ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Գոյութիւն ունեցող քաղաքակրթութիւններու հսկայական տարբերութիւնները երկընտրանքի առջեւ կը կանգնեցնեն սեռային դաստիարակութեան հարցը:
Եւրոպական երկիրներու մէջ ապրող օրիորդը կ’ապրի իր բնական կեանքով, սեռային յարաբերութիւն մշակելով 15 տարեկանէն սկսեալ, որ բարոյականօրէն ընդունուած է «քաղաքակիրթ» աշխարհին մէջ, նոյնիսկ ծագումով արեւելքցի ծնողներու կողմէ: Արեւելքի մէջ այս երեւոյթը, անկախ զարգացման մակարդակէ, ծնողքի եւ հասարակութեան կողմէ անբնական կը նկատուի եւ այս հարցը խիստ կը մտահոգէ ծնողքը: Արեւելքի մէջ ապրող աղջիկը ստիպուած է համակերպիլ իր միջավայրին կողմէ «սահմանուած» օրէնքներուն, թաքցնելով իր զգացումները, բողոքելով, երբեմն ստելով, մինչեւ որոշակի տարիքին կարողանայ դրսեւորել իր անհատականութիւնը: Սակայն գոյութիւն ունին ընդհանուր սկզբունքներ, որոնց միջոցով մեր կամքէն անկախ կամ մեր օգնութեամբ տեղի կ’ունենայ սեռային դաստիարակութիւն։
ա- Տարեկիցները.- Անոնց դերը մեծ է, իսկ տուած տեղեկութիւնները «պարզ» են եւ հասկնալի»: Հիմնական իր տարեկիցներու ներկայութեամբ է, որ անհատը ինքզինք կը զգայ որպէս տուեալ սեռի ներկայացուցիչ: Անոնք մտերմանալով, իրարու կը սկսին վստահիլ գաղտնիքներ, «հպարտանալով» կը պատմեն իրենց «սեռային գիտելիքները»:
բ- Արտադպրոցական մարզական գործունէութիւն.- Դպրոցին մէջ զարգացնելով մարմնամարզութիւնը եւ արտադպրոցական մարզական գործունէութիւնը, ոչ միայն կը նպաստենք պատանիին կամ պարմանուհիին մարմնի ֆիզիքական աճին եւ ձեւաւորումին, այլեւ կը զարգացնենք եւ կ’ամրացնենք անոնց միտքը, հոգեկան աշխարհը եւ կամքը: Ծնողքը քաջալերելով արտադպրոցական մարզական գործունէութիւնը, կ’օգնէ անոնց մօտ մշակելու ինքնավստահութիւն, ծառայասիրութիւն, քաջութիւն, պատասխանատուութեան զգացում:
Գիտարուեստի յառաջդիմութիւնը, հեռատեսիլը, համացանցը դժուարացուցած են սեռային դաստիարակութիւնը: Համացանցէն օգտուիլը դրականին կողքին ունի նաեւ չափազանց բացասական ազդեցութիւն յատկապէս հսկողութենէն դուրս մնացած դեռահասներու վրայ: Անչափահասները տիրապետելով համակարգիչին, հնարաւորութիւն ունին ազատօրէն տեղեկանալու իրենց տարիքին ոչ յարմար, մինչեւ իսկ անբարոյ սեռային նիւթերու:
գ- Կազմակերպուած ուսուցում եւ դաստիարակութիւն.- Սեռային հարցերը չեն կրնար դառնալ դպրոցական ընդհանուր ժողովներու նիւթ: Դժուար հարց է, թէ տղաքը եւ աղջիկները սեռային դաստիարակութեան մասին բացատրութիւնները միասի՞ն պէտք է լսեն, թէ առանձին: Երկու տարբերակներն ալ ընդունելի են, կախուած քննարկուելիք նիւթէն, սակայն ամենաարդիւանաւէտ ձեւը անհատական զրոյցն է:
Պատանիի մը կամ աղջկայ մը հետ խօսելու ընթացքին, փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու համար, չափահասներէն կը պահանջուի որոշակի զգայուն վերաբերմունք: Զրոյցը պէտք է ըլլայ գիտականօրէն հիմնաւորուած, պարզ. անհանդուրժելի է շտապողականութիւն, կոպտութիւն, կեղծաւորութիւն:
Զրոյցի ընթացքին, անկախ տարիքէ, անհրաժեշտ է ցուցաբերել յարգանք, նրբանկատութիւն եւ լրջութիւն: Պէտք է խօսիլ նկատի ունենալով երեխային տարիքը, ընկալման մակարդակը եւ անոր զարգացման առանձնայատկութիւնները:
Սեռային դաստիարակութիւնը ոչ միայն գի-տելիքներ կը փոխանցէ, այլեւ կը նպաստէ գեղեցիկ փոխյարաբերութիւններու ստեղծման, որուն ընթացքին նկատի պէտք է առնուին աղջիկներու եւ տղոց հետաքրքրութիւններու, պահանջներու առանձնայատկութիւնները: Դեռա-հասներու մօտ առողջ եւ զօրաւոր անհատականութիւն զարգացնելու նպատակով, կարեւոր է, որ ծնողք եւ ուսուցիչ անչափահասին թերութիւնները մատնանշելու եւ դատապարտելու փոխարէն աշխատին յայտնաբերել եւ քաջալերել անոր բնաւորութեան դրական գիծերը:
դ- Գրականութիւն եւ արուեստ.- Յատկանշական է գրականութեան եւ արուեստի դերը սեռային դաստիարակութեան մէջ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան դեռահասներուն, զարգացնելու իրենց հոգեկան ներաշխարհը, տեսնելու գեղեցիկն ու բարին, դրական վերաբերմունք որդեգրելու կեանքի հանդէպ։
Գրականութիւնը եւ արուեստը կը զօրացնեն դեռահասի կամքը, համբերութիւնը եւ դժուարութիւնները դիմագրաւելու ունակութիւնը, կը նպաստեն հասկնալու կեանքի իսկական իմաստը եւ մարդու տեղն ու դերը անոր մէջ: Շատ կարեւոր է գրականութեան ճիշդ ընտրութիւնը, որուն մէջ մեծ է ծնողքի, ուսուցիչի եւ երէց ընկերներու դերը։
Սեռային հասունացումէ ետք, նկատի առնելով որ երիտասարդները բարոյական եւ նիւթական գետնի վրայ պատրաստ չեն ըլլար ընտանիք կազմելու, շատ կարեւոր է, որ ստացած ըլլան բաւարար սեռային դաստիարակութիւն, դիմագրաւելու համար դժուարութիւնները եւ ձեռք բերելու իրենց սեռային զգացումները տնօրինելու, անհրաժեշտութեան պարագային
նաեւ՝ զսպելու ունակութիւն: