Երէկ` երկուշաբթի, 5 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ հայ համալսարանականներու, հայկական դպրոցներու եւ հաստատութիւններու տրամադրուած կրթանպաստներու բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին հիմնականին մէջ շեշտը դրուեցաւ հայ իրականութեան մէջ հայ երիտասարդին կարեւոր դերակատարութեան վրայ, որուն գիտակից պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր ուսանող եւ ըստ այնմ ծառայէ իր ազգին:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ազգի մը առողջ, գործունեայ եւ կայուն վիճակ ունենալուն մէջ երիտասարդ տարրին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը: «Մեր պատմութեան ընթացքին շատ են օրինակները, ուր երիտասարդութեան ուժը իր իմաստութեամբ եւ հայադրոշմ վարքով գունաւորած է պատմութեան էջերը` անկրկնելի հերոսութիւններով: Այսօր մեր ազգային կեանքը եւ հայ ժողովուրդը յատկանշող բարձր արժէքներու պահպանման մարտահրաւէրը գիտակից երիտասարդութիւն եւ անձնուրաց ղեկավարներ կը պահանջէ», ըսաւ ան: Ք. Սարգիսեան դիտել տուաւ, որ, այս իրողութեան լաւապէս գիտակցելով, ԱՖՀԻԼ-ը իր ընթացիկ գործունէութեան զուգահեռ հիմնական նկատած է թիկունք կանգնիլ մեր ազգի զաւակներուն այլազան կարիքներուն, որոնց կարգին է ուսանողական ծախսերուն մասնակցութիւնը` աւելցնելով, որ այս տարեշրջանին 120 հայ ուսանողներ կը ստանան օժանդակութիւն եւ կը զգան, որ իրենց կեանքի դժուար այս փուլին հայկական հաստատութիւններ կը փութան իրենց կողքին կանգնելու:
Ապա խօսքը ուսանողներուն ուղղելով` Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան ըսաւ, թէ հպարտութիւն է տեսնել հայ ուսանողներ` տարածուած տարբեր համալսարաններու մէջ, բացուած տարբեր գաղափարներու եւ մտածելակերպերու, վստահութիւն յայտնելով, որ անոնք իրենց սրբազան լեզուին եւ դարաւոր արժէքներուն կառչած մնալով բարձր կը պահեն հայու անունը եւ միասնականութեան ու ազգասիրութեան գերագոյն օրինակ կը հանդիսանան բոլորին, ուր ալ գտնուին: Ըստ անոր, այսօր դժուար է հոսանքն ի վեր թիավարելը, մարդկային ու հայկական բարձր արժէքներով առաջնորդուիլը, որովհետեւ վեհ գաղափարները սկսած են քայքայուիլ, օտարամոլութիւնը բոյն դրած է, բայց եւ այնպէս երիտասարդութիւնը պէտք է կառչի մարդկայինին ու ազգայինին, Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով ըլլայ անկախութեան ջահը վառ պահողն ու հայկական շունչն ու ոգին յաջորդող սերունդներուն փոխանցող պատասխանատուն` միշտ անարատ պահելով հայուն նկարագիրը: Իր խօսքը եզրափակելով` ան ըսաւ. «Ձեր մէջէն մօտիկ ապագային մէջտեղ պիտի գան հայ ազգը ղեկավարող առաջնորդներ, հայ թէ օտար կազմակերպութիւններուն մէջ գործող պատասխանատու մասնագէտներ: Երբ այդ դիրքերուն վրայ գտնուիք, չզլանաք ձեր ներդրումը բերելու հայ իրականութեան եւ կենդանի պահելու ձեզի կտակուած հայապահպանման առաքելութիւնը»:
Խօսք առաւ ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան, որ իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ հաստատութեան ծնունդին, անոր 20-ամեայ գործունէութեան, որուն սկզբնական փուլը բաւական դժուար եղած է, որովհետեւ թէ՛ գաղափարը ընկալելու հարց գոյութիւն ունեցած է եւ թէ՛ մրցակցութիւնը եղած է սուր: «Սակայն ժամանակի ընթացքին իրերայաջորդ վարչութիւններու եւ պատկան մարմիններու հոգատարութեամբ եւ պաշտօնէութեան հաւաքական աշխատանքի ոճի որդեգրումով, կամաց-կամաց գաղութին մէջ մեր ինքնուրոյն տեղը ունեցանք: Այսօր ԱՖՀԻԼ-ի անդամներուն թիւը 7 հազար է, իսկ ինքնաշարժներու ապահովագրութեան թիւը կ’անցնի 10 հազարը», ըսաւ ան: Ըստ անոր, վերջին տասնամեակին ԱՖՀԻԼ իր հասոյթէն հիմնած է 4 մարզական կեդրոններ, որոնք երիտասարդութեան համար առողջ եւ մաքուր պայմաններ կը ստեղծեն, եւ ուր կը յաճախեն 3000 երիտասարդներ` 80 առ հարիւրը հայեր, ԱՖՀԻԼ կը հրատարակէ «Զգուշ» առողջապահական պարբերաթերթը, ունի հիւանդանոցային տնային սարքերու եւ հիւանդատարի ծառայութեան դրութիւն:
Խօսելով համալսարանական եւ աշակերտական ֆոնտերուն մասին` Յակոբ Լատոյեան ըսաւ. «2017-2018 տարեշրջանին ԱՖՀԻԼ-ի համալսարանական ֆոնտին դիմեցին 190 ուսանողներ, ընդունուեցաւ 143 դիմումնագիր, իսկ 167 աշակերտներէ ընդունուեցաւ 115 դիմումնագիր». ան բացատրեց, որ մերժուողներուն մեծամասնութիւնը յաջորդական երկու տարի օգտուողներն են կամ նոյն ընտանիքէ մէկէ աւելի դիմում կատարողները: Անոր համաձայն, ուսանողական եւ աշակերտական ֆոնտէն անդին ԱՖՀԻԼ-ի վարչութիւնը տարեկան հասոյթէն բաժին մը կը յատկացնէ գաղութին մէջ յատուկ նշանակութեան ծառայութիւններ մատուցող հաստատութիւններուն` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին եւ Հայ ընկերային ծառայողներու միութեան «Զուարթնոց» կեդրոնին:
«Այսպիսով, մեր օժանդակութեան ընդհանուր գումարը կը հասնի 150 միլիոն լիբանանեան ոսկիի. ամէն տարի մեր նպաստներու բարձրացումը կախում ունի մեր թիւին աճէն: Իւրաքանչիւր տարուան հաշուեկշիռի քննարկումէն եւ ֆոնտի յանձնախումբի զեկուցումը լսելէ ետք վարչութիւնը ըստ այնմ պիւտճէն կը քուէարկէ:
«Այսօր ԱՖՀԻԼ-ը կը շարունակէ բարգաւաճիլ, բազմանալ շնորհիւ իր անդամներուն բանաւոր քարոզչութեան: ԱՖՀԻԼ-ի հիւանդանոցային ծախսերու գումարը 2017 թուականին անցաւ 3 միլիոն ամերիկեան տոլարը: Սիրելի՛ ուսանողներ, այս զեկուցումը լսելէ ետք, կը փափաքինք, որ բոլորդ ալ կապը պահէք մեր համայնքի բազմաբնոյթ միութիւններուն հետ` մշակութային, կուսակցական, կրօնական, մարզական, առողջապահական, ընկերային եւ կրթական մարզերուն մէջ: Վերջապէս պէտք է յիշեմ նաեւ, որ ԱՖՀԻԼ-ի ճիգերով վերջին տարիներուն թափ ստացած է «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտը. գաղութին մէջ հիւանդանոցային իւրաքանչիւր բարդ պարագայի համար ԱՖՀԻԼ-ի ճիգերով գումար կը հաւաքուի, եւ նեցուկ կը կանգնինք անոր` նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակելով», ըսաւ Լատոյեան:
Իր խօսքը եզրափակելով Յակոբ Լատոյեան դիտել տուաւ, որ մեր կառոյցները նոր արեան եւ ուժերու կարիք ունին, ուստի, ան կոչ ուղղեց ուսանողներուն` համայնքին մէջ մնալու եւ խօսք տալու, որ միութիւններու ճամբով ներդրում ունենան հայութեան կեանքին մէջ:
Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ ուսանողներուն քաջալերական խօսքեր ուղղեց Տիգրան Ճինպաշեան, որ ԱՖՀԻԼ-ը` իբրեւ իրերօգնութեան սնտուկ, նկատեց եզակի երեւոյթ մը սփիւռքի մեր համայնքներուն մէջ` հատատելով, որ ազգի մը բարօրութեան եւ պայծառ ապագային մէջ մեծ նշանակութիւն ունի նման կառոյց մը: Անոր համաձայն, շատ ողջունելի է նաեւ ուսանողներուն եւ աշակերտներուն օժանդակելու այս նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ անիկա առանցքային է նոր սերունդներու դաստիարակութեան ու ուսման շարունակութեան իմաստով, մանաւանդ որ այսօր հետզհետէ սկսած են նօսրանալ այս նպատակին համար յատկացում կատարողները: Տիգրան Ճինպաշեան նաեւ խօսեցաւ այն մասին, որ այսօր երկրորդական վարժարաններէն շրջանաւարտները անպայման համալսարան յաճախելու ուղին կը բռնեն, ինչ որ շատ լաւ երեւոյթ է մեր մշակութային, ընկերային եւ այլ մակարդակներու բարձրացման համար: Ուստի պէտք է նեցուկ կանգնիլ հայ ուսանողին, որպէսզի այս դժուար ուղիին մէջ կարենայ տոկալ ու շարունակել: Ան նաեւ կոչ ուղղեց ուսանողներուն, որ երբ իրենց ուսումը աւարտեն եւ աշխատանքի սկսին, չմոռնան, որ կրթանպաստ յատկացնելու գործը պէտք է շարունակուի, ուստի պէտք է իրենց կարգին օգտակար հանդիսանան յառաջիկայ սերունդներուն ուսման:
Տիգրան Ճինպաշեան նաեւ հաստատեց, որ ուսանողները պէտք է ամէն ջանք թափեն եւ աշխատանք ի գործ դնեն, որպէսզի իբրեւ հայեր պատուաբեր ներկայութիւն ըլլան օտարներուն մէջ, բարձր պահեն հայութեան անունը, փայլուն արդիւնքներ ձեռք բերեն:
Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ուսանողները ստացան իրենց կրթանպաստները, որոնք տրամադրուեցան հետեւեալ համալսարանները յաճախողներուն. Պալամանտ (2), «Էլ. Էյ. Եու.» (12), «Էլ. Այ. Եու.» (41), «Է. Եու. Էս. Թի.» (2), «Էյ. Օ. Եու.» (3), Հայկազեան համալսարան (36), «Եու. Էս. Ժի.» (1), Պէյրութի ամերիկեան համալսարան (2), «Էն. Տի. Եու.» (4), Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարան (2), Անթունիէ (3), «Էյ. Եու. Էլ.» (3), Սաժես (1), Քաֆաաթ (1) եւ Լիբանանեան համալսարան (1):