ՄԵԾԵՐՈՒ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ. ՏՈՔԹ. ՆԱՒԱՍԱՐԴ
Մարդկային սնունդի մասին առկայ են բազմաթիւ հատորներ: Կան հեղինակներ, որոնք ալքոլը կը նկատեն սնունդ եւ ուժի աղբիւր, նման՝ շաքարածիններու եւ ճարպեղէններու, իսկ ուրիշներ անհիմն կը նկատեն ալքոլը սնունդ նկատող մօտեցումները՝ հետեւեալ նկատողութիւններով:
Ինչպէս ծանօթ է, մարդկային յօրինուածքը պէտք ունի հիմնական չորս տեսակ սնունդի՝ գոյատեւելու համար:
Ա.- Մարմինը պէտք ունի վերանորոգութեան, որովհետեւ իր հիւսկէններուն մեծ մասը կը մաշի կենցաղավարութեան ընթացքին: Արդ, այս պէտքը կը հայթայթուի ազոթային նախանիւթերէն (փրոթէին), ճարպերէն եւ հանքային աղեր պարունակող սննդեղէններէ: Ալքոլը ասոնցմէ ոչ մէկը կը պարունակէ, հետեւաբար՝ իբրեւ վերանորոգիչ ազդակ որեւէ արժէքէ զուրկ է:
Բ.- Մարմինը պէտք ունի ջերմութեան եւ ուժի, առաջինը կը ծառայէ ներքին տաքութեան յարատեւութիւնը ապահովելու, իսկ երկրորդը՝ մեր գործարաններուն ներքին եւ արտաքին ամէն տեսակի շարժումները կարելի դարձնելու համար: Այս երկու պէտքերը կը հայթայթուին շաքարածիններէ, հիտրօ-քարպոններէ եւ ճարպայիններէ:
Պիտի ըսուի թէ ալքոլը եւս հիտրօ-քար-պոն մըն է եւ ի վիճակի է 7 ջերմուժ արտադրելու իւրաքանչիւր կրամին: Բազմաթիւ ուսումնասիրողներ կ՚ըսեն թէ, գործարանաւորութեան մէջ ալքոլին ուժը փոխակերպելու պարագան ճշմարտանման ենթադրութիւն մըն է միայն. յետագային շատեր փաստեցին որ այդ ենթադրութիւնը անհիմն է, թէ ալքոլը երբեք չի ծառայեր ուժ եւ շարժում արտադրելու:
Գ.- Մարմինը պէտք ունի միացումի եւ փոխակերպութեան բազմատեսակ սննդեղէններու արտաբերած նիւթերուն, ինչպէս՝ ջուր, հանքային աղեր եւ վիթամիններ. արդ, ալքոլը ասոնցմէ ոչ մէկը կը պարունակէ:
Դ.- Եւ վերջապէս մարմինը պէտք ունի մթերելու ամէն տեսակ սնունդներ մեր հիւսկէններու ծոցին, որոնք կարելի կը դարձնեն գործածութիւնը վերը յիշուած պէտքերուն, երբ այս կամ այն պատճառներով մարմինը կ՚ենթարկուի սննդազրկումի: Արդ, ալքոլը այս տեսակէտէն որեւէ օգտակարութենէ զուրկ է:
Տակաւին, կարգ մը գիտնականներ կը հաստատեն որ սաստիկ ցուրտի ընթացքին առնուած ալքոլային ըմպելին երբեք մարմինը տաքցնելու չի ծառայեր: Այս ճշմարտութիւնը շատոնց հասկցուած է բեւեռախոյզե-րու անձնական փորձառութեամբ:
Նոյնպէս, մարմնէն ներս ալքոլին օքսիտասիոնի արագութիւնը, տաժանակիր աշխատանքի մը ընթացքին, ոչ մէկ տարբերութիւն ունի ամբողջական հանգիստի պահուն տեղի ունեցած օքսիտասիոնէն, հետեւաբար ալքոլը ֆիզիքական աշխատանքի համար օգտակարութիւն չի ներկայացներ: Միւս կողմէ, մարզիկներու վրայ կատարուած փորձերէն կարելի է հետեւցնել որ ալքոլը չի տաքցներ, կը պաղեցնէ, ուժ չի տար, ընդհակառակն՝ ուժաթափ կ՚ընէ:
Ըսողներ եւ կարծողներ կան թէ ալքոլը բջիջներու գործունէութիւնը աշխուժացնելու կը ծառայէ: Այս մասին գիտնականներ դիտել կու տան, որ բջիջներու կենդանային գործունէութիւնը կայուն, անհրաժեշտ եւ կատարելապէս կանոնաւորուած երեւոյթ մըն է, մինչ ալքոլին ազդեցութիւնը փոփոխակի, պատահական, անկանոն է եւ շատ հաւանաբար երբեք ազդեցութիւն չի պատճառեր:
Եթէ նոյնիսկ ճիշդ ըլլայ ալքոլին պատճառած դոյզն գործունէութիւնը, բաղդատմամբ սովորական սննդեղէնի պատճառածին, ալքոլինը վերջին ծայր սուղի կը նստի:
Ի նպաստ ալքոլին կարելի է նկատի ունենալ՝ անոր պատճառած զգացական հաճոյքազդեցութիւնը: Արդարեւ, ալքոլ գործածողները կը զգան հաճոյալի համովութիւն մը, յետոյ տեսակ մը ներքին ուրախ գոհունակութիւն եւ վերջապէս ջղային կեդրոններու գրգռութիւն մը, վերջին ծայր գնահատելի ալքոլամոլներու համար, բայց որուն կը յաջորդէ, երբ ալքոլի գործածութիւնը շարունակուի, այդ նոյն կեդրոններուն գործունէութեանց խանգարումը: Պահ մը հարցնենք թէ այս զգացական հաճոյքը ի՞նչ գինով ձեռք կը բերւի: Մէկ լիթր ալքոլը կ՚արտադրէ 250-260 ջերմուժ, որոնց միայն 40-ը իրապէս օգտագործելի է մարմինին կողմէ, ըստ որում 500-ի մօտ ջերմուժ կը գործածուի զգացական հաճոյքի համար: Հետեւաբար, ալքոլի արժէքին միայն երեք առ հարիւրը սննդական օգտակարութիւն կ՚ունենայ իսկ մնացեալը՝ հաճոյքի: Այսպէս, մէկ լիթր գինի խմելով մարդ զգացական վայելքի համար 17 անգամ աւելի վճարած կ՚ըլլայ քան սննդական օգտակարութեան:
Շատեր ոգելոց ըմպելիները նոյնիսկ կը նկատեն հակասնունդ եւ հակագործիչ: Հակասնունդ՝ որովհետեւ մարսողական մաղասայիններուն հեղուկայինը կը չորցնէ, առաջին հանգրուան անախորժակութեան եւ ըստամոքսային խանգարումի, բնասպիտակուցի մածացում պատճառող եւ զսպիչ մարսողական հոյզերու: Հակագործիչ՝ որովհետեւ լուրջ կերպով կը խանագարէ մարմնին կողմէ օգտագործելիութիւնը վիթամիններու մեծամասնութեան, մասնաւորապէս Ա,Բ1 եւ Բ4 վիթամիններուն: Միւս կողմէ, շատ մը բժիշկներ կ՚ըսեն որ ալքոլը խոչընդոտ կը հանդիսանայ մկաններու պրկումին ծառայող շաքարայիններու ուժածնիչ գործունէութեան, բան մը՝ որ կը հաստատուի ալքոլի գործածութենէ ետք ֆիզիքական աշխատունակութեան ամբողջական նուազումով:
Այսպէս, առանց պատճառի չէ որ բժիշկներ կը յայտարարեն թէ «Ալքոլը սնունդ չէ»: