Հետազօտողներ վերջերս յայտարարեցին, որ իրենք կրնան ճշգրտօրէն ըսել եթէ անձ մը կը գտնուի ալզայմըրի հիւանդութիւն զարգացնելու ճամբուն վրայ՝ նախքան ախտանշաններու յայտնուիլը, ինչ որ կրնայ նպաստել փորձառական դեղերու զարգացումին:
Ամերիկացի գիտնականներ կրցած են օգտագործել արեան մէջ գտնուող սպիտակուցի (protein) տարբեր մակարդակներ եւ կանխագուշակել անոր զարգացման եղանակը ուղեղին մէջ:
Բրիտանացի մասնագէտներ կ՚ըսեն, որ արդիւնքները խոստմնալից են եւ կը նկատուին քայլ մը առաջ դէպի յուսալից ալզայմըրի արեան քննութիւն՝ թուլամտութեան (dementia) վերաբերող հետազօտութիւններուն նոր թափ տալու առաջադրութեամբ:
Բայց նախ անհրաժեշտ են աւելի ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ:
Ալզայմըրը ամէնէն տարածուած պատճառն է թուլամտութեան, որմէ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կը տառապի աւելի քան 520.000 հոգի՝ ընդհանրապէս 65 տարեկանէն վեր, եւ միլիոնաւոր մարդիկ աշխարհի տարածքին:
Ներկայիս բժշկամիջոցներ գոյութիւն չունին այս հիւանդութիւնը կասեցնելու համար:
Ալզայմըրը յատկանշող յիշողութեան կորուստի եւ մտային խառնաշփոթութեան ախտանշաններու երեւումէն մինչեւ 20 տարի առաջ, մարդոց ուղեղին մէջ կը սկսին սպիտակուցի (protein) վնասակար կուտակումներ զարգանալ:
Բայց ցարդ ծախսալից, ժամանակ խլող ուղեղի Pet scan-ը կը նկատուի միակ միջոցը կատարելու այս ախտաճանաչումը:
Միզուրի նահանգին Սէնթ Լուիս քաղաքի Ուաշինկթըն բժշկական համալսարանի ջղաբանութեան (Neurology) մասնագէտներ չափած են մէկ՝ amyloid beta կոչուած սպիտակուցի մակարդակները 50 տարեկանէն վեր 158 անձերու արեան մէջ` պարզելու համար, թէ անոնք կը համապատասխանե՞ն ուղեղի scanով յայտնաբերուած մակարդակներուն: Արդիւնքը դրական եղած է, բայց միայն 88% պարագաներու, ինչ որ ախտորոշիչ քննութեան համար այնքան ալ ճշգրիտ համեմատութիւն չի նկատուիր:
Մասնագէտներ երբ այս տեղեկութիւնը համատեղած են հիւանդութեան հետ կապուած երկու այլ գործուններու հետ, ինչպէս՝ 65 տարեկանէն վեր եւ ծինային APOE4 տարբերակը ունեցող անձերու հետ, որ առնուազն կ՚եռապատկէ հիւանդութեան հաւանականութիւնը` արեան քննութեան ճշգրտութեան համեմատութիւնը բարձրացած է շուրջ 94%-ի:
Բրիտանական Ալզյամըրի Ընկերակցութեան հետազօտութեան բաժնի տնօրէն տոքթ. Ճէյմս Փիքէթի համաձայն, ասիկա թուլամտութեան ուսումնասիրութեան մարզին մէջ արձանագրուած խրախուսիչ յառաջդիմութիւն մըն է: «Բայց կարեւոր է նշել, որ ասիկա արեան քննութիւն չի նկատուիր թուլամտութեան համար. անիկա մեզի ցոյց կու տայ amyloidներու կուտակումները ուղեղին մէջ, որոնք ալզայմըրի հիւանդութեան կնիքը կը կրեն, բայց նաեւ կրնան երեւիլ տարեց առողջ անձերու մօտ»:
«Այս քննութիւնը նոր թափ պիտի տայ թուլամտութեան հետազօտութեան` յայտնաբերելով ալզայմըրի վտանգին ենթակայ անձեր, որոնք կրնան յարմար թեկնածու նկատուիլ բուժական փորձարկումներու համար, փորձարկումներ՝ որոնք կը միտին կանխարգիլելու կամ յետաձգելու թուլամտութեան զարգացումը», կ՚ըսէ Փիքէթ, «Մինչ այդ, մենք անհամբեր կը սպասենք աւելի ծաւալուն ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն ՝ արեան այս քննութիւնը վաւերացնելու համար»: