժան գինով կը ծախէ` որոշ շահ ապահովելով, տիւրզիներու սնտուկը իրենց նահատակ զինուորներու ծնողներուն ձրի ապահովագրական ծառայութիւն կու տայ, ինչ որ քաղաքական նպատակ կը հետապնդէ: Մասնակցած են նաեւ այլ սնտուկներ, ինչպէս` «Օլիվիա»-ն, «Օկզիլիա»-ն, որոնք ծառայութիւններուն դիմաց համալսարանական ֆոնտ կը տրամադրեն, երրորդ եւ չորրորդ երեխային ձրի ապահովագրութիւն կու տան եւ այլն:
ԱՖՀԻԼ-ի ապագայի ծրագիրներուն վերաբերող հարցումին պատասխանելով` Յակոբ Լատոյեան ըսաւ, որ այս տարուան ընթացքին կը ծրագրեն Հայաստանի մէջ գրասենեակ բանալ, որպէսզի ԱՖՀԻԼ-ի աշխատանքները հոն ալ ծաւալին: «Կայ նաեւ այլ ծրագիր, որով կ՛ուզենք ճամբորդական ապահովագրական ցանցը, որ մենք ստեղծած ենք, սփիւռքահայ կառոյցներուն, մամուլին կայքերուն վրայ տեղադրել, որպէսզի տարբեր երկիրներէ կարելի ըլլայ առցանց ճամբորդական ապահովագրութիւն գնել, այսպիսով թէ՛ տուեալ անձը կ՛օգտուի մեր ծառայութենէն, եւ թէ՛ հասոյթը կը տրամադրուի մեր տարբեր ֆոնտերուն: Կը կարծեմ, թէ Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ այլ երկիրներ ապրող անձեր պիտի նախընտրեն իրենց ճամբորդական ապահովագրութիւնը գնել հայկական կառոյցի մը ճամբով` նաեւ նպաստելով լիբանանահայութեան ծառայող տարբեր ծառայութիւններու», եզրափակեց Յակոբ Լատոյեան: