Առողջապահական վարակումները կամ աւելի ծանօթ իբրեւ հիւանդանոցային վարակումներ, տարբեր տեսակի վարակումներ են, որոնց մարդ արարածը կ՚ենթարկուի առողջապահական հաստատութիւններու մէջ, ինչպէս՝ հիւանդանոց, դարմանատուն, ծերանոց կամ այլ բուժարաններ:
Յիշեալ վարակումը հիւանդը սովորաբար կը ստանայ տարբեր միջոցներէ: Փոխանցողը կրնայ ըլլալ առողջապահական հաստատութեան անձնակազմին մէկ անդամը, օգտագործուած սարքաւորումները, մահճակալներն ու ճերմակեղէնը, օդին մէջ գտնուող շնչառական փոխանցիկ կաթիլները (օրինակ՝ փռնգտալու հետեւանքով) եւ նոյնինքն հիւանդին սեփական մարմնին մանրէները:
Մ. Նահանգներու մէջ, տարեկան 1,7 միլիոն հոգի կ՚ենթարկուի առողջապահական վարակումի, որուն հետեւանքով կը մահանայ 99.000 անձ: Ընդհանուր առմամբ, Եւրոպայի մէջ, որ աւելի խիստ օրէնքներ ունի մանրէասպան դեղերու օգտագործման վերաբերեալ, տարեկան կ՚արձանագրուի 25.000 մահուան պարագայ:
Բարգաւաճ երկիրներու մէջ, առողջապահական հաստատութիւններէ փոխանցուած վարակումներուն 7%-ը կը պատահի հիւանդանոցներու մէջ, մինչ թերաճ երկիրներու մէջ, այդ համեմատութիւնը կը հասնի մինչեւ 10%-ի: Ըստ Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութեան, հիւանդանոցային հիւանդներու 15%-ը հակամէտ է հաստատութենէն փոխանցուած վարակումի: Այս տուեալը առնչուած է հիւանդանոց մնալու տեւողութեան (որքան երկար մնաք, այնքան կը բարձրանայ վարակումներու ենթարկուելու վտանգը) եւ սենեակին հետ, ուր կը մնայ հիւանդը (մնայուն հսկողութեան սենեակ գտնուող հիւանդները, որոնք աւելի տկար կը նկատուին, աւելի բարձր հակամէտութիւն ունին, քան այլ սենեակներ գտնուողները):
Առողջապահական հաստատութիւններու մէջ յայտնուած ախտածին մարմինները սովորաբար կը բաղկանան մանրէներէ (85%): Անոնք կ՚ընդգրկեն կրամբացասական մանրէները (Acinetobacter), որոնք կ՚աճին հողի եւ ջուրի մէջ եւ կը վարակեն մասնաւորաբար թոքերը, մորթն ու միզանցքը, աղիքային մանրէները (E.coli, K. pneumoniae): Կայ նաեւ Pseudomonas aeruginosa-ը, ինչպէս նաեւ՝ կրամդրական Staphylococcus aureus-ը: Ժահրերն (virus) ու սունկերը կը կազմեն վարակումներու մնացեալ տեսակները եւ աւելի կ՚առնչուին դիմադրողականութիւնը կորսնցուցած հիւանդներու հետ:
Առողջապահական հաստատութիւններու մէջ պատահած վարակումներու կապուած մանրէները յատուկ չեն միայն այդ հաստատութիւններուն, այլ անոնք կը գտնուին մեր շուրջը` բնութեան մէջ: «Բնական» այս մանրէները, սակայն, ախտածին չեն եւ իրենց դերակատարութիւնը ունին բնութեան մէջ: Օրինակ, մարդկային մարմնին պարագային, անոնք անհրաժեշտ են սնունդի ամէնօրեայ մարսողութեան համար: Այսուհանդերձ, երբ այդ մանրէները մուտք կը գործեն հիւանդանոցի մը տարածքէն ներս, անոնք կը շփուին հոն գտնուող բազմաթիւ անթիպիոթիքներուն հետ եւ ժամանակի ընթացքին, մասնաւորաբար անոնք, որոնք անթիպիոթիքներու ընդդիմացող ծիներ ունին՝ կը գոյատեւեն եւ կը մտնեն հիւանդին մարմնին մէջ: Եւ անթիպիոթիքները դիմադրող ճի՛շդ այդ մանրէներն են, որ մեզի համար զանազան տեսակի հարցեր կը յարուցանեն:
Հիւանդին մէջ տեղաւորուելէ ետք, անոնք ինը օրով կ՚երկարաձգեն հիւանդին կեցութիւնը եւ, օրինակ Մ. Նահանգներու մէջ, հիւանդանոցային ծախսը կ՚աւելցնեն շուրջ 20.000 տոլարով, անշուշտ եթէ նախապէս պատճառ չդառնան հիւանդին մահուան: Զանոնք բուժելը շատ աւելի դժուար է, քան սովորական վարակումը, որովհետեւ անթիպիոթիքներու նկատմամբ անոնց շահած դիմադրողականութեան բերումով՝ զանոնք միայն շատ յատուկ, սուղ եւ զօրաւոր դեղերով կարելի է ոչնչացնել:
Բժշկական տարրալուծարանները ծանօթ են անոնց եւ ունին միջոցները ախտաճանաչելու զանոնք:
Վարակման ընթացիկ միջոցներ կը նկատուին արուեստական շնչառութեան համար գործածուող «շնչադիմակները», արուեստական միզապարկի խողովակները, մորթի եւ արեան վարակումներ պատճառող արիւնատար արուեստական խողովակները:
Հետեւեալ միջոցառումները փորձուած են եւ կը նկատուին հիւանդանոցային վարակումներէ խուսափելու արդիւնաւէտ ձեւեր.
– Բժշկական անձնակազմը պէտք է մնայուն ձեռքերը լուայ եւ ձեռնոցներ հագնի:
– Անձնակազմին կողմէ ալքոլային բարձիկներու (pads) օգտագործումը հիւանդները քննելու ընթացքին՝ մէկէն միւսը անցնելու պարագային:
– Անթիպիոթիքներու զգոյշ եւ ծրագրուած օգտագործումը. եւրոպական որոշ երկիրներ, հիւանդանոցներու մէջ, սկսելու համար տակաւին կը գործածեն միայն տարրական փենիսիլինը, իսկ այլ աւելի զօրաւոր անթիպիոթիքներու դեղագրումը կը մնայ շատ սահմանափակ եւ վերահսկուած է կառավարութեան կողմէ:
– Նուազեցնել հիւանդանոց մնալու տեւողութիւնը, մանաւանդ երբ հիւանդը կը գտնուի անմիջական հսկողութեան սենեակին մէջ: