ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ, ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ
Անցեալ Նոյեմբերին, ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ Առողջութեան համապարփակ ապահովագրութեան (ԱՀԱ) ներդրման նախագիծ մը: Նախագիծին գլխաւոր նպատակն է բոլոր քաղաքացիներուն տրամադրել առողջութեան պետական ապահովագրութիւն, այդպիսով անոնց՝ յատկապէս բժշկական ծախսերը դիմագրաւելու կարողութիւն չունեցող մեծամասնութեան ապահովելով անվճար հիւանդանոցային բուժօգնութեան կարելիութիւն: Այս յօդուածով, մեր կարգին կ՛անդրադառնանք ԱՀԱ նախագծի առաւելութիւններուն, որոշ խնդիրներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Առաւելութիւններ.
Ապահովագրութիւն Բոլորին Համար
Ըստ նախագիծին, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայ սահմանափակ ծաւալով առողջապահութեան մասնաւոր ապահովագրութիւն, որ կը ծածկէ ընդհանուր առողջապահական ծախսերուն միայն 1,5 առ հարիւրը: ՀՀ ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը զուրկ է առողջապահական ապահովագրութենէ, ու յաճախ կը ստիպուի մնալու ահռելի ծաւալով ծախսերու տակ: Այս պայմաններուն մէջ, մարդոց մօտաւորապէս 20 առ հարիւրը, ըստ առողջապահութեան նախարարութեան, քննութեան կամ բուժումի չեն դիմեր նիւթական անկարողութեան պատճառով: Կը մնան երկու ընտրանքի առջեւ՝ առողջութեան յաւելեալ բեկում կամ յաւելեալ նիւթական աղքատացում:
Այս իմաստով, ԱՀԱ նախագիծին գլխաւոր առաւելութիւնը՝ բոլոր քաղաքացիներուն հիմնական բժշկական պէտքերը հոգալու համար ապահովագրական ծածկոյթ տրամադրելն է: Կարելի է նաեւ մասնաւոր բժշկական ապահովագրութիւն գնել, բժշկական հիմնական ծառայութիւններէ դուրս մնացած ծառայութիւններուն համար (ԱՀԱ-ի ծածկոյթի մանրամասնութիւններուն համար տեսնել նախագիծին 60-63 յօդուածները):
Առողջապահական Ապահովագրութեան Ապաշուկայականացում
Առողջապահութիւնը կը նմանի ուսման: Առաջին հերթին, անիկա մարդկային տարրական ու անսակարկելի իրաւունք է: Տակաւին, երբ երկրի մը ժողովուրդը ուսեալ ու առողջ է, տնտեսական արտադրողականութիւնը կը բարձրանայ ի բարօրութիւն բոլորին: Առողջապահական ու կրթական մարզերուն սեփականաշնորհումը եւ շուկայականացումը պատմականօրէն յղի եղած են ընկերային անարդարութիւն, անհաւասարութիւն եւ թշուառութիւն յառաջացնող վտանգներով: Եթէ առողջական ծառայութիւնները վստահինք շուկային, ապա վերջինս, շահ ապահովելու իր գոյութենական նպատակին հաւատարիմ՝ կը վարէ սուղ վաճառելու քաղաքականութիւն մը, որուն պատճառով միայն բարձր եկամուտ ունեցողները կրնան վճարել առողջապահական ծառայութիւններու փոխարժէքը, եւ երեսի վրայ կը մնան ցած եկամուտ ունեցողները: Ուրիշ խօսքով՝ շուկայական տրամաբանութիւնը ընդհանրապէս կը ձախողի տրամադրելու որակաւոր ուսում եւ առողջապահական ծառայութիւններ ցած ու նոյնիսկ միջին եկամուտ ունեցողներուն համար: Ապահովագրական անձնական ընկերութիւնները ո՛չ միայն արժէքէն աւելի բարձր գինով կը վաճառեն ապահովագրական ծառայութիւնները՝ յանուն յաւելեալ շահոյթի, այլեւ նոյնիսկ կրնան նուազեցնել ապահովագրութեան որակն ու ծածկոյթը. հիւանդանալու լուրջ հաւանականութիւններ ունեցող մարդոց համար, օրինակ, կրնան մերժել կամ դժուարացնել ապահովագրութեան վաճառքը. այլ պարագաներու, կրնան փորձել նուազեցնել կամ խուսափիլ բուժումներու ֆինանսաւորումէն:
Մէկ Միասնական Գնորդ-Վճարող
Նախագիծին թիւ 4 պարբերութեան մէջ նշուած է, թէ «ԱՀԱ-ն իրականացուելու է մէկ միասնական գնորդի-վճարողի սկզբունքով…»: Այս համակարգին անգլերէնը single-payer health care system-ն է, ուր կառավարութիւնը բժշկական ծառայութիւններու միակ գնորդը եւ վճարողն է: Գլխաւոր երկու պատճառներով, միասնական գնորդի-վճարողի սկզբունքով համակարգը կրնայ ծախսերը նուազագոյնի իջեցնել եւ միեւնոյն ժամանակ տրամադրել առաւելագոյն առողջապահական ծառայութիւններ:
Ա.- Մէկ գնորդ-վճարող համակարգին կազմակերպական (administrative) ծախսերը համեմատաբար նուազ կ՛ըլլան: Առողջապահական ապահովագրութեան անձնական ընկերութիւններուն կազմակերպական ծախսը բարձր կ՛ըլլայ, քանի որ անոնք յաւելեալ ծախսեր կ՛ընեն, օրինակ՝ ուսումնասիրելու համար իւրաքանչիւր յաճախորդի առողջական վիճակը: Մէկ գնող-վճարողի սկզբունքով առողջապահական ապահովագրութիւն ունեցող Գանատայի 2003-ի առողջապահական ծախսերուն միայն 16,7 առ հարիւրը կազմակերպական ծախսեր էին, մինչ նոյն թուականին Մ. Նահանգներու մէջ, ուր մասնաւոր-շուկայական է ապահովագրական համակարգը, 31 առ հարիւր էին անոնք: Կազմակերպական ծախսերու կողքին անձնական առողջապահական ընկերութիւնները ունին նաեւ ծանուցման մեծ ծախսեր, որոնք դարձեալ շատ աւելի քիչ են՝ պետական ապահովագրութեան պարագային, ինչպիսին է ԱՀԱ-ն:
Բ.- Մէկ գնորդ-վճարող համակարգը նաեւ կը նուազեցնէ նոյնինքն առողջապահական ծառայութեան ծախսերը: Միակ գնող-վճարող կառավարութիւնը բժշկական խնամք ու դեղեր վաճառողներուն հետ սակարկելու հսկայական առաւելութիւն ունի, որուն պատճառով կրնայ նուազեցնել գիները, այդպիսով նուազեցնելով առողջապահութեան ընդհա-նուր ծախսերը: Այս պատճառով, ներկայիս, Մ. Նահանգներու մէջ նոյն դեղը երբեմն 4-5 անգամ կամ աւելի սուղ է, քան Գանատայի մէջ, ուր կայ մէկ գնող-վճարող՝ կառավարութիւնը, որ կը սակարկէ դեղորայք վաճառող ընկերութիւններուն հետ:
Այս երկու կէտերէն կարելի է եզրակացնել, որ քաղաքացիներու կողմէ մէկ գնող-վճարողով ԱՀԱ-ի մը տրուելիք գումարին աւելի մե՛ծ համեմատութիւնը ուղղակիօրէն պիտի ծառայէ քաղաքացիներու առողջութեան, քան անձնական պապահովագրութեան պարագային, ուր քաղաքացիին կատարած վճարումին մէկ մասը պիտի մսխուէր թղթաբանական, կազմակերպական եւ շուկայական մրցակցութեան բանալի՝ ծանուցման ու քարոզչութեան վրայ: Ալ չըսած՝ ընկերութեան սեփական շահոյթին համար գանձուելիք-պահւելիք գումարը:
Այսպիսով, ԱՀԱ-ի միջոցով առողջապահական ապահովագրութեան համակարգին հա-մապարփակ դառնալուն, ապաշուկայացման, հանրայնացման եւ մատչելիացման այս ընդհանուր ռազմավարական նպատակը միանշանակ ողջունելի է եւ զօրակցութեան արժանի:
Առողջութեան Հարկ.
Մտահոգութիւններ ու Խնդիրներ
Կ՚ակնկալուի, որ եթէ նախագիծը ընդունուի, ապա 2021-ին ԱՀԱ-ի ծախսերը մօտաւորապէս 230 մլրդ. դրամ ըլլան: Այս գումարին 46,4 առ հարիւրը կ՚առաջարկուի տրամադրել պետական պիւտճէէն: Իսկ մնացեալ 53,6 առ հարիւրին համար կը նախատեսուի հաստատել նոր տուրքի տեսակ մը՝ Առողջութեան տուրքը: 2021-ին, 6 առ հարիւր համեմատութեամբ Առողջութեան տուրք պիտի գանձուի երկրին աշխատող եւ անձնական գործ ունեցող իւրաքանչիւր քաղաքացիի եկամուտէն:
Ֆինանսաւորման այս միջոցին շուրջ բաւական հանրային աղմուկ բարձրացաւ: Կ՚անդրադառնանք հնչած մտահոգութիւններէն քանի մը հատին միայն, եւ ապա, վերջին բաժինով, մեր կողմէն կ՛ընենք որոշ յաւելումներ:
Ստուերի Հարց
Արտայայտուած քննադատութիւններէն մէկը այն է, թէ ինչո՛ւ ոմանք օրինաւոր ձեւով պիտի աշխատին ու առողջապահական հարկ պիտի վճարեն, մինչ ուրիշներ կը շարունակեն ստուերային շուկային մէջ աշխատիլ՝ խուսափելով ամէն տեսակի տուրքերէ: Այս ձեւով առարկողները երբեմն կը պնդեն թէ ԱՀԱ-ն որդեգրելէ առաջ, նախ պէտք է հարկային սեւ դաշտը փոքրացնել:
Բնականաբար անհրաժեշտ է կտրականօրէն պակսեցնել եկամուտ ստացող, սակայն տուրք չվճարողներուն թիւը՝ յանուն բոլորին բարօրութեան: Սակայն, կը կարծենք, որ այս բարեփոխումը պէտք է գործադրուի դէպի ԱՀԱ համակարգ անցում գործընթացին զուգահեռ, ոչ թէ դառնայ այնքա՛ն խիստ նախապայման, որ բոլորովին ետ մղէ համընդհանուր ապահովագրութեան ծրագիրը: ԱՀԱ-ն թող յաւելեալ թափ տայ ստուերի դէմ պայքարին, այլ ոչ՝ արգելակուի կամ մոռացութեան մատնուի ստուերի գոյութեան պատճառով, եւ ասոր զոհը երթան աշխատող եւ պարտաճանաչօրէն տուրք վճարողներ, որոնք սա-կայն չունին անհրաժեշտ եկամուտը, հոգալու համար լուրջ հիւանդութեան մը ծանր ֆինանսական բեռը: Ստուերի գոյութեան շուրջ կառուցուող հակափաստարկը պէտք չէ սկզբունքօրէն հակադրուի ԱՀԱ-ին, եւ կամայ թէ ակամայ անտէրութեան դատապարտէ աշխատասէր, սակայն պայմաններու բերմամբ անգործ մնացած կամ ցած եկամուտ ունեցող մարդոց հաւաքականութիւնը:
«Չաշխատողի Փոխարէն Ինչո՞ւ Վճարենք»
ԱՀԱ-ի որոշ ընդդիմախօսներ նաեւ հարց կը բարձրացնեն այն մասին, թէ ինչո՛ւ իրենք՝ աշխատողները պիտի վճարեն չաշխատողներու համար, զորս երբեմն նաեւ կը շտապեն որակել ծոյլ կամ մակաբոյծ: Անզգոյշ որակումներ են ասոնք: Նախ, չաշխատողներուն մէջ կան տարեցներ, երեխաներ, հաշմանդամներ, եւ այլն: Եւ ինչպէս առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներ ու ընդհանրապէս նախագիծին կողմնակիցներն ալ կ՛ըսեն, պարզ ընկերային համերաշխութեան սկզբունքն է, որ առողջը վճարէ հիւանդին համար, երիտասարդը՝ տարեցին ու երեխային, աշխատողը՝ այդ պահուն անգործին, եւ այլն: Չէ՞ որ նոյն առողջը՝ վաղը հիւանդ է, նոյն երիտասարդը՝ վաղը տարեց կամ երեխայի մայր-հայր, նոյն աշխատանք ունեցողը՝ թերեւս վաղը՝ ժամանակաւորապէս անգործ: Տակաւին, պէտք չէ երբեք մտահան ընել, որ գործազրկութիւնը շատ յաճախ համակարգային խնդիրներու եւ շուկայի «օրէնքներու» պտուղ է, աւելի քան՝ անհատական քմահաճոյքի: Իսկապէս առողջ ու արդար հասարակութեան մէջ, ուր բոլորին համար գոյութիւն կ՚ունենան արժանապատիւ եւ բաւարարող աշխատանքի կարելիութիւններ (ներառեալ կրթութիւն, ենթակառոյցներ, խտրականութեան բացակայութիւն, եւ այլն), դժուար թէ մարդը նախընտրէ գործազուրկ մնալով ծայրը ծայրին գոյատեւել: Կարելի է անշուշտ ունենալ որոշ խաւ մը, Հայաստանի մէջ վստահ ոչ մեծամասնութիւն, որ իսկապէս ապահովուած է ամէն առումով, բայց եւ այնպէս կը նախընտրէ ոչ մէկ արտադրական գործունէութիւն ունենալ: Թերեւս կարելի է պահանջել, որ ԱՀԱ նախագիծը կատարելագործուի այնքան մը, որ կարենայ տարբերակել այսպիսիները՝ իրապէս թշուառ ու անգործ մնացած մեծամասնութենէն, եւ ըստ այնմ տուրք գանձէ անոնցմէ նաեւ կամ անոնց չտրամադրէ ապահովագրութիւն: Սակայն այս խնդիրին համար, դարձեալ, կը կարծենք որ սխալ պիտի ըլլայ օրակարգէ ամբողջովին հանել ԱՀԱ-ն ու հարուածել երկրին աղքատ (ացուած) մեծամասնութիւնը:
«Շատ Ստացողը Ինչո՞ւ Աւելի Վճարէ»
Վերջապէս, եթէ կայ բողոք առ այն, որ միանուագ 6 առ հարիւրը հարուստներէն կամ համեմատաբար բարձր վարձատրութիւն ստացողներէն կը պահանջէ քանակական առումով ԱՀԱ-ի ֆինանսաւորման մէջ աւելի մեծ մասնակցութիւն ունենալ, ապա մենք սկզբունքօրէն կը հակադրուինք այսպիսի քննադատութեան, յատկապէ՛ս տխրահռչակ հարկային համահարթեցման օրինագիծին լոյսին տակ: Միանուագ 6 առ հարիւրով թերեւս կարելի է ունենալ սոցիալական համերաշխութեան նուազագոյն աստիճան մը: Եթէ քաղաքացի մը ունի 100.000-ի ամսական աշխատավարձ, պիտի վճարէ 6.000 դրամ առողջապահական տուրք, իսկ եթէ երկրորդի մը եկամուտը ամսական 1.000.000 է, պիտի վճարէ 60.000 դրամ առողջապահական տուրք: Սեպենք թէ երկուքն ալ կ՚ունենան նոյն հիւանդութիւնը, ու հիւանդանոցը կը բուժէ զանոնք: Այո, բարձր եկամուտ ունեցողը շատ աւելի վճարած կ՛ըլլայ նոյն հիւանդութեան համար քան ցած եկամուտ ունեցողը: Սակայն իր գրպանը այդ մէկ ամսուան գումարէն տակաւին կը մնայ 940.000, մինչդեռ առաջինի մօտ՝ ընդամէնը 94.000, որն արդէն անբաւարար է արժանավայել եւ ապահովուած կեանքի մը համար, դեռ չհաշուած մնացեալ հարկատեսակները (Աստիճանական տուրքերու արդար համակարգի մը գոյութեան պարագային, թերեւս տարբեր ըլլար իրավիճակը. բարձր շահոյթը ու աշխատավարձը յաւելեալ տուրքի ենթարկելու միջոցով պիտի հաւաքւէր աւելի գումար, որուն ներկայութեան թերեւս կարելի ըլլար բոլորին աւելի ցած մէկ չափի վճար մը սահմանել):
Սոցիալական Ազդեցութեան Գնահատման Եւ Հարկային Քաղաքականութեան Խնդիրներ
Թերեւս աւելի կարեւոր է Առողջութեան տուրքի ընկերային ազդեցութեան խնդիրը, որուն նախագիծին կողմէ տրուած գնահատականը կը թուի թոյլ եւ ոչ սպառիչ: Նախագիծը կը բաւարարուի նշելով, որ աշխատող քաղաքացիներուն 59 առ հարիւրին համար, որոնք կը ստանան մինչեւ 150.000 ամսական աշխատավարձ (մօտ 300 տոլար), առողջութեան տուրքը կը մեղմանայ վերջերս ուժի մէջ մտած նոր հարկային օրէնսգրքով, ըստ որուն՝ «2021թ.ից նախատեսվում է սահմանել եկամտահարկի չափը 20% տոկոս բոլոր աշխատողների համար»: ԱՀԱ-ի նախագիծը կը շարունակէ. «Եկամտահարկի դրոյքաչափը շուրջ 59 տոկոս աշխատողների համար կը նուազի 4 տոկոսով, ուստի առողջութեան հարկի սահմանումը 4-6 տոկոսի չափով չի ունենայ զգալի բացասական ազդեցութիւն աշխատողների եկամուտների վրայ»։ Սակայն հոս կան ակնյայտ սխալներ: Նախ, համեմատութիւնը 23 առ հարիւրէն կը նուազի 20-ի, այսինքն 3, նոյնիսկ 4 առ հարիւրով: Երկրորդ, այդ նուազումը 20 առ հարիւրի կը հասնի ոչ թէ 2021-ին, այլ 2023-ին: Հոս խնդիրը ոչ այնքան թիւերու տարբերութեան նշանակութիւնն է, այլ ընկերային ազդեցութեան գնահատականին շուրջ տարուած անփոյթ աշխատանքը, որ արդէն իսկ հարցականի տակ կ՛առնէ նախագիծը ներկայացնողներուն վերաբերմունքը այս խնդիրին նկատմամբ, թէ իրապէս ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Առողջութեան տուրքը մարդոց, յատկապէս ցած աշխատավարձ ստացող մեծամասնութեան վրայ: Դեռ աւելին, նախագիծին այս մասը ամբողջովին կ՛անտեսէ նոյն հարկային նոր օրէնսգրքի այն կէտը, ըստ որուն եկամտահարկի նուազեցման զուգահեռ աստիճանաբար 2,5 առ հարիւրով պիտի բարձրանայ ընկերային վճարի համեմատութիւնը: Ուրեմն, 59 առ հարիւր մեծամասնութեան համար գումարը պիտի ըլլայ ոչ թէ նախագիծին ներկայացուցածին պէս – 4 առ հարիւր (եկամտահարկ) + 4-6 առ հարիւր (Առ. Հարկ) = 0-2 առ հարիւր, այլ -3 առ հարիւր (եկամտահարկ) + 2,5 առ հարիւր (ընկ. վճար) + 4-6 առ հարիւր (առ. Հարկ) = 3,5-5,5 առ հարիւր (չհաշուած այն, որ 4-6 առ հարիւրին 4ը դեռ միայն թէական է, 2021-ի համար յստակ կ՛առաջարկուի 6 առ հարիւր):
Ուրեմն, կը ստացուի որ հարկային Համահարթեցման դրութիւնը եւ առաջարկուող Ա-ռողջութեան տուրքը միասին պիտի գան 3,5-էն 5,5 առ հարիւրով (2021-ին՝ հաստատ 5,5 առ հարիւր) աւելցնելու ցած աշխատա-վարձ ունեցող 59 առ հարիւր մեծամասնութեան հարկային բեռը՝ այդպիսով նուազեցնելով անոնց տնօրինուող եկամուտը: Ուշադրութիւն՝ աղքատ այս մեծամասնութիւնը միակն է երեք աշխատավարձային սանդղակներէն, որուն տուրքերը այսպէս թէ այնպէս կ՛աւելնան: 150.000-2.000.000 շահողները թերեւս հարկային փոքր բեռի նուազեցում տեսնեն այն տարիներուն, երբ 4 առ հարիւրի մօտ կ՚ըլլայ Առողջապահութեան հարկը: Իսկ 2.000.000-էն բարձր աշխատավարձ ստացող վերնախաւի ներկայացուցիչները շահաւոր դուրս կու գան ամէն պարագայի, քանի որ համահարթեցման օրէնքով 2.000.000-էն բարձր գումարի հարկը կը նուազի 13,5 տոկոսով: Որքան մուտքերդ մեծ՝ այնքան քեզ հարկային նուէրներ, որքան փոքր՝ քեզ այնքան աւելի տուրք. սա է, ընդհանուր գիծերու մէջ, կառավարող ուժի հարկային քաղաքականութեան տրամաբանութիւնը, ընկերային արդարութեան սկզբունքին ուղղակիօրէն հակադրուող:
Այո, վերոնշեալ խնդիրը ԱՀԱ նախագիծի եւ ԱՆ-ի սահմաններէն անդին կ՚անցնի. բայց չէ՞ որ հարկային քաղաքականութիւնը պէտք է ներկայացնէ մէկ ամբողջութիւն. կառավարութեան մօտ կարծես չկայ համաձայնեցուած համընդհանուր հարկային քաղաքականութեան ռազմավարութիւն:
Վերադառնանք նախագիծին ու Առողջութեան հարկին: Խնդիրը աւելին է, քան նոր նըշուած արդարութեան եւ հարկային քաղաքականութեան խնդիրը: Կը գիտակցինք անշուշտ, որ Առողջութեան տուրքը յաւելեալ հարկային բեռ ըլլալու կողքին նաեւ կը խոստանայ ուղղակիօրէն թեթեւցնել քաղաքացիներու ծախսերը՝ ազատելով զանոնք բուժման վճարներէ: Այստեղ եւս սակայն, նախագիծը չի տրամադրեր հաշուարկներ, վերլուծութիւններ, յստակ գնահատական: Առնենք 100.000 ՀՀ դրամ աշխատավարձով աշխատող մը: 2021-ին կ՛ակնկալուի, որ տրամադրէ 22.000 եկամտահարկ (22 առ հարիւր), 3500 ընկերային վճար (3,5 առ հարիւր), 6000 Առողջութեան տուրք (6 առ հարիւր), 1000 դրամ բանակին: Տակը ամսական կը մնայ 67.500 դրամ (141 տոլար) եկամուտ: Այս մարդը ինչպէ՞ս ապրի, ինչպէ՞ս ընտանիք պահէ: Պիտի ըսուի, որ ԱՀԱ նախագիծի առաջարկած հարկը ընդամէնը 6000 կը պակսեցնէ ամսական եկամուտէն. այո, բայց այդքան նեղ պայմաններով ապրողին համար 6000-ը աննշան չէ. սնունդ, ջեռուցում, որոնք իրենց կարգին կ՚ազդեն առողջութեան վրայ ու ոչ միայն: Պիտի ըսուի, որ, փոխարէնը, այդ մարդն ու իր շուրջինները պիտի կարենան ձրի բուժում ստանալ, երբ կարիքը ըլլայ: Պատճառ չունինք հակառակը պնդելու: Բայց այսպիսի որոշում յստակ հաշուարկներու, վերլուծութեան, գնահատականի վրայ պէտք չէ՞ հիմնէ ինքզինք: Տնօրինուող եկամուտին այս նուազումը տարբեր եկամուտներ ունեցող խումբերու վրայ ճիշդ ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Աւելին. ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ այն մարդուն վրայ, որ առանձին կ՚ապրի, եւ ի՞նչ ազդեցութիւն անոր վրայ, որ իրմէ զատ 5 հոգիի ապրուստը կ՚ապահովէ: Ի՞նչ հաւանականութիւն կայ, հիմնուելով տուեալներու վրայ, որ շարքային աղքատ քաղաքացին կարիք ունենայ բուժման ծախսերու: Այդ ծախսերէն որո՞նք անխուսափելի են եւ որո՞նք ինք պիտի նախընտրէր ստորադասել 6000-ին՝ վերջինով զաւակներուն քիչ մը աւելի լաւ սնունդ տալու համար: Հաւանական բժշկական ծախսերու եւ ամսական 6000-ի համեմատութիւնը ճիշդ ի՞նչ է: Այս բոլորին համար պէտք են թիւեր, հաշուարկներ, վերլուծութիւններ, որմէ ետք միայն կարելի է խօսիլ ընկերային ազդեցութեան մասին: Կարճ ըսած՝ նախագիծը պէտք է կարենայ փաստարկուած կերպով հաւաստիացնել, որ 6 առ հարիւրի յաւելեալ տուրքը ընկերային գետնի վրայ պիտի բարելաւէ առնուազն բնակչութեան մեծամասնութեան վիճակը, այլ ոչ հակառակը:
Նմանօրինակ հաշուարկներու վրայ հիմնուած, օրինակ, պէտք չէ՞ ըլլար տարբերակուած մօտեցում որոշ սահմանագիծէ ցած աշխատավարձ ստացողներուն հանդէպ, օրինակ անոնց Առողջութեան տուրքի համեմատութիւնները նուազեցնելով: Պէտք չէ՞ հաստատուէր, օրինակ, առանց տուրքի շեմ: Ասոնք, անշուշտ, դարձեալ չեն սահմանափակուիր առողջութեան տուրքով եւ աւելի լայն հարկային համակարգի խնդիրներ են, բայց քանի ԱՀ-ն կը կառուցուի արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող համակարգին վրայ, պէտք է նկատի առնել այս բոլոր խնդիրները՝ անոր համեմատութիւնները որոշելու ընթացքին:
Վերջապէս, ինչո՞ւ աշխատող քաղաքացիներուն վրայ առողջութեան տուրք ընդհանրա-պէս: Ինչո՞ւ որոշուած է այս միջոցով ֆինասաւորել ԱՀԱ-ի բացը. դարձեալ նախագիծը չի տար բացատրութիւն ու հիմնաւորում: Կամայակա՞ն է ընտրութիւնը: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ Առողջութեան տուրքին մէկ կարեւոր մասը կը մնայ գործատուի՛ն վրայ՝ թեթեւցնելով աշխատողին բեռը (Ֆրանսա՝ տուրքին 70 առ հարիւրը գործատէրը, 30 առ հարիւրը աշխատող. Գերմանիա, Ճափոն եւ Ամերիկեան Medicare՝ 50 առ հարիւր-50 առ հարիւրը. աղբիւրը): Կարելի չէ՞ր, օրինակ, այսպիսի մօտեցումներու դիմել, առնուազն որոշ շեմէ ցած աշխատավարձ ունեցողներուն համար: Վերադառնալով Համահարթեցման դրութեան, յիշեցնենք, որ այն նաեւ նուազեցուցած էր մեծ գործատէրերու շահութահարկը, որուն տարեկան պիւտճէական մուտքի կորուստը գնահատուած էր 11 մլրդ. դրամ, այսինքն՝ Առողջութեան տուրքով 2021-ին հաւաքուելիք 122,8 մլրդ.-ի մօտ 9 առ հարիւրը. իսկ եկամտահարկերու համահարթեցման, որուն գլխաւոր շահառուները բարձր ու գերբարձր աշխատավարձ ստացողներն էին եւ կամ գործատուները, հետեւանքով՝ տարեկան կորուստը 30 մլրդ. հաշուարկուած էր: Կը ստացուի, որ Համահարթեցումը եթէ չըլլար, 41 մլրդ. դրամ պիտի խնայուեր պիւտճէին համար, ու հիմա ապահովուած պիտի ըլլար ԱՀԱ-ի համար պակսող 122,8 մլրդ.-ի մէկ երրորդը, եւ պետութիւնը կարիք պիտի չունենար այսքան քերթելու ցած աշխատավարձերէն՝ Առողջութեան տուրքի տեսքով:
Նմանապէս, սերտուա՞ծ է արդեօք այդ բացը լրացնելու համար որոշ գերխոշոր գործատէրերէն յաւելեալ տուրք գանձելու կարելիութիւնը, յատկապէս անոնց, որոնք տարիներով ուղղակիօրէն պատճառ հանդիսացած են քաղաքացիներու այսօրուան ու վաղուան առողջական խնդիրներուն (իմա՝ մետաղի հանքահէնները): Եթէ ոչ, ինչո՞ւ. այդքան դիւրի՞ն է բոլորէն, ներառեալ ծայրը ծայրին ապրողներէն գանձելու որոշում առնելը: Եթէ սերտուած են, ու ոչ նպատակայարմար գտնուած, ապա ո՞ւր են վերլուծութիւնները եւ հիմնաւորումները: Ալ չենք խօսիր՝ այդպէս ալ չիրականացող անցումային արդարադատութեամբ վերադարձուելիք գումարներուն մասին, որոնց գոյացութեան պարագային հաւանաբար լուծուէին այս ու այլ հարցերը:
Կարճ՝ ԱՀԱ-ն, որքան ալ դրական եւ արդարամէտ, իր ֆինանսաւորման ձեւի ընտրութիւնը չէ հիմնաւորած նախագիծին մէջ: Այս տեսքով, առողջութեան տուրքը կը բարձրացնէ ընկերային ազդեցութեան եւ արդարութեան հետ կապուած մտահոգութիւններ:
Փոխան Եզրակացութեան
Առաջարկուած նախագիծը ունի քննադատութիւն կամ մտահոգութիւն առաջացնող որոշ դրոյթներ: Անդրադարձանք անոնցմէ ոմանց: Այս մէկուկէս ամսուան ընթացքին հնչած են այլ մտահոգութիւններ եւս, կապուած բժշկական եւ հիւանդանոցային մարզերու մէջ փտածութեան տակաւին լիովին չվերանալուն (օրինակ յայտնուած է մտահոգութիւն մը, որ բժիշկներ կրնան գործակցիլ հիւանդներու հետ որպէսզի պետութենէն գանձեն վճարումներ՝ չկատարուած բժշկական ծառայութիւններու համար, կամ կրնան կատարել հիւանդին ոչ անհրաժեշտ բժշկական ծառայութիւններ), կապուած բշժկական ծառայութիւններու որակին եւ Առողջութեան տուրքի անոր համապատասխանութեան, կապուած ԱՀԱ-ի ծածկոյթին, եւ այլն: Բարձրացուած հարցերէն ոմանք, ինչպէս օրինակ ստուերի եւ փտածութեան հարցերը, նուազ կապ ունին ուղղակի նախագիծին հետ. ուրիշներ, յատկապէս ԱՀԱ-ի ֆինանսաւորման, յաւելեալ հարկային բեռի եւ անոր ընկերային ազդեցութեան խնդիրները՝ ուղղակիօրէն կապուած են նախագիծին: Վերջինները, կը կարծենք, համեմատաբար աւելի նախապայմանային տեսակի են, ու պէտք է փարատին՝ նախագիծին որդեգրումէն առաջ: Անհրաժեշտ է նաեւ, որ շատ լայն, ոչ ձեւական, ու նաեւ ԱԺ-ի պատերէն անդին հանրային քննարկումներու դրուին այս հարցերը, որպէսզի հանրութեան տարբեր շերտերը, ու մանաւանդ՝ մեծամասնութիւնը կազմող ցած եկամուտ ունեցողները, կարենան իրազեկ ըլլալ, կարծիք արտայայտել եւ ազդել որոշումին վրայ:
Ստուերի, փտածութեան, բուժօգնութեան որակի խնդիրները, միւս կողմէ, կախեալ են կառավարութեան եւ առողջապահութեան նախարարութեան այլ աշխատանքներէն ու ծրագիրներէն. պէտք է, անշուշտ, լուծում տալ անոնց եւս, սակայն կը կարծենք, որ պէտք է զգուշանալ, որ անոնք չդառնան պատճառ կամ որոշ ուժերու ձեռքին՝ պատրուակ, թեթեւ ձեռքով հրաժարելու համար այլապէս անհրաժեշտ ԱՀԱ-ի նախաձեռնութենէն (մասնաւոր ապահովագրութեան ընկերութիւնները, օրինակ, հաւանական է որ նպաստեն ԱՀԱ-ի դէմ պայքարին): Անհրաժեշտութեան պարագային կարելի է նոյնիսկ աւելիով յետաձգել ԱՀԱ-ի ուժի մէջ մտնելը, մինչ այդ այլ բարեփոխումները աւարտին մօտեցնելու նպատակով:
Պէտք չէ մոռնալ սակայն, որ ամէն օր, որ կ՚ուշանայ ԱՀԱ-ի գործադրումը, նոր ցած եկամուտ ունեցող ընտանիքներ կը զրկուին անհրաժեշտ բժշկական խնամքէ: