Երէկ` ուրբաթ, 22 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով ԱՖՀԻԼ-ի պաշտօնութիւնը եւ տնօրէնութիւնը այցելեց «Թռչնոց բոյն»-ի «Արամ Պէզիկեան» թանգարան, որոնք ընդունուեցան թանգարանի պատասխանատու Պսակ աբղ. Թեփիրճեանի կողմէ: Անոնք շրջագայեցան թանգարանին մէջ, ծանօթացան հոն տեղ գտած թանկարժէք փաստերուն եւ առարկաներուն, որոնք կ՛արտացոլացնեն աւելի քան հարիւր տարի առաջ Լիբանան հասած եւ Ժիպէյլի այդ հողաշերտին վրայ նոր կեանքի սկսած որբերուն ապրած առօրեան: