ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ամուսնութիւնը որքան պարտադրող եւ հաճելի է այր մարդու եւ կնոջ կեանքի ընթացքին, նոյնքան պատասխանատու եւ անհաճոյ է ամուսնալուծումը: Ամուսնալուծման պատճառները բազմաթիւ են. ամլութիւնը, ամուսնական պարտականութիւններէ հրաժարիլը, անհաւատարմութիւնը, զոյգերէն մէկուն հիւանդութիւնը եւ վերջապէս ընտանիք կազմելու եւ պատասխանատուութիւններ կրելու զոյգերու անպատրաստ ըլլալը:
Ժամանակակից երիտասարդները աւելի թեթեւամտութեամբ կը մօտենան ամուսնալուծման հարցին եւ ցաւօք միշտ չէ որ կարողութիւնը կ’ունենան յաղթահարելու ընտանեկան դժուարութիւնները:
Գաղտնիք չէ, որ շատերը ընտանիքի մէջ երջանիկ չեն, բայց քիչերն են որ կը դիմեն ամուսնալուծման: Շատերը՝ երեխաներու սիրոյն, զոհողութեամբ կը պահպանեն ընտանիքը, կ’ապրին միասին, սակայն օտարացած իրարմէ (separate):
Նիւթական ապահովութեան գործունը, կենցաղային դժուարութիւնները, սովորաբար կ’արագացնեն ամուսնալուծման գործընթացը, մանաւանդ ամուսնութեան առաջին տարիներուն:
Սակայն նիւթական գործունը յաճախ չէ որ կը հանդիսանայ բաժանումի գլխաւոր պատճառը, այլ դրդապատճառները աւելի խոր կրնան ըլլալ…։
Յղութեան, ծննդաբերութեան, ապա երեխայի ծնունդի եւ անոր խնամքի հետ կապուած բարդութիւնները յաճախ երիտասարդ ամուսիններու իրարու հանդէպ ուշադրութեան պակասի պատճառ կը դառնան: Շատ մը պարագաներու, առաջին երեխայի ծնունդէն ետք, յարաբերութիւնները կը սրին եւ եթէ ամուսնական կապերը ամուր հիմերու վրայ չեն կառուցուած, զոյգը դիւրութեամբ կը դիմէ բաժանումի: Հոս է, որ կարեւոր եւ պատասխանատու դեր կը ստանձնեն անոնց ծնողքը, որոնք իրենց հոգատար եւ սրտացաւ վերաբերմունքով նեցուկ կը կանգնին եւ կը պահպանեն նորաստեղծ ու «փխրուն» ընտանիքը քայքայումէ:
Ամուսնալուծումի կը դիմեն նաեւ այն զոյգերը, որոնք գտնուելով ամուսնալուծումի եզրին, յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները յանուն երեխաներուն երկար տարիներ կ’ապրին միասին սակայն անջատ (separate) եւ կը բաժնուին, երբ զաւակները կը դառնան ինքնաբաւ եւ անկախ:
Անժխտելի է համացանցի դերը անհատի կենցաղին եւ աշխատանքին մէջ: Սակայն շատ ընտանիքներ կը կանգնին քայքայումի եզրին, երբ ամուսիններէն մէկը կախուածութիւն կ’ունենայ համացանցէն եւ համացանցը կ’օգտագործէ սեռային ցանկութիւններուն յագուրդ տալու համար: Սկզբնական շրջանին դէպի համացանցը զինք կը մղէ հետաքրքրութիւնը, ապա համացանցէն կախուածութիւնը լուրջ խնդիրներ կը յառաջացնէ ընտանիքին մէջ, հասցնելով մինչեւ բաժանումի:
Ըստ սեռաբաններու, նախքան ամուսնալուծումի դիմելը զոյգերը կ’անցնին երեք շրջաններէ, երբ դեռ կարելի է «փրկել ընտանիքը».
ա- Յարաբերութիւններու սրացում առաջին վեց ամիսներու ընթացքին. ամուսինին եւ կնոջ միջեւ կը տիրէ որոշակի մրցակցութեան շրջան, որ կը զուգակցուի յաճախակի վէճերով եւ յոգնեցուցիչ բացատրութիւններով:
բ- Զոյգերու միջեւ կը տիրէ կեղծ համագործակցութեան շրջան, որ արտաքին երեւոյթ է միայն: Զոյգերը կը ցուցաբերեն չափազանցուած հոգատարութիւն իրարու հանդէպ, որ յաճախ երկար չի տեւեր եւ կը խախտի զոյգերէն մէկուն պոռթկումով:
գ- Կը յառաջանայ մեկուսացման շրջան, որ կը բնորոշուի երկկողմանի համաձայնութեամբ: Զոյգերը կ’ապրին, անտեղեակ ըլլալով միմիանց ներքին կեանքին, կ’անտեսեն սեռային յարաբերութիւնները, ստեղծուած վիճակը ընդունելով որպէս սկսած անհամաձայնութիւններու հետեւանք:
Ընտանեկան անախորժութիւններու եւ բաժանումի պատճառ կրնայ դառնալ ամուսիններու կեանքին մէջ ծայր առած միօրինակութիւնը, որ կը վերածուի անձնական «ողբերգութեան»:
Ան յաճախ տեղի կ’ունենայ, երբ ամուսինը տարուած ըլլայ աշխատանքով, բաւարար ուշադրութիւն չի դարձներ կինը յուզող խնդիրներուն: Կինը ինքզինք լիարժէք դրսեւորելու հնարաւորութիւն չունենալով, ձեռք կը բերէ ստորակայութեան բարդոյթ եւ ժամանակի ընթացքին իր կարգին կը սկսի անտարբերութիւն ցուցաբերել: Որպէս հետեւանք կը յառաջանայ ընտանեկան յարաբերութիւններու մէջ ճեղքուածք, որ աստիճանաբար կը մեծնայ: Յառաջացած ճեղքուածքը չի լրացներ ո՛չ երեխաներու ներկայութիւնը, ո՛չ ալ ամուսիններու բազմազբաղ ըլլալը:
Կանխելու համար այսպիսի պարագաները, ամուսինները ժամանակին պէտք է անդրադառնան ստեղծուած կացութեան, սթափին՝ նկատի առնելով թէ որքան մեծնայ անոնց միջեւ ճեղքը, այդքան դժուար կ’ըլլայ վերականգնել բնականոն յարաբերութիւնները: Ընտանեկան միօրինակ կեանքը նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ կողակիցներէն իւրաքանչիւրին համար կողմնակի կապեր ունենալու, ընկերութեան համար անընդունելի ըլլալով հանդերձ։
Ընտանիքը «փրկելու» համար, կարեւոր է, որ ամուսիններէն երկուքն ալ ցանկութիւն ունենան փոխելու իրավիճակը: Օգտակար կ’ըլլայ, եթէ անոնք ճամբորդեն, առանձնանան եւ վերյիշելով երջանիկ անցեալը, ջանան սկսիլ ամէն ինչ սկիզբէն:
Հարցը աւելի կը դժուարանայ այն զոյգերուն մօտ, որոնք զաւակ չունին եւ ընտանիքը փրկելու համար պէտք է աւելի համբերատար եւ զիջող ըլլան իրարու հանդէպ:
Ընտանքի վերականգնումի գործին մէջ մեծ է կնոջ դերը: Կարեւոր է խրախուսել ամուսինը, խթանել անոր ինքնավստահութիւնը: Ամուսինը իր կարգին պէտք է աշխատի «տուն չբերել» գործի հետ կապուած վատ տրամադրութիւնը: Պէտք է միշտ յիշել, որ ընտանեկան երջանկութիւնը հիմնուած է սիրոյ, վստահութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան վրայ:
Սովորաբար ամուսնալուծումը ողբերգութիւն է ոչ միայն զոյգերու, այլեւ մեծ հոգեկան հարուած երեխաներուն համար: Հոգեբանները պարզած են, որ ծնողքի ամուսնալուծումը աւելի ծանր կ’ազդէ երեխաներուն վրայ, քան անոնցմէ մէկուն մահը:
Երեխաները ըստ տարիքի, տարբեր ձեւով կ’արձագանգեն ծնողներու բաժանումին: 3,5 – 6 տարեկանին, երեխաներու մօտ կը յառաջանայ մեղքի, իսկ 7 – 8 տարեկանին՝ վիրաւորանքի ու չարութեան զգացում: 10 – 11 տարեկանին, երեխաները կը զգան լքուածութիւն ծնողներու կողմէ:
13 – 15 տարեկան երեխաները աւելի հասկացողութեամբ կը մօտենան ծնողներու անհամաձայնութեան եւ բաժանումին:
Երբ տարբեր պատճառներով ընտանիքէն կը բացակայի ծնողներէն մէկը, դաստիարակութեան հնարաւորութիւնները սահմանափակ կ’ըլլան: Առանց հօր կամ մօր մեծցած երեխային մօտ կը խանգարուի սեռին իւրայատուկ բնաւորութեան հաստատումը:
Մայրական դաստիարակութիւն ստացած տղան յաճախ զրկուած կ’ըլլայ առնական գիծերէն, ինքնուրոյնութենէ, վճռականութենէ: Եթէ ընտանիքի հայրը չկայ, աղջկայ մօտ այր մարդու կերպարը կամ կը դառնայ իտէալ կամ կ’աղաւաղուի:
Երբ տղայ երեխան կը մեծնայ մօր հետ, արբունքի շրջանին կը դժուարանայ սեռային կողմնորոշումը, իսկ առանց հօր մեծցած աղջիկը ներքին ատելութիւն կ’ունենայ արական սեռին նկատմամբ:
Ամուսնալուծուած ընտանիքի մէջ մեծցած երեխաները հետագային իրենք ալ դիւրութեամբ կը քայքայեն սեփական ընտանիքները եւ յաճախ անոնք են, որոնք կը տառապին հոգեկան հիւանդութիւններէ: