Աշնան շատերը կը հանդիպին ախորժակի բարձրացման խնդիրին՝ անընդհատ ուտել կ՛ուզենք ցուրտի եւ ցերեկային ժամերու կրճատման պատճառով: Ինչո՞ւ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ։
Աշնան, երբ օրերը կը կարճնան, օրկանիզմը շատ աւելի «մելաթոնին» կ՛արտադրէ՝ հորմոն, որ յոգնածութիւն եւ քուն կը յառաջացնէ: Միեւնոյն ժամանակ, «սերոթոնին»-ի՝ այսպէս կոչուած «ուրախութեան հորմոն»-ի արտադրութիւնը կը նուազի: Որպէսզի «սերոթոնին»-ի մակարդակը կրկին բարձրանայ, օրկանիզմը համապատասխան ազդակներ կ՛ուղարկէ ուղեղին՝ յառաջացնելով քաղցր եւ աղի ուտելու ցանկութիւն, յայտնած է Fit for Fun ամսագիրը:
Ի՞նչ ընել նման իրավիճակի մէջ: Ահա քանի մը օգտակար յանձնարարութիւններ, որոնք կ՛օգնեն վերահսկելու ախորժակը աշնան ընթացքին:
Աւելի շատ սպիտակուցներ
Աշնան փափաքելի է սննդակարգին վրայ աւելցնել սպիտակուցային արտադրութիւն, որոնց իւրացումը շատ ժամանակ կը պահանջէ, ինչ որ կ՛ապահովէ յագեցումի աւելի երկար զգացում: Նախ եւ առաջ, կը յանձնարարուի նախաճաշին աւելցնել աւելի շատ սպիտակուցներ, որպէսզի ամբողջ օրուան ընթացքին, աւելի արդիւնաւէտօրէն վերահսկէք ջերմուժի ընդունումը:
Նախուտելիքներ
Փորձեցէք միջանկեալ ուտել առողջ սնունդ՝ ընկոյզ, արմաւ, ոչ շատ հասուն պանան, թուզ, եւ փորձեցէք հեռու մնալ շաքար պարունակող քաղցրաւէնիքներէն:
Առողջ սնունդ
Որոշ ուտելիքներ կը նուազեցնեն ուտելու փափաքը՝ ստամոքսի եւ աղիքներու կողմէ այդ ուտելիքները մարսելու առանձնայատկութիւններու շնորհիւ, օրինակ՝ հաւկիթը, ավոքատոն, կտաւատի սերմերը, ճինճըրը: Կը յանձնարարուի նաեւ ա՛յդ ուտելիքները աւելցնել աշնանային սննդակարգին վրայ:
Շեղում
Ախորժակի սրումի պահերուն, կրնաք փորձել շեղիլ՝ օրինակ՝ տաք թէյ կամ բուսական ըմպելիք խմել:
Սուրճ
Մարդիկ, որոնք հակացուցմունքներ չունին, կ՛արտօնուի օրական օգտագործել մինչեւ 4 գաւաթ սուրճ: Կը նկատուի, որ այս ըմպելիքը կը նուազեցնէ ախորժակը, բայց շատ կարեւոր է առանց շաքարի խմելը: