Առաջին ծննդաբերութենէն ետք կանանց մօտ կրծքագեղձի քաղցկեղին հաւանականութիւնը կ՚աւելնայ 80 տոկոսով, եզրակացուցած են Նորթ Քարոլայնա համալսարանի գիտնականները:
Հետաքրքրականը այն է, որ մինչեւ հիմա երեխային ծնունդը կը նկատուէր կրծքագեղձի քաղցկեղէն պաշտպանող գործոն: Գիտնականները կ՚ըսէին, որ ծննդաբերութենէն յետոյ տեղի կ՚ունենան կրծքագեղձի բջիջներու փոփոխութիւններ, որոնք յիշեալ գեղձերը նուազ խոցելի կը դարձնեն քանսերային գոյացումներու հանդէպ: Սակայն, խորքին մէջ, տարիքի, ծննդաբերութեան եւ կրծքագեղձի քաղցկեղի միջեւ կապը աւելի բարդ է, քան ինչ որ առաջին հայացքով կը թուի ըլլալ:
Ամերիկացի գիտնականները կը զգուշացեն, որ 25 տարեկանէն յետոյ ծննդաբերող կիները կը մտնեն կրծքագեղձի վաղաժամ քաղցկեղէ տառպելու հաւանականութիւն ունեցողներու խումբին մէջ: Գիտնականներուն համաձայն, քաղցկեղի այս տեսակի զար-գացման հաւանականութիւնը կ՚աւելնայ առաջին ծննդաբերութենէն յետոյ առաջին 5 տարիներուն: Իսկ ծննդաբերութենէն 23 տարի ետք, այդ հաւանականութիւնը զգալիօրէն կը նուազի:
Նշենք, որ կրծքագեղձի քաղցկեղը աշխարհի ամէնէն տարածուած քաղցկեղի տեսակներէն մէկն է: Ըստ վիճակագրութեան, ուշ կամ կանուխ, կրծքագեղձի քաղցկեղէ պիտի տառապի ամէն 8 կիներէն մէկը: Այս հեռանկարը այնքան կը վախցնէ ոմանց, որ անոնք կը դիմեն նախազգուշական վիրահատութեան, ինչպէս որ ըրաւ յայտնի դերասանուհի Անժելինա ժոլին: