ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ
2021-ի վերջերուն, երբ COVID-19 սկսած էր անհետանալ մեր տեսադաշտէն, լուրեր սկսան շրջիլ, որ Amazon-ի գործադիր տնօրէն Ճէֆ Պեզոս (ամենահարուստ մարդը այսօր) միլիոններ կը նուիրէ «անմահութեան» հետ կապուած հետազօտութիւններու: Ան առաջին միլիառատէրը չէ, որ կը դիմէ նման քայլի, քանի որ PayPal-ի սեփականատէրերէն՝ Թիելը նոյնպէս միլիոններ կը ծախսէ նոյն նպատակին համար: Իրականութեան մէջ, ծիներու (DNA) յայտնաբերումէն ի վեր, գիտութիւնը իր ուշադրութիւնը դարձուցած է այս հարցին. կա՞ յ արդեօք հիմնական անջատիչ կամ ծին, որ կը խթանէ (ON) ծերացումը: Կրնա՞նք զայն անջատել (OFF)՝ այդպիսով վերջ տալով մահացութեան:
Գիտական երեւակայական գրականութիւնը աւելի իրական սկսաւ դառնալ, երբ 1980-ականներուն յայտնաբերուեցաւ «թելոմեր»ը: Թելոմերները մեր քրոմոսոմներու ծայրերուն գտնուող տարածքներ են եւ կազմուած են DNA-երէ: Ամէն անգամ, երբ բջիջը կը բաժնուի, անիկա կը կորսնցնէ թելոմերային DNA-ի մէկ մասը: Քանի որ երեխայի մը բջիջները շատ աւելի թելոմերներ ունին, քան տարեցներու բջիջները, անոնք կապուած են ծերացման եւ մահուան հետ: Աւելին, հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ «անմահ» բջիջները, որոնք ընդմիշտ կը բաժնուին, օրինակ` քաղցկեղը, ունին վերստին աճող թելոմերներու ամբողջական քանակ մը: Արդ, մենք կ՚իմանանք, որ քաղցկեղի բջիջները, անմահանալու համար, վերստին կ՚աճեցնեն իրենց թելոմերները` օգտագործելով «թելոմերազ» կոչուող էնզիմը: Թելոմերազը կը կոչուի նաեւ «անմահութեան» էնզիմ:
Երկու հարցեր իրենք զիրենք կը պարտադրեն.
1) եթէ աշխուժացնէք այս էնզիմը ձեր նորմալ մարմնի բջիջներուն մէջ, արդեօք անիկա ընդմիշտ կը բաժնուի եւ ձեզի անմահ կը դարձնէ՞:
2) Եթէ դուք դադրեցնէք այս էնզիմը քաղցկեղին մէջ, կրնա՞ք նաեւ դադրեցնել քաղցկեղը:
Առաջին հարցին պատասխանելու համար Հարվըրտ համալսարանի բժշկական կեդրոնի հետազօտութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ թելոմերազի աշխուժացումը ամբողջ մարմնին մէջ զգալիօրէն կը բարձրացնէ քաղցկեղի հաւանականութիւնը: Մարմնի իւրաքանչիւր բջիջ կրնայ անորոշ ժամանակով բաժնուիլ: Այդ սարսափելի է: Այնուամենայնիւ, ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ եթէ դուք աւելցնէք թելոմերազի աշխուժութիւնը միայն ծերացող հիւսկէնի մէջ, ապա «հին» հիւսկէնը կրնայ վերականգնիլ եւ ըլլալ «նոր»: Թէեւ այս փորձերը կատարուած են միայն մուկերու վրայ, տուեալները ցոյց կու տան, որ թելոմերազը իսկապէս մեծ դեր կը խաղայ բջիջները «երիտասարդ» դարձնելու եւ վերստին բաժնուելու ունակութեան մէջ:
Երկրորդ հարցին պատասխանելու համար կատարուած են բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, որոնք կ՚արգելափակեն թելոմերազը` այդպիսով դադրեցնելով բջիջներու բաժանումը եւ բուժման գործընթացին քաղցկեղը դարձնելով «հին» եւ թոյլ: Սկզբնական շրջանին քիմիական նիւթեր կ՚օգտագործուէին որոշակի ազդեցութեան համար, սակայն անցեալ տարի պաքթերիաներու վրայ հիմնուած բնական արտադրանք մը աւելի նպատակային եղած է:
Անմահութեան մէկ այլ մօտեցում կատարուած է սաղմնային ցօղունային բջիջներու ուսումնասիրութեամբ: Այս բջիջները մարմնի ամենաերիտասարդ բաժնուող եւ ամբողջովին դատարկ նորմալ բջիջներն են (անորոշ ապագայ): Ձեւաւորման հինգերորդ օրը, անոնց ներսը գտնուող ծինը կ՚անջատուի (turns OFF)` իւրաքանչիւր բջիջ ուղարկելով իր ապագայ ձեւին: Այս ծինը վերջերս յայտնաբերուեցաւ Ճափոնի մէջ, եւ անիկա վերստին միացնելով, մարդու մորթի հին կնճռոտ բջիջները նորէն երիտասարդացան: Ծինը կը կոչուէր Nanog, նաեւ ծանոթ որպէս «գլխաւոր ծին»: Կը թուի, որ NANOG-ի միացումը՝ որեւէ բջիջի մասնագիտացումը եւ տարիքը կը շրջէ իր սկզբնական վիճակին: Թէեւ այս մօտեցումով մենք չենք կրնար ամբողջութեամբ հակադարձել ծերացումին, սակայն մենք կրնանք հին լեարդի կտոր մը վերադարձնել իր սկզբնական «մանկական տարիքի» վիճակին: Այս մօտեցումը կրնայ նաեւ ձեզի տալ բազմաթիւ ցօղունային բջիջներ` աւելցնելու ձեր պահանջած տարեց հատուածին: Դուք կրնաք ցօղունային բջիջներ ստեղծել ձեր մորթի բջիջներէն եւ զանոնք աւելցնել ձեր վնասուած սիրտին՝ զայն վերստին դարձնելով նոր:
Մէկ այլ խոնարհ մօտեցում կը նկատուի արեան փոխներարկում աւելի երիտասարդ մարդէ տարեց մարդու: Թէեւ տարեցը ինքզինք աւելի երիտասարդ կը զգայ, այն երիտասարդը, որ կը ստանայ ծեր արիւնը, իր կարգին աւելի մեծ կը զգայ: Ամերիկեան որոշ հաստատութիւններ իբրեւ «թերաբի» նոյնիսկ կ՚առաջարկեն այս «տարիքային հակադարձութեան» ձեւը` առանց գիտնալու, թէ ի՞նչ է այս տարիքային ազդեցութեան պատճառը: Այս ստիպեց FDA-ը յայտարարելու, որ նման «թերաբիներ» օգտաւէտ չեն: Մարդոց անմահութեան որոնումը աւելի խելայեղ դարձնելու համար որոշ ընկերութիւններ կ՚առաջարկեն անմահութիւն սառեցման միջոցով: Կան այնպիսի ընկերութիւններ, որոնք պայմանագրով կը սառեցնեն մարդը, մինչեւ որոշ տարի զայն նորէն «արթնացնելու» համաձայնութեամբ: Կ՚ըսուի, որ Մ. Նահանգներու Արիզոնա նահանգին մէջ գտնուող ընկերութիւն մը այդ մէկը կը կատարէ տարեկան 200,000 տոլար վարձքով ամբողջ մարմնին համար եւ 80,000 տոլար միայն գլուխին համար:
Աւելի իրատեսօրէն խօսելով, վերջնական մօտեցումը կը նկատուի շրջումը բջիջներու տարիքային վնասուածքներուն բնական հակաօքսիտընդներով: Ծանօթ ձեւերէն մէկը կը նկատուի Quercetin-ի օգտագործումը: Սա բնական բուսական ներկանիւթ մըն է, որ կը գտնուի կարմիր սոխի, կարմիր պղպեղի, կարմիր տերեւաւոր հազարի, խնձորի եւ հատապտուղներու մէջ: Ծանօթ է, որ անիկա կը նուազեցնէ բջիջներու տարիքային օքսիտացման վնասը եւ կը զօրացնէ ախտամերժ համակարգը, այնպէս որ անիկա կը հեռացնէ շատ հին, ծերացող բջիջները, օրկանիզմին մէջ կը պահպանէ երիտասարդ բջիջները, իսկ աւելի հիները կը հեռացնէ: Անիկա նոյնիսկ կը վաճառուի իբրեւ յաւելում որպէս 500 մկ դեղահատեր:
Ուստի, ի՞նչ կը մտածեն միլիառատէրերը: Այսօրուան բոլոր հետազօտութիւնները ցոյց կու տան մէկ բան` անմահութիւնը հասանելի չէ: Դուք չէք կրնար յաւերժ ապրիլ, վերջ: Բոլոր հիմնական հետազօտութիւնները այժմ ուղղուած են կեանքը աւելի որակեալ դարձնելու. բարձրացնել առողջութեան տեւողութիւնը ՈՉ կեանքի տեւողութիւնը:
Հետազօտական նոր ընկերութիւնները, ինչպիսին է Alto-ն (ԱՄՆ, Մեծ Բրիտանիա), մասամբ ֆինանսաւորուող պարոն Պեզոսի կողմէ, կեդրոնացած են ծերութիւնը վայելքի վերածելու կարելիութեան վրայ: Անոնց ուսումնասիրութիւնները կ՚օգտագործեն վերը նշուած որոշ մեթոտները` նուազեցնելու կամ նոյնիսկ հեռացնելու ծերութեան հիւանդութիւնները, ինչպէս՝ մոռացութիւնը, քաղցկեղը, ոսկրափտածութիւնը եւ այլն: Անոնք կ՚ակնկալեն, որ մինչեւ 2030 թուականը կ՚ունենան յուսալի պատասխաններ եւ բուժում:
Ուստի, թէեւ Աստուած մեզ մահկանացու դարձուց գիտելիքի փնտռտուքով, ան վստահ էր, որ մեր գիտելիքը մեզ երբեք անմահ պիտի չդարձնէ: Կը մնայ տեսնել, թէ արդեօք այդ տրուած գիտելիքը եւ աւելի նոր իմաստութիւնը լաւ ազդեցութիւն կ՚ունենա՞ն մեր սահմանափակ կեանքի որակին վրայ: