ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ
Առողջութիւնը մեծապէս կախեալ է մեր ապրելակերպէն եւ մեր սպառած ուտելիքներէն ու խմելիքներէն: Ծիները շատ քիչ դեր կը խաղան, երբ ժառանգական լուրջ հիւանդութիւն մը չկայ ընտանեկան պատմութեան մէջ: Ուստի, մենք պէտք է սնուինք եւ ապրինք առողջ:
Ինչ կը վերաբերի ապրելակերպին, ապա միշտ աւելի լաւ է քալել: Ամրան քրտինքը կրնայ նեղութիւն պատճառել, բայց պէտք է ի մտի ունենալ որ ան կ’օգնէ մեզի ձերբազատելու մեծ քանակութեամբ աղէ` նպաստելով արեան ճնշումի նուազեցման, դիւրացնելով արեան շրջագայութիւնը եւ թեթեւցնելով երիկամներու ճնշումը: Բոլոր պահանջուածը քիչ մը շարժիլ է, կէս ժամ քալել եւ ջուր խմել: Ամրան ջուրը կ’օգնէ նաեւ վերաթարմացնելու մորթը եւ հետեւաբար աւելի երիտասարդ երեւելու: Մարդիկ ահագին դրամ կը ծախսեն «Hyaluronic acid» ներարկելով աւելի երիտասարդ տեսք ունենալու համար, մինչ այս «acid»-ին 99% կը բաղկանայ ջուրէ: Պարզապէս զգոյշ եղէք քրտնած ատեն, ու հեռու մնացէք հովէն, հովահարներէն եւ օդափոխիչներէն:
Ամառնային կրիփէն ձերբազատիլը դիւրին է: Ժահրերը անցքի մը պէտք ունին մեր արեան մէջ մտնելու համար: Թաց մորթը ճամբայ կը բանայ անոնց: Ուստի, երբ քրտնած վիճակով պաղած սենեակ մը կը մտնէք, հովաշարժը կը բարձրացնէ ձեր մարմնին հասնող ժահրերուն թիւը: Սակայն, լաւ լուրը այն է, որ սովորաբար կրիփէն եւ ժահրային վարակէն ձերբազատիլը աւելի դիւրին է ամրան, քան ձմռան: Նախ, պատուհանները ընդհանրապէս բաց կը ձգենք, ինչ որ թոյլ կու տայ մաքուր օդ ներս մտնելու: Երկրորդ` մենք բնականաբար աւելի շատ հեղուկ կը խմենք ամառը եւ, բացի անկէ, աւելի շատ պտուղ կ’ուտենք: Հետեւաբար՝ աւելի ջուր կը ստանանք ու աւելի շատ կը միզենք՝ դուրս վանելով ջուրի մէջ լուծուող ժահրերը:
Ամառ ատեն, այն ուտելիքները, որոնցմէ պէտք է զգուշանալ, միսն ու պաղպաղակն են: Լաւ պահպանելու համար անոնք գրեթէ 24 ժամ սառնարան կը պահանջեն զեռոյէն վար ջերմաստիճանով եւ շատ դիւրին կը փճանան: Կան որոշ պաքթիրիաներ եւ սունկեր, որոնք բազմանալու համար պէտք չունին 37 C, իսկ որոշ պաքթիրիաներ, ինչպէս՝ «Listeria»-ն (կը գտնուի աղտոտած միսի վրայ) կրնան բազմանալ 4 C-ին: Կարելի է առարկել, որ լաւ եփելը կը սպաննէ մանրէները, ուստի մենք ապահով ենք. ցաւօք սրտի, թունաւորումներուն մեծ մասը հետեւանք է մանրէներու թոքսիններուն, որոնք չեն ազդուիր տաքութենէ, տապակելէն կամ խորովելէն: Դուք կը սպաննէք մանրէները, բայց թոյնը կը մնայ: Նման օրինակներ են լերդաբորբ Ա-ը (Hepatitis A), «Staphylococcus» թունաւորումը եւ «Bo-tulism»-ը: Պաղպաղակները եւ կաթնամթերքը, եթէ ճիշդ չպահուին, կրնան խմորիչներ եւ անհարկի պաքթերիաներ կուտակել: Հեղուկ կաթնամթերքը կ’ունենայ համի փոփոխութիւն, եւ նոյնիսկ կաթին մէջ սպիտակուցներու կոյտեր կը նշմարուին: Պաղպաղակը աւելի խաբող է տեսակաւոր համերու եւ շաքարի առկայութեան պատճառով. նորէն սառեցնելը «լաւ եւ ամուր» մնացած ըլլալու տպաւորութիւն կը ստեղծէ, բայց այդպէս չէ:
Պաղպաղակ ու կաթնամթերք գնել միայն այն վայրերէն, որոնք 24 ժամ ելեկտրականութեամբ ապահովուած են:
Վերջապէս, կայ մորթի թխացումը արեւու ազդեցութեամբ (գոյն առնելը). մորթային բժիշկներու համաձայն, արեւուն ուղիղ ճառագայթները կը վնասեն մորթը: Ան կը չորցնէ մորթը` աւելի ծեր տեսք տալով անոր: Կը պարունակէ նաեւ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներ, որոնք մորթի քաղցկեղ կը պատճառեն: Հարցումին, թէ «օրական քանի՞ ժամ արեւու ուղղակի լոյսը անհրաժեշտ է առողջ ապրելակերպի համար», անոնց պատասխանը ԶԷՌՈՅ է:
Ցերեկային ժամերուն մենք արդէն կը ստանանք անհրաժեշտ ամբողջ վիթամին «D»-ն, նոյնիսկ շուքին մէջ: Հետեւաբար, արեւապաշտպան քսուքները պայման են, երբ կը ծրագրէք ծով երթալ: