Շուրջ մէկ տարի առաջ, Հայաստանի մէջ սկիզբ առած է արհեստագիտական միջոցներով ամլութիւն (անպտղութիւն) բուժելու ծրագիր մը:
Ծրագիրը կ՚ընդգրկէր աւելի քան երկու տարիէ ի վեր անպտղութեան հետեւանքով՝ անզաւակ մնացած զինծառայողները, սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները, ընտանեկան նպաստի համակարգին մէջ 30.01-էն աւելի անապահովութեան աստիճան ունեցող նպաստառուները, հաշմանդամութիւն ունեցողները, ինչպէս նաեւ՝ զինուորական ծառայութեան ընթացքին կամ աւարտէն ետք ծառայութեան պայմաններու մէջ նահատակուած երիտասարդներու ծնողները:
Նշենք, որ անցնող տարուան մէջ ծրագրին ծրջագիծը լայնցնելով՝ սահմանամերձ գիւղերու թիւը 38-էն բարձրացած է 186-ի:
Հակառակ անոր որ ծանր տարի մըն էր՝ պսակաձեւ ժահրի համավարակին եւ պատերազմին հետեւանքով, բայց եւ այնպէս արդէն կարելի է խօսիլ անպտղութեան բուժման ծրագրի որոշ յաջողութեան մասին:
Այսպէս, 31 Դեկտեմբերի 2020-ի դրութեամբ եւ այս ծրագրին հիմամբ, անպտղութեան բուժման միջոցով լոյս աշխարհ եկած են 49 երեխաներ: Ծրագիրը շարունակական է, եւ բազմաթիւ ընտանիքներու մէջ վերստին նոր կեանք սկիզբ կ՚առնէ:
Միաժամանակ, հաւաքուած տուեալներուն համաձայն, (վիճակագրութեան մէջ չեն ներառուած Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան տեղափոխուած անձերու ծննդաբերութիւններու թիւը)՝ անցնող տարուան ընթացքին, Հայաստանի մէջ գրանցուած է 36.289 ծնունդ, որ 211-ով աւելի է 2019-ին արձանագրուած ծնունդներու թիւէն:
Անհրաժեշտ է նշել, որ 2014-էն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով է, որ ծնունդներու թիւի աճ կ՚արձանագրուի՝ նախորդ տարուան հետ բաղդատած: