COVID-19-էն յետոյ երեխաները մեծերուն պէս կրնան նորէն վարակուիլ քորոնայով, մանաւանդ եթէ հիւանդութիւնը թեթեւ կամ առանց ախտանշաններու անցուցած են: Նման եզրակացութեան յանգած են Մըրտոքի Մանկական գիտահետազօտական հիմնարկի (Աւստրալիա) գիտնականները: Նոր հետազօտութիւնը տակաւին չէ գրախօսուած եւ հրապարակուած է վարկածներու յատկացուած medrxiv բաց հրապարակումներու կայքէջին վրայ: Հետազօտութեան մէջ համեմատուած են COVID-19-ով թեթեւ կամ անախտանիշով հիւանդացած 57 մանուկներու եւ 51 մեծերու հակամարմիններու խտութիւնը: Վարակը հաստատուած է PCR քննութեամբ, որմէ ետք, մասնագէտները 41 օրուան ընթացքին արեան նմուշներ վերցուցած են բոլոր մասնակիցներէն:
Բոլոր մեծահասակներուն մօտ գիտնականները նշմարած են չէզոքացնող հակամարմիններու զգալի աճ մը հիւանդութեան սուր պահէն մինչեւ ամբողջական ապաքինումը: Բայց երեխաներուն մօտ հակամարմիններու զարգացման աճը եղած է աւելի ցած: Արդիւնքներուն արժանահաւատութիւնը հաստատուած է չորս տարբեր քննութիւններու օգնութեամբ:
Հակամարմիններ գոյացած են մեծահասակներուն 76 տոկոսին մօտ, իսկ մանուկներուն միայն 37 տոկոսին մօտ հակամարմիններ գոյացած էին: