ԱՖՀԻԼ իրար օգնութեան սնտուկը ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս 2019-2020 կրթական տարեշրջանին համար, իր տարեկան հասոյթէն բաժին մը պիտի յատկացնէ հայ համալսարանականներու:
Դիմումնագիրները պիտի ամբողջացուին ուղղակի ԱՖՀԻԼ-ի կայքէն www.afhil.com university fund application.
Մինչեւ 1 Նոյեմբեր 2019 պէտք է դիմումնագիրները իրենց ամբողջական թղթածրարով ներկայացուած ըլլան:
Առաջին տարուան ուսանողները կրնան դիմել:
Ֆոնտէն յաջորդական երկու տարիներ օգտուողները չեն կրնար օգտուիլ:
ԱՖՀԻԼ-ի անդամները բնականաբար կ՛օգտուին յատուկ դիմումնագիր մը լեցնելով ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն:
Մանրամասնութեանց համար կապուիլ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ 01/242556-57:
ԱՖՀԻԼ
ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՖՈՆՏ