ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ազգութեան եւ ընկերութեան հիմքը ընտանիքն է, որ կը կազմուի այր եւ կնոջ կամաւոր ամուսնութեամբ: 21-րդ դարու ազատութիւն-ներն եւ ըմբռնումները փոխած են արդի ընտանիքի պատկերը: Այր եւ կնոջ միջեւ եղած յարաբերութիւններուն, երբեմն մարդիկ կը մօտենան չափազանցուած ազատամտութեամբ: Անոնք միասին կ’ապրին, նոյնիսկ զաւակ կ’ունենան, սակայն Սուրբ Խորանին առջեւ կանգնիլ կամ ամուսնութիւնը արձանագրելը եւ ընտանիք կազմելը պարտադիր չեն նկատեր:
Բարեբախտաբար ընտանեկան “սրբութիւնները” դեռ կը պահպանուին արեւելքի մէջ: Ներկայիս, ընտանիքը համեմատաբար ձերբազատած է նախորդ սերունդներու ազդեցութենէն եւ աւելի յարմարած ժամանակակից կեանքին:
Ամուսնութիւնը ցարդ կը մնայ մարդու կեան-քին ամէնէն պատասխանատու քայլը եւ զայն պէտք է կատարել ամենայն զգուշութեամբ: Ամուսնութեան որոշում առած երիտասարդները պէտք է գիտակցին, որ ամուսնութենէն վերջ պարտաւոր են կրելու որոշակի բարոյական պարտաւորութիւններ, ինչպէս՝ պատասխանատուութիւն, նուիրուածութիւն, ազնուութիւն, համբերութիւն, զիջողութիւն եւ փոխադարձ հասկացողութիւն:
Անցեալին՝ կ’ամուսնանային կեանքի ընկեր եւ զաւակներ ունենալու կամ ինչպէս ընդունուած էր ըսելու՝ այր մարդուն կերակուր եփող, իսկ կնոջ ապրուստի աղբիւր ապահովելու համար: Բնութիւնը, ընդհակառակն, այր եւ կինը ստեղծած է համատեղ գոյակցելու համար, որովհետեւ անոնք իրարու կարիքը ունին եւ իրարու կ’ամբողջացնեն:
Ամուսնութիւնը անձնական հարց է: Երիտասարդը կամ երիտասարդուհին իր ապագայ կողակիցը ընտրելու իրաւունքն ունի: Ծնողքը պարտաւոր է հաշտուիլ յաճախ իրենց կամքին հակառակ կնքուող ամուսնութեան եւ միայն խորհրդատուի դիրքի մէջ մնալով, զգուշացնել երիտասարդները՝ անհեռատես կամ թեթեւամտութեամբ առաջնորդուող քայլերէ:
Շատեր կը հարցնեն, թէ ո՞ր տարիքը յարմար է ամուսնութեան: Անցեալին, սովորութիւնները կը մղէին, որ տղան կամ աղջիկը արբունքը թեւակոխելէ ետք ամուսնանայ: Այժմ ժամանակները փոխուած են, մշակութային յառաջդիմութեան, համաշխարհայնացման պատճառով, սեռային հարցերու մասին երիտասարդներու հետաքրքրութիւնները աւելի կանուխ կ’արթըննան, իսկ ամուսնութիւնները կը կայանան աւելի ուշ:
10-15 տարի կ’անցնի սեռային հասունութենէն ետք, մինչեւ աղջիկը կամ տղան ձեռք կը բերեն մասնագիտութիւն եւ նիւթական անկախութիւն: Տնտեսական եւ ընկերային պայմանները երիտասարդներուն հնարաւորութիւն չեն տար ամուսնանալու 25-30 տարեկանէն առաջ:
Ամուսնութիւն կնքելու ճիշդ ժամանակը այն է, երբ անհատը հոգեպէս հասունցած է եւ պատրաստ է ընտանիքի պատասխանատուութիւն-ներ ստանձնելու, իսկ ամուսնական տարիքը, ամէն անձի համար խիստ անհատական է: Ամուսնութեան սեմին անգամ, զոյգերը կրնան տատամսիլ՝ յետաձգելով ամուսնութիւնը:
Սիրահարութիւնը յաճախ կը «բթացնէ» ենթակային մտային կարողութիւնները. ան կ’ապրի երազներու աշխարհի մէջ, ուրկէ կարելի չէ տեսնել իրականութիւնը, ի՞նչու չէ նաեւ նախընտրած անձին իրական դէմքը: Սիրահարած զոյգին արագ, չմտածուած ամուսնութիւնն է, որ յաճախ կ՚աւարտի ամուսնալուծութեամբ: Երբ սիրահարութեան կը միանայ տրամաբանութիւնը, ապա ընտանիքը կը կազմուի աւելի ամուր հիմքերու վրայ: Ժամանակակից ամուսնացող զոյգերը յաճախ կը պնդեն, թէ կարեւոր չէ ծնողներու, շրջապատի կարծիքը եւ փոխյարաբերութիւնները, անոնք կը սխալին: Ընտանեկան կեանքը երկար ճանապարհ է, լեցուն բազմաթիւ փորձութիւններով, որոնք յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է ծնողքի եւ բարեկամներու օգնութիւնը եւ բարի խորհուրդները: Երջանիկ ընտանիք կազմելու համար կարեւոր է նաեւ զոյգերու ծնողներուն յարգալից յարաբերութիւնները թէ՛ նորապսակ զոյգին եւ թէ իրարու հանդէպ:
Ամուսնութիւնը երբեմն կը կայանայ միայն փոխադարձ համակրանքի վրայ եւ ամուսնութենէն ետք, համատեղ կեանքի ընթացքին, սէրը աստիճանաբար ի յայտ կու գայ: Յաճախ երիտասարդ աղջիկները կը փափաքին ամուսնանալ տարիքով մեծ այր մարդոց հետ՝ փնտռելով այն հոգատարութիւնը եւ ապահով զգալու ցանկութիւնը, որմէ զրկուած եղած են մանկութեան տարիներուն իրենց ծնողներու կողմէ:
Նիւթական պայմանները երջանկութիւն չեն պարգեւեր, սակայն կը դիւրացնեն ամուսնական կեանքը, կ’օգնեն խուսափելու շարք մը անախորժութիւններէ, որոնք կը յառաջանան համատեղ կեանքի ընթացքին: Յաջող ամուսնութեան համար կարեւոր է զոյգերու փոխադարձ սէրը, կապուածութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ բնաւորութիւններով իրարու յարմարելու ընդունակութիւնը: Կամք, պարկեշտութիւն, հակառակ սեռի հանդէպ յարգանք, ասոնք են այն բարոյական արժէքները, որոնք անհրաժեշտ են երջանիկ ընտանիք կազմելու համար:
Երջանիկ է այն ընտանիքը, ուր ամուսինները կը գնահատեն, կը խրախուսեն իրարու դրական գիծերը, չեն քննադատեր եւ չեն փորձեր զիրար փոխել: Անոնք ուշադիր են իրարու հանդէպ, կ’ընդունին մատնանշուած սխալները, կը ներեն զիրար: Երջանիկ ընտանիքի մէջ կը տիրէ փոխադարձ վստահութեան եւ ապահովութեան մթնոլորտ: Ընտանիքը եւ ամուսնութիւնը ամուր է, երբ կառուցուած կ’ըլլայ ֆիզիքական, զգացական եւ տրամաբանական գետնի վրայ։
Հոգեկան եւ բարոյական անկում կը տիրէ այն ընտանիքներուն մէջ, երբ կինը կը դադրի յարգելէ իր ամուսինը եւ ամուսինը կը կորսնցնէ իր արժանապատուութիւնը:
Զոյգերու իրարու հանդէպ հոգածութիւնը եւ յարգալից վերաբերումը, զաւակներուն համար լաւ օրինակ կը ծառայէ: Գիտակից ամուսինները զիրար պէտք է սիրեն եւ յարգեն որպէս կողակից, ընկեր եւ անհատ: Անոնք երբեք պէտք չէ ցուցադրեն իրենց սեռային զգացումները զաւակներու եւ կողմնակի անձերու ներկայութեան:
Այր եւ կնոջ համատեղ կեանքին ընթացքին երջանկութիւնը խանգարող տարբեր պատճառներ կրնան ըլլալ: Ժամանակին չլուծուած հարցերը եւ սեռային խնդիրները ընտանիքի մէջ պարբերաբար կը յառաջացնեն անհամաձայնութիւն, յարձակողական վերաբերմունք, որ յետագային կը թունաւորէ յարաբերութիւնները՝ անոնց միջեւ յառաջացնելով չարութիւն եւ յուսահատութիւն:
Դժուարութիւնները եւ վէճերը ընդամէնը շրջան մըն է, ուրկ է կ’անցնին բազմաթիւ զոյգեր: Կարեւորը հարցերուն գիտակցօրէն մօտենալն է եւ ընտանիքը չքայքայելու համար, պէտք է ժամանակին քննարկել եւ լուծում տալ յառաջացած հարցերուն:
Ընտանեկան երջանկութեան նախապայ-մանն է ամուսիններու սեռային ներդաշնակութիւնը: Ըստ վիճակագրութեան, ամուսնութիւններու 30%-ը, որոնք 25 տարիէ ամուսնացած են, հաւատարիմ եղած են իրարու, ունեցած են ներդաշնակ սեռային կեանք:
Զոյգերու ներդաշնակ սեռային կեանքը բարոյական արժէքներու հետ միասին, կը “քողարկէ” անոնց միջեւ առկայ որոշ անհաւասարութիւններ, ինչպէս՝ տարիքային, ուսման եւ նիւթական տարբերութիւնները: Ընտանիքին մէջ, երբ սեռային յարաբերութիւնը այր մարդու կողմէ կը դիտուի որպէս բնազդական արարք, պատճառ կը դառնայ շարք մը բարդութիւններու: Իսկ երբ այր եւ կին ծանօթ ըլլան սեռային գիտելիքներու, տարիներու ընթացքին յառաջացած միօրինակութիւնը կը վերանայ եւ ամուսինները աւելի իրարու կը կապուին:
Ընտանիքի ամրութեան եւ երջանկութեան համար կարեւոր է ամուսիններու հաւատարմու-թիւնը: Աւանդական հայ ընտանիքին մօտ անհաւատարիմ կինը անմիջապէս կ’ամուսնալուծուի, իսկ այր մարդու նկատմամբ ժողովուրդը աւելի ներողամիտ է: Հասուն տարիքին անհաւատարմութեան պատճառները տարբեր կ’ըլլան, կախուած անձի գիտակցութեան եւ դաստիարակութեան աստիճանէն:
Այր մարդոց դաւաճանութեան պատճառները բազմազան են: Անոնք երբեմն կրնան հասնիլ այնպիսի բարոյական անկումի, որ փաստելու համար իրենց սեռային զօրութիւնը, յարաբերութիւն կը փնտռեն տարիքով փոքր աղջիկներու հետ:
Կանայք դաւաճանութեան կը դիմեն ամուսինին անհաւատարմութենէն եւ անուշադրութենէն դրդուած՝ ի պատասխան անոր անարդար վարուելակերպին:
Դաւաճանութիւնը կը պատահի ինչպէս սի-րող, բարեկեցիկ, այնպէս ալ խնդիրներով լեցուն ընտանիքներու մէջ, իսկ դաւաճանութիւնը ներելը միայն ամուսիններու անձնական որոշումն է: Դաւաճանութիւնը յաճախ կը պատահի երիտասարդ զոյգերու մօտ, որպէս արդիւնք անոնց կողմէ բարոյական չափանիշներու անտեսումին եւ թեթեւաբարոյ ապրելակերպին:
Դաւաճանութեան հետեւանքները կ’ազդեն երեխաներուն վրայ, որոնք կը կորսնցնեն յարգանքը եւ վստահութիւնը ծնողքին հանդէպ եւ չեն ներեր անոնց անհաւատարմութիւնը: Խնայելով երեխաները, յաճախ ամուսինները կը շարունակեն միասին ապրիլ, յաճախ ազատութիւն տալով արտաամուսնական յարաբերութիւններուն:
Ընտանեկան երջանկութեան համար, մեծ դեր ունի կինը: Սիրող կինը կը դառնայ իմաս-տուն եւ ամենակարեւորը՝ զոհուող: Եւ պատահական չէ, որ ժողովրդական առածը կ’ըսէ՝ «Իւրաքանչիւր յաջողած այր մարդու ետին, սիրող եւ գիտակից կին մը կայ»:
Անցեալին աւանդական ընտանիքին մէջ, կինը ընդհանրապէս նիւթական պարտաւորութիւններ չունէր։ Ան նուիրուած էր ընտանիքին եւ երեխաներու դաստիարակութեան։ Արդի ընտանիքին մէջ, կինը ունի կրկնակի դեր։ Տունէն դուրս աշխատանքը եւ միաժամանակ տան հոգերը, ժամանակակից կինը աւելի ինքնավստահ դարձուցած է մինչեւ իսկ տան ղեկավարութիւնը ստանձնելու աստիճան…
Ըստ հոգեբաններու, երիտասարդ աղջիկներ կը յաջողին հրապուրել ամուսնացած այր մարդիկը միայն այն պատճառով, որ անոնք մշտապէս ուրախ եւ ծիծաղկոտ են: Այր մարդիկ ընդհանրապէս կը նախընտրեն քաղաքավար, բարեկիրթ, բարի, ընկերային, գործունեայ եւ ուրախ կիները:
Հօր դերը պէտք չէ սահմանափակուի միայն ընտանիքին նիւթականը ապահովելով: Ան մօր նման, պէտք է պատասխանատուութիւն զգայ երեխաներու անձի ձեւաւորման, բարոյական եւ մտաւոր դաստիարակութեան համար: Այս բոլորին կողքին, կարեւոր է ընտանիքին մէջ այր մարդու հեղինակութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Անթոյլատրելի է, որ կինը իր ամուսինը քննադատէ երեխաներու կամ կողմնակի անձերու ներկայութեան:
Ընտանիքի երջանկութիւնը զաւակներն են, որոնց ծնունդով կ’աւելնան ծնողքի հոգերը եւ պատասխանատուութիւնը, սակայն կը մեծնայ յարգանքը իրարու հանդէպ:
Ամուսինները կը դառնան աւելի զիջող եւ հարցերուն կը նային աւելի ներողամտօրէն: Յաճախ ամուսինները կը վիճին զաւակներու պատճառով, սակայն շատ անգամներ ալ կը համոզուին, որ զաւակները ծնողքին միջեւ զօրաւոր կապ են եւ միասին պէտք է ապրին՝ զաւակներուն համար:
Ծնողները հաւասարապէս կը սիրեն իրենց զաւակները եւ պատրաստ են ամէն տեսակի զոհողութեան: Զաւակներու բնաւորութիւնները իրարմէ տարբեր ըլլալով, ծնողքին կողմէ կ’արժանանան տարբեր վերաբերումի եւ տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ վերջինները տարբերութիւն կը դնեն զաւակներուն միջեւ: Դժբախտաբար, կը հանդիպինք պարագաներու, երբ իսկապէս ծնողքը նախապատուութիւն տալով զաւակներէն մէկուն, կ’ընկճէ միւսը: Երբեմն անգիտակցաբար, յաւելեալ ուշադրութեամբ եւ սիրով կը շրջապատեն իրենց յաջողակ զաւակը, ձեւով մը շեշտելով միւսներուն տկարութիւնները։ Ծնողքին նման մօտեցումը զաւակներու հանդէպ, կրնայ երեխաներու մօտ հոգեկան ներդաշնակութեան խանգարման յանգիլ:
Երեխաները պէտք է դաստիարակուին իրենց ծնողքին կենդանի օրինակով, «Մէկ անգամ տեսածը աւելի ուսուցանող է, քան տասը անգամ լսածը», կ’ըսէ ժողովրդական առածը: Երջանիկ ընտանիքներու մէջ կը մեծնան կիրթ, առաքինի զաւակներ, որոնք կ’ունենան առողջ հոգեկան դաստիարակութիւն: Կեանքի մէջ յաջողած անձերը իրենց յաջողութեան գաղտնիքը կը կապեն իրենց ընտանիքին, անոր բարոյական մթնոլորտին, ծնողքին՝ իրարու եւ զաւակներու միջեւ եղած անքակտելի սիրոյն եւ նուիրումին հետ:
Ժամանակակից կանանց ամուսնական տա-րիքը բաղդատած իրենց ծնողներու տարիքին հետ, մօտաւորապէս 10 տարիով աւելցած է (եթէ ժամանակին մայրերը կ’ամուսնանային 18-20 տարեկանին, այժմ աղջիկները կ’ամուսնանան 28-30 տարեկանին): Ներկայիս, աղջիկները չեն ամուսնանար պարզապէս ամուսնացած ըլլալու համար: Անոնց մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ ուսանիլ եւ հասնիլ ինքնահաստատումի եւ ապա կը սկսի փնտռել կեանքի հաստատուն յենարան: Աղջիկները յաճախ կը խուսափին ամուսնութենէ: Պատճառը միայն արժանի տղամարդ գտնելը չէ, այլ անոնք կը վարանին ամուսնացած ըլլալու եւ ազատ ապրելու հակասութիւններուն միջեւ: Մէկ կողմէ կայ փափաքը ազատելու առանձին մնալէ, միւս կողմէ չեն ուզեր զրկուիլ կարծեցեալ «ազատութենէն»: Բնական է, բնաւորութեամբ «ուժեղ» կինը աւելի դժուարութեամբ զուգընկեր կը գտնէ կամ կ’ամուսնանայ:
Երբ ընտանիքի մէջ առկայ է մշտական վիճաբանութիւն, ուր մայրը միշտ եղած է ամուսինին կողմէ ճնշուած, աղջիկներու ամուսնութիւնը կ’ուշանայ եւ կը դժուարանայ: Սակայն կը պատահի նաեւ հակառակը, երբ աղջիկը իր ընտանիքին մէջ յոգնած ըլլալով ծնողներու մշտական վէճերէն, կ’աճապարէ ամուսնանալ եւ յաճախ սխալ ընտրութիւն կը կատարէ:
Ամուրի այրը աւելի կը խուսափի ամուսնութենէն քան կինը: Անոնք կը մտածեն, որ ամուսնանալով մեծ պատասխանատուութիւններու տակ կը մտնեն, ընտանիք չեն կրնար պահել եւ գլխաւորը՝ կը զրկուին կեանքի շնորհած բարիքներէն եւ ազատութենէն: Շատերը երկար ժամանակ հանդիպելով ընտրեալին հետ, ամուսնութեան առաջարկ չեն ըներ՝ գերադասելով ազատութիւնը ամէն ինչէ վեր եւ կը խուսափին կրելէ մշտական պարտականութիւններու բեռը: Սեռային մարզին մէջ այր մարդոց ունեցած ազատութիւնը եւս պատճառ կ’ըլլայ անոնց ամուսնանութեան ուշացումին:
Նախաամուսնական բժշկական քննութինները սխալ է նկատել որպէս պարզ ձեւակերպութիւն. անոնք կարեւոր եւ անհրաժեշտ են նորապսակներու համար: Նոր սերունդը աւելի գիտակից մօտեցում պէտք է ցուցաբերէ նախաամուսնական այս քննութեան, ապահովելու համար առողջ եւ երջանիկ ընտանիքի կազմութիւնը:
Նախընտրելի է խուսափիլ մօտիկ ազգականներու միջեւ կնքուող ամուսնութենէն, քանի որ այդ պարագային ժառանգական թերութիւնները կը բազմապատկուին եւ կը ծնին տարբեր արատներով եւ անբուժելի հիւանդութիւններով տառապող երեխաներ: