Զարմանալի բացայայտումով մը՝ Գերմանիոյ Վըրցպուրկ (Wrzburg) համալսարանի վարքագծային կենսոլորտագէտեր յայտնաբերած են, որ մրջիւնները վիրաբուժական միջամտութիւններ կը կատարեն իրենց բունակից վիրաւոր ընկերներուն վրայ` ցոյց տալով խնամքի մակարդակ մը, որ նախապէս կը նկատուէր բացառապէս մարդ արարածի մենաշնորհը:
Թէեւ ծանօթ է, որ կենդանիները յաճախ կը խնամեն միմեանց վէրքերը, սիսթեմաթիք վիրահատութեան գաղափարը աննախընթաց է: Այս յայտնագործութիւնը կը կեդրոնանայ Ֆլորիտայի ատաղձագործ մրջիւններու վրայ, որոնք, հակամանրէային գեղձերէ զուրկ, կը դիմեն մեքենագիտական գործողութիւններու՝ խնամելու իրենց վիրաւոր ընկերները: Այս մրջիւնները կա՛մ կը մաքրեն վէրքերը, կա՛մ կ’անդամահատեն անդամները` ցուցադրելով վնասուածքները գնահատելու եւ գործողութեան լաւագոյն ընթացքը որոշելու իրենց կարողութիւնը:
«Այս մէկը բառացիօրէն միակ դէպքն է, ուր կենդանական աշխարհին մէջ տեղի կ’ունենայ անհատի մը բարդ եւ համակարգուած անդամահատումը իր տեսակի այլ անդամին կողմէ»,- կը յայտնէ վարքագծային փորձառու կենսոլորտագէտ Էրիք Ֆրանք:
Վիրահատութեան արուեստը
Հետազօտութիւնը ուսումնասիրած է մրջիւններու ոտքի վնասուածքներու երկու տեսակ` ազդրի եւ ստորին ոտքի կտրուածքներ: Ազդրի կտրուածքները կարելի եղած է մաքրել, ապա անդամահատել, իսկ ստորին ոտքի կտրուածքները` միայն մաքրել:
«Scan»-ները ցոյց տուած են, որ ազդրը բազմաթիւ մկաններ ունի արիւն մղելու համար, հետեւաբար ազդրի վնասուածքները կրնան խանգարել շրջանառութիւնը եւ վարակում պատճառել: Ստորին ոտքը ունի նուազ մկաններ եւ աւելի քիչ ազդեցութիւն արեան հոսքին վրայ: «Ստորին ոտքի վնասուածքներու պարագային, արեան հոսքը աւելի քիչ կ’արգելափակուի, ուստի պաքթիրիաները կրնան աւելի արագ ներթափանցել մարմին: Բայց ազդրի վնասուածքներու պարագային արեան հոսքը կը դանդաղի»,- կը բացատրէ Ֆրենք:
Թէեւ ստորին ոտքի վնասուածքները ենթակայ են վարակուելու վտանգին, մրջիւնները չեն կրնար բաւական արագ անդամահատել զայն այդ մէկը կանխելու համար, ուստի անոնք աւելի ժամանակ կը տրամադրեն այդ վէրքերը մաքրելու՝ վարակի տարածումը դադրեցնելու նպատակով: «Քանի որ պաքթիրիաները դադրեցնելու համար անոնք չեն կրնար այնքան արագ կտրել ոտքը, մրջիւնները կը փորձեն նուազեցնել մահացու վարակին վտանգը` մաքրելով ստորին ոտքին վէրքերը»,- կ’ըսէ հետազօտութեան համահեղինակներէն՝ Լորան Քելլըր:
Մրջիւններու բծախնդիր խնամքը զգալիօրէն բարելաւած է գոյատեւման համեմատութիւնը: Ազդրի ոսկորին կամ վերին ոտքի ոսկորներու վնասուածքները, ուր ոտքը միշտ անդամահատուած է, յաջողութեան մակարդակը հասած է 90% -էն 95%-ի: Սրունքի ոսկորին կամ ստորին ոտքի ոսկրային վնասուածքները, որոնք միայն մաքրուած են, գոյատեւման մակարդակը հասած է շուրջ 75%-ի: «Մրջիւնները կրնան ախտորոշել վէրքերը, տեսնել` արդեօք անոնք վարակուա՞ծ են թէ մաքուր, եւ համապատասխանաբար բուժել զանոնք: Միայն մարդկային բժշկական համակարգը կրնայ մրցիլ հետերնին»,- կ’ըսէ Ֆրենք:
Հետաքրքրական է, որ այս ընթացքը բնազդային կը թուի ըլլալ: Մրջիւնները կը յարմարեցնեն իրենց մեթոտները` մեկնելով տարիքէն, բայց կարծես թէ չեն սորվիր զանոնք:
Այժմ հետազօտողները կ’ուզեն ուսումնասիրել, թէ ինչպէ՞ս այս մրջիւնները նման ճըշգրիտ վիրահատական վարքագիծ կը դրսեւորեն, եւ արդեօք ուրիշ կենդանիներ կամ ապրող էակներ խնամքի նման վարքագիծ կը ցուցաբերե՞ն: Անոնք նաեւ կ’ուզեն ուսումնասիրել, թէ արդեօք մրջիւնները ցաւ կը զգա՞ն այս գործողութիւններուն ժամանակ: «Երբ կը դիտենք մրջիւններու մասին տեսանիւթերը, ուր անոնք իրենց վնասուած ոտքը ցոյց կու տան եւ թոյլ կու տան այլ մրջիւնի մը կամաւոր խածնելու զայն, ապա վէրքը կը ներկայացնեն մաքրման. համագործակցութեան այս մակարդակը բաւականին տպաւորիչ է», – կ’եզրափակէ Ֆրենք:
Այս ուշագրաւ յայտնաբերումը հրապարակուած է «Current Biology» պարբերաթերթին մէջ՝ ընդգծելով վիրաբուժական խնամքի մարզին մէջ մրջիւններու եւ մարդ էակին եզակի կապը: