Հարցազրոյց՝ ՏՆՕՐԷՆ ՎԱՀԷ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆ-ի հետ
2023 տարին կը զուգադիպի Ազունիէի Ազգային Բուժարանի հիմնադրութեան 100-ամեակին: Բուժարանի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը շուտով կը յայտարարեն այս առիթին նուիրուած նախաձեռնութիւններու ծրագիր մը:
Անոր պատմութեան, առաքելութեան եւ աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու նպատակով, «Զգոյշ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Բուժարանի տնօրէն Վահէ Գամպուրեանի հետ:
«ԶԳՈՅՇ».- Ե՞րբ հիմնուած է Ազունիէի Ազգային Բուժարանը:
ՎԱՀԷ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆ.- Ազգային բուժարանը նախ հիմնուած է Մաամըլթէյնի ծովեզերեայ շրջանին մէջ, 1 Յուլիս 1923-ին, իբրեւ «Հայ թոքախտաւորաց ապաստանարան», նախաձեռնութեամբ եւ խնամակալութեամբ օրուան երեք հոգեւոր պետերուն՝ Սուրէն Վրդ. Քէմմհաճեանի (առաքելական), Յակոբ Վրդ. Նէսիմեանի (կաթողիկէ) եւ Վերապատուելի Ենովք Հատիտեանի (աւետարանական): Այս նախաձեռնութեան նպատակն էր խնամել ու բուժել Եղեռնէն վերապրած եւ վրանաքաղաքներու մէջ ապաստանած մեր ժողովուրդին քով ծայր առած թոքախտի համաճարակէն տառապող հիւանդները: Այդ օրերուն, սոյն ախտը մահացու եւ փոխանցիկ հիւանդութիւն կը նկատուէր եւ մեծաթիւ զոհեր կը խլէր մեր ազգէն՝ դեղի չգոյութեան, սնունդի պակասին եւ առողջապահական աննպաստ պայմաններու բերումով:
«Զ».- Ի՞նչ կարելի է ըսել առաջին տարիներու մասին՝ շինարարական, բժշկական եւ վարչական մարզերու մէջ:
Վ. Գ.- 1922-1923 շրջանին, սոյն ծրագրին իրագործման նպատակով, Վերապատուելի Ենովք Հատիտեան կապ կը հաստատէ «Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստից»ի (Near East Relief) տնօրէն՝ Պրն. Ֆավլի հետ, որ իր կարգին խորհրդակցելով Երիցական Պորտի քարտուղար՝ Պրն. Ճէյմս Նիքոլի հետ, կարելի կ’ըլլայ 6 ամսուան համար 30 հիւանդի ծախսը ապահովել:
Յիշեալ Պորտը, Near East Relief-ին պատկանող Մաամըլթէյնի նախկին բուժարանին կառոյցը անվճար կը տրամադրէ մեզի: Արդարեւ, 1 Յուլիս 1923-ին կը հիմնուի բուժարանը՝ երեք համայնքներու հոգեւոր պետերուն հովանաւորութեան տակ: Բժշկական խնամքը կը մատուցէին կամաւոր հայ թէ օտար զանազան բժիշկներ, իսկ վարչական գործերը կը տնօրինէին հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչները: Բուժարանը 15 տարի կը գործէ Մաամըլթէյնի մէջ՝ խնամելով 888 հիւանդներ, որոնք եթէ մնային իրենց տուները, շատ մեծ աւերներ պիտի գործէին եւ հազարաւոր զոհերու պատճառ պիտի դառնային:
«Զ».- Ի՞նչ զարգացում ապրած է շինարարական մարզը, քանի՞ շէնքով սկսած է բուժարանը, ե՞րբ աւելցած են շէնքերը, որո՞նք նախաձեռնած են: Որքա՞ն տարածք կը գրաւէ բուժարանի համալիրը:
Վ. Գ.- 1931-ին, նորակազմեալ խնամակալութիւնը կ’որոշէ նոր եւ սեփական կառոյց մը հաստատել՝ աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ աւելի մեծ թիւով հիւանդներ խնամելու առաջադրանքով: Կը ձեռնարկուի լայնածաւալ եւ համաշխարհային դրամահաւաքի մը, որուն շնորհիւ կարելի կ’ըլլայ Ազունիէի շրջանին մէջ գնել մեծ հողատարածք մը եւ կառուցել առաջին շէնքը: Այս շէնքին կառուցումով ի սպառ կը վերցուին Մաամըլթէյնի կլիմային եւ շէնքին անյարմարութիւնները: Ձմրան սաստիկ ցուրտը, ամրան այրող տաքը եւ ծովէն եկող խոնաւ օդը չափազանց կը նեղէին հիւանդները: Այս ձեւով, 15 տարի ետք, 1938 Յուլիսին բացումը կը կատարուի Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանի օրուան չափանիշով արդիական մայր շէնքին՝ 72 անկողինով: Սկզբնական շրջանին, Բուժարանը կը բաղկանար միայարկանի մայր շէնքէն: Յաջորդող տարիներուն կը կառուցուի 2-րդ յարկը՝ առաջին կարգի վճարովի պարագաներ ընդունելու հեռանկարով: Այլապէս, հայ թէ օտար հիւանդները կը բուժուէին անվճար:
Բուժարանի ընդհանուր տարածքը մօտաւորապէս 200.000 քռ. մեթր է:
Տասնամեակներու վրայ մայր շէնքին կողքին կ’աւելնան նոր կառոյցներ հետեւեալ հերթականութեամբ:
- Բուժարանի Մայր Շէնք` 1938- 1952-1953, 2րդ յարկ:
- Լոս Անճելըսի Հայոց Շէնք` 1955
- Սէմէրճեան Շէնք` 1950
- Քէքլիկեան Շէնք` 1955
- Մատուռ` 1950
- Մեքենատուն – ատաղձագործ – ելեկտրածին միաւոր` 1957
- Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի Շէնք` այժմ քանդուած
- Երկու առողջապահական փոսեր (այժմ անգործածելի)
- Պարտիզպանի տուն
- Բուժարանի Բարեկամներու Կառոյց (պաշտօնէութեան բնակարան)
- Երկու ջրամբար
- Բացօթեայ թատերաբեմ
«Զ».- Ի՞նչ զարգացում ապրած է բժշկական մարզը. հաճեցէք խօսիլ բժշկական անձնակազմերուն մասին, հիւանդներուն մասին: Միայն Լիբանանէ՞ն հիւանդներ կ’ընդունուէին կամ նաեւ այլ երկիրներէ: Ի՞նչ նշանաւոր բժիշկներ ունեցած է Բուժարանը:
Վ. Գ.- 1938-էն մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բռնկումը, Ազգային Բուժարանը դարձած էր Միջին Արեւելքի թոքախտի եւ կրծքային այլ հիւանդութիւններու կեդրոնը՝ շնորհիւ բժշկական կազմին, գլխաւորութեամբ՝ բժշկապետ Տոքթ. Բաբգէն Մկըրտիչեանի եւ Տոքթ. Սեպուհ Սիսեռեանի: Այս ձեւով, մենք ունեցած ենք տարբեր երկիրներէ, մանաւանդ արաբական աշխարհէն հիւանդներ, որոնք կանխաւ անկողիններ եւ սենեակներ կ’ապահովէին:
«Զ».- Պիտի խնդրէինք, որ մանրամասնութեամբ խօսիք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի եւ իսրայէլեան ներխուժումի ունեցած հետեւանքներուն մասին:
Վ. Գ.- 1976 թուականին, երբ սուրիական բանակը Լիբանան մուտք գործեց քաղաքացիական պատերազմին վերջ տալու նպատակով եւ հասաւ Շուֆի շրջան, ան բուժարանի Կիւլպէնկեան Շէնքը վերածեց զինուորական կեդրոնի, իսկ ընդհանրապէս բուժարանի դիրքը օգտագործեց հսկելու Շուֆի շրջանը տանող ճամբան:
1982-ի իսրայէլեան ներխուժումին, բախումներ տեղի ունեցան սուրիական բանակին եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ, որուն հետեւանքով բուժարանը դարձաւ թիրախ. Կիւլպէնկեան շէնքը, Մայր Շէնքը եւ մատուռը կրեցին ծանր վնասներ հրթիռներու հետեւանքով: Սոյն շրջանին նաեւ ունեցանք մէկ զոհ. մեր պարտիզպաններէն, նախկին խնամակալութեան տարիներու գանձապահ Տիար Տաճատ Սրապեանը: Սակայն, հակառակ այս բոլոր խիստ պայմաններուն, կեանքի գնով, բուժարանը մնաց բաց եւ շարունակեց գործել, ու կը շարունակէ մինչեւ այսօր:
«Զ».- Բուժարանը ներկայիս տակաւին կը գործէ միա՛յն իբրեւ թոքախտանո՞ց կամ կը մատուցէ նաեւ այլ ծառայութիւններ:
Վ. Գ.- 80-ական թուականներէն ասդին, թոքախտաւորներու թիւին կրած հսկայական նուազումին զուգահեռ, բուժարանը զօրացուցած եւ ընդլայնած է տարեցներու բաժինը՝ սկիզբը ընդունելով միայն հայ տարեցներ, իսկ այժմ հայ եւ ոչ հայ պարագաներ: Բուժարանը կը շարունակէ մնալ եւ այժմ դարձած է միակ կեդրոնը Լիբանանի մէջ, իբրեւ առողջապահական նախարարութեան կողմէ ճանչցուած թոքախտանոց: Մեր նպատակն է ապագային աւելցնել յաւելեալ բաժանմունքներ եւ ծառայութիւններու. այժմու խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը ո՛չ մէկ ճիգ կը խնայեն այդ ուղղութեամբ:
«Զ».- Բուժարանի պիւտճէն ինչպէ՞ս կը գոյանայ եւ կը հաւասարակշռուի: Լիբանանեան պետութիւնը որքանո՞վ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս:
Վ. Գ.- Բուժարանի պիւտճէն կը գոյանայ Լիբանանի առողջապահական նախարարութեան ու Նիւ Եորքի Հայ Բժշկական Ֆոնտի յատկացումներէն եւ մեր գանձումներէն:
Ներկայ դրութեամբ, նախարարութեան տրամադրած գումարները դարձած են անարժէք, որովհետեւ տակաւին կը վճարեն լիբանանեան ոսկիով, որ ինչպէս գիտէք արժեզրկուած է: Նիւ Եորքի Բժշկական Ֆոնտի մասնակցութիւնը փոքր է, իսկ պատսպարեալներու կատարած վճարումները նոյնպէս կարելի է միայն մասնակցութիւն նկատել: Պէտք է նշել, որ աւելի քան 20 տարեցներ անվճար պատսպարուած են մեր քով:
Պարզապէս կրնանք հաստատել, որ ինչպէս բազմաթիւ բարեսիրական այլ հաստատութիւններ, մենք եւս նեղ կացութեան մատնուած ենք: Մեր ամսական բացը կը գոցենք պահեստի գումարներէն, որոնք շուտով կը սպառին: Խնամակալութիւնը ամէն ճիգ կը թափէ նուիրատուներ գտնելու այս բուժարանի գոյատեւման համար:
«Զ».- Կարելի՞ է խօսիլ վարչական դրութեան մասին. վերահսկողութիւն, խնամակալութիւն, տնօրէնութիւն եւ պաշտօնեաներ:
Վ. Գ.- 1931-էն սկսեալ, բուժարանը հաւասարապէս կը պատկանի հայ առաքելական եւ աւետարանական համայնքներուն: Բուժարանի ընդհանուր գործունէութիւնը, հսկողութիւնը եւ ապագայի ծրագիրներ մշակելու պարտականութիւնը վստահուած է 8 հոգիէ բաղկացած խնամակալ մարմինի մը, որուն անդամները հաւասարապէս կը նշանակուին երկու համայնքներու հոգեւոր պետերուն կողմէ: Տնօրէնը մօտէն կը գործակցի խնամակալութեան հետ, կը հետապնդէ առօրեայ հարցերը, կը հետեւի պաշտօնեաներու աշխատանքներուն եւ հերթական ժողովներու ճամբով զանոնք կը փոխանցէ խնամակալութեան՝ խորհրդակցելու եւ լաւագոյն լուծումները որդեգրելու նպատակով՝ միշտ ի մտի ունենալով հաստատութեան բարգաւաճումն ու յարատեւութիւնը
«Զ».- 2023 տարին կը զուգադիպի բուժարանի հիմնադրութեան 100-ամեակին: Ի՞նչ ծրագիրներ ու նախաձեռնութիւններ ունիք այս առիթը հանգամանօրէն տօնակատարելու համար:
Վ. Գ.- 100-ամեակի առիթը արժանավայել կերպով տօնելու համար կան բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնք կը մշակուին խնամակալութեան, տիկնաց օժանդակ մարմնին եւ տնօրէնութեան կողմէ՝ միշտ նկատի ունենալով երկրին պայմանները: Լիայոյս ենք, որ մօտիկ ապագային հանրութեան կը փոխանցենք ձեռնարկներուն մանրամասնութիւնները:
«Զ».- Ապագայի ի՞նչ ծրագիրներ կան:
Վ. Գ.- Ապագայի ծրագիրները բաժնուած են երկուքի.
ա.- ընդհանուր շէնքերու վերանորոգութիւն,
– արեւու ջերմութեամբ ջուր տաքցնող սարքերու նորոգութիւն,
– բժշկական կազմածներու արդիականացում,
– արեւու ջերմութեամբ ելեկտրածին միաւորներու զետեղում,
– պարտէզներու, պտղաբեր ծառերու եւ շոճիի (սնուպար) անտառի խնամք:
բ.- բժշկական նոր ենթաբաժանումներու ստեղծում,
– բժշկական նոր ծառայութիւններու մատուցում,
– այժմու ծառայութիւններու բարելաւում: