ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ
Առողջութիւնը մեծապէս կախեալ է մեր ապրելակերպէն եւ մեր ուտելիքներէն: Ծինային տուեալները աննշան դեր կը խաղան, երբ ընտանեկան պատմութեան մէջ ժառանգական լուրջ հիւանդութեան պարագայ չկայ: Ուստի, հակառակ Լիբանանի մէջ մեր դիմաց ցցուած տնտեսական բոլոր խնդիրներուն, ի՞նչ կրնանք ընել աւելորդ հիւանդութիւններէ խուսափելու համար:
Ինչ կը վերաբերի ապրելակերպին, ապա թելադրելի է օրական քալել: Գլխարկը կամ նոյնիսկ հովանոցը կրնան դէմքը պաշտպանել արեւու ուղիղ ճառագայթներէն, բայց մարմինին մնացեալ մասը անպայման կ’օգտուի քիչ մը արեւէն եւ նոյնիսկ մեղմ քրտինքէն: Մարդկային մարմնին մեծագոյն հիւսկէնը մորթն է, իսկ ան խիտ է քրտնագեղձերով, որոնց գոյութիւնը շատ կարեւոր է: Աւելին, մկաններուն շարժումը կը բարելաւէ արեան շրջագայութիւնը, կ’օգնէ խուսափելու արեան բարձր ճնշումէ եւ կը բարելաւէ մեր ախտամերժ դրութիւնը:
Գալով մեր կերածին ու խմածին, ամառը յաւելեալ առիթ է ջրազրկման, յատկապէս, երբ պաղեցնելու միջոցները (հովահարներ, օդափոխիչներ) միշտ չէ, որ հասանելի են: Թէեւ այս ամառ աւելի մեծ թիւով մարդիկ հովահար պիտի օգտագործեն, սակայն պէտք է նկատի առնել «պաղեցնելու» անոր գիտական հիմքը, որ կը կայանայ մեր մորթէն որոշ քանակութեամբ ջուր գոլորշիացնելու իր կարողութեան մէջ. ջրազրկման դանդաղ գործընթաց մը, զոր պէտք է հատուցենք ջուր խմելով հովահարին մօտ նստելէ/քնանալէ առաջ: Եթէ շատ քրտնած ենք՝ պէտք է խուսափինք հովահարէն, որովհետեւ յանկարծակի սառեցումը կրնայ պատճառ դառնալ ժահրային վարակի եւ մկանային պրկումներու:
Ուտելիքները, որոնց մասին պէտք է զգոյշ ըլլալ, միսն ու պաղպաղակն են: Պահպանման համար անոնք կը պահանջեն գրեթէ 24 ժամ սառնարան զեռոյէն վար ջերմաստիճանով եւ շատ դիւրութեամբ կրնան փճանալ:
Կան որոշ պաքթերիաներ եւ սունկեր, որոնք բազմանալու համար պէտք չունին 37՛C-ի, իսկ որոշ պաքթերիաներ, ինչպէս «Listeria»-ն (կը գտնուի վարակուած միսին վրայ) կրնան բազմանալ 4՛C-ին: Կրնանք մտածել, որ լաւ եփելը կը սպաննէ մանրէները, եւ առ այդ մենք ապահով ենք, դժբախտաբար սակայն, թունաւորումներուն մեծ մասը կը պատահի մանրէներու ԹՈՅՆԵՐՈՒՆ («TOXINS») հետեւանքով, որոնք չեն ազդուիր տաքութենէն: Մենք կը սպաննենք մանրէները, բայց թոյնը կը մնայ:
Այդպիսի օրինակներ են լերդաբորբը («Hepatitis A»), «staphylococcus»-ի թունաւորումը եւ «botulism»-ը: Պաղպաղակները եւ կաթնեղէնները, եթէ պատշաճ կերպով չեն պահուած, կրնան թթխմոր եւ անտեղի պաքթերիաներ կուտակել: Հեղուկ կաթնեղէններու պարագային, համի փոփոխութիւն կը նկատուի եւ նոյնիսկ սպիտակուցներու («proteins») այլափոխում: Պաղպաղակի պարագան աւելի բարդ է յաւելեալ համերու եւ շաքարներու առկայութեան պատճառով, եւ վերստին սառեցնելը կը թողու այն տպաւորութիւնը, թէ «լաւ ու ամուր» ըլլալով ան դեռ անվնաս է:
Կայ նաեւ արեւակիզումի (այրելու) հարցը. բոլոր մորթաբանները կը թելադրեն խուսափիլ անկէ: Անոնք հարց կու տան. «օրական որքա՞ն արեւու ուղիղ ճառագայթ օգտակար է»: Անոնց պատասխանը ԶԵՌՕ է: Արեւու լոյսի գիտութեան համաձայն, արեւու ամբողջ լոյսին 5%-ը կը բաղկանայ վնասակար անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէ, որոնք կը փճացնեն մեր «DNA»-ը, իսկ լոյսի ազդեցութեան ենթարկուած բջիջները կը մահանան առանց իրենց «DNA»-ին: Արդարեւ, արեան ճերմակ գընդիկները (WBC) կը խուժեն վնասուած տարածքը՝ մաքրելու այդ մահացած բոլոր բջիջները. այդ պատճառով է որ կը կարմրին արեւուն ենթարկուած տարածքները:
«DNA»-ի այս փճացումին հետեւանքով կը բարձրանայ մորթի քաղցկեղ զարգանալու հաւանականութիւնը:
Հետեւաբար կը թելադրուի միշտ օգտագործել արեւապաշտպան քսուքներ` արեւու ճառագայթներու զօրութեան համեմատ:
Երեխաները, որոնք դուրսը շատ կը խաղան, եւ անոնք, որոնք աւելի ճերմակ մորթ ունին, անպայման անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն պաշտպանուելու կարիք ունին: Ոմանք կրնան առարկել, որ «մենք մորթին միջոցով վիթամին «D» կը ստանանք արեւու լոյսէն»: Ճիշդ է, բայց անոր համար ուղղակի արեւու ճառագայթներուն ենթարկուելու կարիք չկայ, իսկ վիթամին «D»-ն կարելի է գտնել նաեւ՝ ուտելիքներու մէջ: