ՍՆՆԴԱԳԷՏ ՄԱՐԻԱ Գ. ՏԱԳԷՍԵԱՆ
«Covid-19» համաճարակին ընթացքին, շատեր հարցեր ուղղեցին եւ տակաւին կ՚ուղղեն ուտելիքներու մասին, օրինակ`
– Ո՞րն է լաւագոյն սննդանիւթը կամ վիթամինը՝ կանխելու covid-էն վարակումը:
– Ո՞ր ուտելիքը կը զօրացնէ անհատին ախտամերժութեան համակարգը:
– Ի՞նչ կրնանք խմել (բուսական ըմպելիքներ) խուսափելու համար վարակուելէ:
Եւ դեռ շատ աւելին:
Այս համավարակը մեծապէս ազդեց մարդկութեան վրայ՝ անյայտ ապագայի առջեւ ձգելով բոլորը՝ կենսակերպի, առօրեայի, տնտեսական եւ ընկերային տարբեր մարզերու մէջ:
Տակաւին, ինքնամեկուսացումը բացայայտեց եւ շեշտեց ինքնասպասարկման անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը, որոնցմէ մէկը կը նկատուի սննդային առողջ ապրելակերպի պահպանումը:
Համաճարակը մեր կազմակերպուած աշխոյժ կեանքը վերածեց կրաւորական ապրելակերպի՝ ի յայտ բերելով աւելորդ կշիռքը եւ թերի սնունդի պարագաներ:
Թերի սնունդը, մարմնի կշիռքին փոփոխութիւնները պատճառ կը դառնան բարդութեանց յառաջացման, ինչպէս` քրոնիք հիւանդութիւններու, վիթամիններու անբաւարարութեան, տրամադրութեան անկումի եւ ախտազրկման համակարգի տկարացման:
«Covid-19»-ն աւելի մեծ ազդեցութիւն ունի տկար դիմադրողականութիւն ունեցողներուն վրայ, եւ այդ իսկ պատճառով կարեւոր է ունենալ սննդային առողջ ապրելակերպ՝ զայն յագեցնելով ածխաջրերով, սպիտակուցներով, ճարպերով, պտուղներով եւ բանջարեղէնով: Ամէնօրեայ նախաճաշ-ճաշ-ընթրիքը վերածել ստիպողական կանոնի՝ չմոռնալով «սնաք»ները, եւ մանաւանդ ջուրի առատ օգտագործումը` 1.5-էն 3 լիթր (օրական):
Վերջապէս, հաւասարակշռուած սննդականոն մը պահելով, կարելի պիտի ըլլայ ապահովել բաւարար վիթամին՝ պահպանելու համար ձեր ընդհանուր առողջութիւնը եւ ունենալու բարձր դիմադրողական համակարգ, որոնք կ՚օգնեն յաղթահարելու ձեր առջեւ ծառացած որեւէ հիւանդութիւն: