Տոքթ. Գոհար Վարդանեան Քէլէշեան
Ամլութեան մասին պէտք է մտածել, երբ ամուսինները կ՚ունենան բնական սեռային յարաբերութիւն եւ զաւակ ունենալու ցանկութիւն, սակայն կինը չի յղանար մինչեւ մէկ տարի։
Ամլութեան պատճառները կրնան ի ծնէ ըլլալ կամ՝ յառաջացած տարբեր հիւանդութիւններէ, ինչպէս նաեւ՝ նախորդ յղութիւններէն ետք: Ամլութեան պատճառ կրնան ըլլալ թէ՛ այր մարդը եւ թէ կինը: Պատճառները յայտնաբերելու նպատակով պէտք է դիմել մասնագէտ բժիշկին եւ կատարել մարմնական ու մասնաւոր լրացուցիչ քննութիւններ:
Սկիզբը կը կատարուի սերմի քննութիւն, որ աւելի դիւրին է, ապա կնոջ ամլութեան պատճառները յայտնաբերող քննութիւնները (laboratory findings):
Սերմի քննութիւն կատարելէ առաջ, անձը 2-3 օր պարտաւոր է սեռային յարաբերութիւն չունենալ: Քննութիւնը կը կատարուի սերմի արտադրումէն ետք, մինչեւ 2 ժամ: Սերմի բնական չափանիշներն են՝ ծաւալը 2-5 մլ, քանակը 30-200 միլիոն/մլ, շարժուն սերմնաբջիջներու քանակը 60%-70%- էն ոչ պակաս:
Այր մարդու ամլութեան (infertility) պատճառները կրնան ըլլալ սեռային անկարողութիւնը (impotency), գաղտնամորձութիւնը (cryptorchidism), փոշտի երակներու լայնացումը (varicocele), մանկական տարիքին հանդիպող խոզուկ հիւանդութենէն (mumps) ետք յառաջացած բարդութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ երիտասարդ տարիներու ունեցած վեներական կամ կարգ մը բորբոքային հիւանդութիւններ: Ամուլ այր մարդուն մօտ, առնականութիւնը պահպանուած կ՚ըլլայ եւ ան կը շարունակէ բնականոն յարաբերիլ։
Ամլութիւն կը յառաջանայ սերմի եւ սերմնաբջիջներու հետ կապուած.
Aspermia՝ երբ ընդհանրապէս սերմ չ՚արտադրուիր,
Azospermia՝ երբ սերմի մէջ սերմնաբջիջ չկայ,
Oligospermia՝ երբ սերմնաբջիջներ կան, բայց անոնց քանակը բեղմնաւորման համար բաւարար չէ, եւ այլն:
Կնոջ ամլութեան պատճառները բազմազան են: Անոնք կրնան ըլլալ սեռային օրկաններու ի ծնէ եղած արատներ, վեներական կամ այլ բնոյթի բորբոքումներ, հորմոններու անբաւարարութիւն, ձուազատման (ovulation) հետ կապուած խանգարումներ, ուռեր, կնոջ անբաւարար սնուցում:
Երբեմն ամլութեան կը հանդիպինք առողջ զոյգերու մօտ, երբ սերմնաբջիջի եւ ձուաբջիջի միջեւ տեղի ունեցող հակազդեցութիւնները կամ կնոջ օրկանիզմին մէջ առկայ հակամարմինները (antibody) անհնար կը դարձնեն բեղմնաւորումը, որոնք պատճառ կ՚ըլլան որ երկար տարիներ միասին ապրած առողջ ամուսիններ զաւակ չունենան: Սակայն, բաժանումէն ետք անոնք առանձին-առանձին ընտանիք կազմելով երկուքն ալ զաւակ կ՚ունենան:
Համապատասխան բուժումէ ետք, երբ կինը չի յղանար, կարելի է դիմել արուեստական բեղմնաւորման նորագոյն մեթոտներու, որոնց օգնութեամբ երջանկացած են բազմաթիւ ընտանիքներ: Աւելի քան քառորդ դար անցած է առաջին փորձ անօթային (test-tube) մանուկի ծնունդէն: Արուեստական բեղմնաւորման համար կնոջ ձուարաններէն առնուած հասուն ձուաբջիջը, տարրալուծարանին մէջ կը բեղմնաւորուի այր մարդու սերմի հետ, ապա կը տեղադրուի կնոջ արգանդին մէջ, եւ յղութիւնը կը շարունակուի բնական ընթացքով:
Կը կիրարկուի նաեւ արուեստական յղացման այլ մեթոտ մը. երբ արական սերմը, որ կրնայ ըլլալ ինչպէս ամուսինին՝ այնպէս ալ այլ այր մարդու (donor) մը, յատուկ յարմարանքներու միջոցով կը ներարկուի արգանդին վզիկէն ներս եւ տեղի կ՚ունենայ բնական բեղմնաւորում եւ յղութիւն:
Արուեստական բեղմնաւորման պարագային, յղութիւններու 5-25%-ը բազմասաղմ կ՚ըլլայ:
Ի՞նչ կը ծնի. տղա՞յ թէ աղջիկ
Մարդկութիւնը միշտ ալ հետաքրքրուած է, թէ ի՞նչն է երեխային սեռի կազմաւորման պատճառը: Գիտութիւնը փաստած է, որ հայրական սերմն է, որ կ՚որոշէ երեխային սեռը:
Սակայն մինչեւ այսօր կարգ մը ընտանիքներու մէջ կիները կը մեղադրուին աղջիկ զաւակ ունենալուն համար: Գիտականօրէն, եթէ բացատրելու ըլլանք, պատկերը հետեւեալն է.
Մարդու քրոմոսոմները, որոնք կը փոխանցեն անձի ժառանգական կառուցուածքը, կազմուած են 23 զոյգէ, որոնցմէ 22 զոյգը նոյնանման են, իսկ 23-րդ զոյգը այր մարդու սերմնաբջիջին մէջ կը պարունակէ XY քրոմոսոմ, իսկ կնոջ ձուաբջիջի մէջ 23-րդ զոյգը կը պարունակէ XX քրոմոսոմ: Կինը բոլոր պարագաներուն կրնայ տալ միայն X քրոմոսոմ: Երբ բեղմնաւորուի այր մարդու Y քրոմոսոմ պարունակող սերմնաբջիջը, ապա ապագայ սաղմը կ՚ունենայ XY քրոմոսոմ, որ բնորոշ է արական սեռին, կը ծնի տղայ զաւակ: Երբ բեղմնաւորուի այր մարդու X քրոմոսոմ պարունակող սերմնաբջիջը, կը ստացուի XX պարունակող քրոմոսոմ, որ բնորոշ է իգական սեռի՝ կը ծնի աղջիկ:
Արդի բժշկութիւնը սխալելու փոքր հաւանականութեամբ, կարելիութիւն կը ստեղծէ տարրալուծարանային պայմաններու մէջ, տարանջատել (centrofugel) այր մարդու սերմնաբջիջներէն միայն xy քրոմոսոմ կրողները եւ արուեստական բեղմնաւորման ճամբով ապահովել արու զաւակի ծնունդը:
Յաճախ ապագայ ծնողներէ կը լսենք, թէ կարեւոր չէ երեխային սեռը, կարեւորը առողջ զաւակ մը ունենալն է, սակայն անոնք միշտ ալ գաղտնի կ՚երազեն իրենց փափաքած սեռէն երեխայ մը ունենալ:
Երեխային ապագայ սեռը որոշող բազմաթիւ միջոցներ կան, որոնք գիտական բացատրութիւն չունենալով հանդերձ, տարածուած են ժողովուրդին մօտ եւ շատերը կը հաւատան եւ կ՚օգտուին անոնցմէ:
– Որոշ գիտնականներու կարծիքով, սեռի կազմութեան հարցին մէջ, կարեւոր է սնունդին դերը։
Եթէ ծնողքը կ՚երազեն տղայ երեխայ մը ունենալ, ապա նախքան յղանալը, որոշ ժամանակ նախընտրելի է կինը սնունդին մէջ օգտագործէ աղով, փոթասիումով, ֆոսֆորով, սպիտակուցով (protein) հարուստ սնունդ, տարբեր տեսակի մսեղէն, ձկնեղէն, հաց, խմորեղէն, սեւ տուրմ (շոքոլա), գետնախնձոր, պանան, տարբեր տեսակի չոր պտուղներ, ձիթապտուղ:
Աղջիկ երեխայի ծնունդին հաւանականութիւնը առաւել բարձրացնելու նպատակով, անհրաժեշտ է աւելցնել քալսիում եւ մակնեզիում պարունակող սնունդի օգտագործումը՝ թարմ պտուղներ, կանաչ տերեւներով բանջարեղէն, կաթնամթերքներ, հաւկիթ, պաղպաղակ, խաղող, խնձոր, բրինձ, ընկոյզ:
– Գիտականօրէն չէ ապացուցուած, թէ աստղերը եւ մոլորակները ի՛նչպէս կ՚ազդեն սեռի կազմաւորումին վրայ, սակայն պարզուած է, որ զոտիաքի ազդեցութիւնը մեծ է այդ հարցին մէջ: Օրինակ՝ եթէ կինը ծնած է արական զոտիաքի նշանի տակ՝ Խոյ, Երկւորեակ, Առիւծ, Կշիռք, Աղեղնաւոր, Ջրհոս, անոր առջնեկը մեծ հաւանականութեամբ տղայ կը ծնի:
Եթէ կնոջ տարիքը զոյգ է եւ կը բեղմնաւորուի զոյգ ամիսներուն՝ Փետրուար, Ապրիլ, Յու-նիս, Օգոստոս, Հոկտեմբեր, Դեկտեմբեր, հա-ւանականութիւնը մեծ է աղջիկ զաւակ ծնելու:
– Շատերու կարծիքով երեխային սեռը կախում ունի ծնողներու սեռային պահուածքէն: Եթէ կինը ցանկութիւն ունի ծնունդ տալու աղջիկ երեխայ, ան օրկազմ (տռփանք) պէտք չէ ունենայ, քանի որ այդ պահուն կ՚արտադրուին հիմնային նիւթեր, որոնք կը փոխեն իգափողի միջավայրը, նպաստելով արական xy քրոմոսոմներ պարունակող սերմնաբջիջներու շարժունակութեան բարելաւման:
– Չինական հին աղիւսակէն, (բնօրինակը կը պահպանուի Փեքինի գիտութիւններու հա-մալսարանին մէջ), օգտուողները կը նշեն անոր 95% ճշգրտութիւնը: Այս աղիւսակի օգնութեամբ երեխայի սեռը որոշելու համար կարեւոր է գիտնալ կնոջ տարիքը եւ բեղմնաւորման ամիսը:
– Ժամանակակից բժշկութիւնը գերձայնային քննութեան միջոցով (ultra sound), հնարաւորութիւն ունի դեռ երեխան չծնած, արդէն 15-16 շաբթական յղութեան շրջանին բացայայտելու ապագայ երեխային սեռը։