ՄԵԼՔՈՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
«Դեղդ թող ըլլայ ուտելիքդ, Ուտելիքդ թող ըլլայ դեղդ»
ՀԻՓՈՔՐԱՏԵՍ
ՍՏԵՊՂԻՆ + ՃԵՐՄԱԿ ԲՈՂԿ (Daikon)
Միշիօ Քուշիի կողմէ պատրաստուած եւ փորձարկուած դեղամիջոց մը։ Յանձնարարելի է մասնաւորաբար լեարդի զանազան անհանգստութիւններու պարագային. մարմինէն դուրս կը վանէ հաւկիթի, պանիրի եւ կովու իւղերը։ Այս պատրաստութիւնը կ՛օգնէ նաեւ լուծելու եւ դուրս քշելու մարմինի որեւէ տեղ կուտակուած իւղերը եւ կը նպաստէ արագօրէն իջեցնելու քոլեսթերոլը։
ԾԱՆՕԹ. Տայքոնը աւելի Եին է եւ ունի լուծելու յատկութիւն: Ստեպղինը աւելի Եանկ է եւ կ՛աւելցուի աւելի զօրացնելու մարմինը եւ անկէ դուրս վանելու իւղերը։ Սակայն, երկար ժամանակ միասին օգտագործելու պարագային, անոնք կրնան տկարացնել մարմինը: Բայց ումեպոշի եւ նորի աւելցնելով կարելի է համեմատաբար աւելի երկար ժամանակի վրայ օգտագործել այս խառնուրդը: Տասը օրուան վրայ, ամէն օր, կամ օր մը այո օր մը ոչ՝ երկու շաբթուան վրայ։
ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԵՂԱՆԱԿ
ա. Բարակ կտորներու վերածել կէսական գաւաթ ստեպղին եւ տայքոն եւ դնել փոքրիկ կաթսայի մը մէջ, առանց շատ երկար ձգելու յատակը։
բ. Երկու գաւաթ ջուր աւելցնել եւ մեղմ կրակի վրայ եռացնել։
գ. Մէկ երրորդ նորիի (nori – ծովաբոյս) տերեւ եւ կէս ումեպոշի աւելցնել եւ եփել միասին։
դ. Շուրջ երեք վայրկեան ցած կրակի վրայ մրմռացնել եւ քանի մը կաթիլ թամարի աւելցնել վերջաւորութեան։
ե. Ուտել եւ խմել բանջարեղէններն ու ջուրը միասին։
ՇՈՒՇՄԱ (SESAME SEEDS)
Շուշմայի հատիկները Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ ունէին խորհրդանշական իմաստ եւ կը նկատուէին երկարակեցութեան գրաւական։ Անոնք մեր օրերուն եւս ունին բժշկական բազմաթիւ եւ բազմապիսի յատկութիւններ ու յատկանիշներ։
Ա. Հում վիճակի մէջ։ 5-էն 10 կրամ շուշմայի հատիկ լաւապէս ծամել՝
– Ստամոքսային եւ աղիքային անհանգստութիւններու պարագային.
– Մօր կաթը խթանելու եւ քանակը աւելցնելու համար.
– Դաշտանի անկանոնութիւններու պարագային.
– Մազերու գոյնը սեւցնելու համար.
– Տեսողութեան խանգարումներու պարագային.
Բ. Իբրեւ թէյ՝ երկու թէյի դգալ շուշմայի հատիկ թեթեւ մը ճզմել, գաւաթ մը ջուր աւելցնել եւ եռացնել 10-20 վայրկեան: Օրական 2-3 գաւաթ խմել առանց քամոցէ անցնելու։
– Մազերու գոյնին համար 2-էն երեք շաբաթ.
– Տեսողութեան խանգարումներու պարագային.
– Մօր կաթը խթանելու գամար.
– Դաշտանի անկանոնութեան պարագային.
Գ. Իբրեւ ձէթ (որպէս քսուք)՝
– Մորթային հիւանդութիւններու (մասնաւորաբար ճեղքուածքի) պարագային.
– Պայթած պեներու պարագային.
– Այրուածքներու վրայ (աղի պաղ ջուրով լուալէ ետք).
– Գանկին վրայ՝ հերաթափութիւնը կեցնելու համար.
– Գիշերային չոր հազի պարագային, հանգիստ քնանալու համար ապուրի դգալ մը շուշմայի կամ ձիթապտուղի մաքուր ձէթ մեծ օգուտ կրնայ ունենալ. եթէ հազը շարունակուի՝ ի հարկին կարելի է երկրորդ դգալ մը եւս խմել.
Դ. Իբրեւ կաթիլ՝
– Բորքոքած եւ ցաւող ականջներուն մէջ՝ մէկ-երկու կաթիլ գաղջ ձէթ կաթեցնել.
– Նոյնպէս՝ երբ ականջին ներքնամասը թեթեւ մոմակալած մաշկով մը պատուած է: Ձէթը կը կակուղցնէ մոմակալած մաշկը, որմէ ետք աւելի դիւրին կ՛ըլլայ մաքրել զայն ջուրով.
– Տեսողութեան զանազան խանգարումներու պարագային. այս նպատակին համար օգտագործել լաւագոյն որակի շուշմաձէթ (MITOKU Toasted Sesame Oil).
ա. ձէթը տաքցնել թեթեւ կրակի վրայ.
բ . ձգել քիչ մը որ պաղի.
գ. թաշկինակով մը կամ gauze-ով սուզել.
դ. իւրաքանչիւր աչքին մէջ մէկ կաթիլ կաթեցնել՝ նախընտրաբար ամէն գիշեր քուն մտնելէ առաջ։
ԾԱՆՕԹ. Այս մէկը թելադրելի է բոլորին, տեսողական հարց ունեցող կամ ոչ, իբրեւ կանխարգիլման միջոց` աւելի պայծառ տեսողութիւն ունենալու համար: Այս վերջիններուն պարագային, օրընդմէջ եւս կարելի է։
Ե. ՇՈՒՇՄԱՁԷԹ GINGER-Ի ՀԻՒԹՈՎ
Աչքի չափով, 1 թէյի դգալ հիւթ ստանալու համար թարմ ճինճըր մանր շերտել եւ նոյն քանակութեամբ շուշմաձէթի հետ խառնել։ Գործածելէ առաջ լաւ մը ցնցել, որ միաձուլուին։ Եթէ գործածութեան ընթացքին թեթեւ այրուածք զգացուի՝ կարելի է նուազեցնել ճինճըրի քանակը (Օրինակ՝ 10 կաթիլ ճինճըր /1 ապուրի դգալ ձէթի դիմաց)։
Այս խառնուրդը, իբրեւ քսուք, կարելի է օգտագործել յատկապէս հետեւեալ պարագաներուն`
– Հերաթափութիւնը կասեցնելու եւ թեփերու պարագային.
– Ան օգտակար է յատկապէս մկանային յօդացաւերու եւ դէմքի ջղացաւերու համար.
– Ան նոյնպէս շատ ազդու է զանազան գլխացաւերու պարագային.
– Կաթիլներու ձեւով այս խառնուրդը մեծապէս օգտակար է նաեւ ականջի բորբոքումներու համար այն աստիճան, որ անոր մէկ կաթիլն ագամ կրնայ հանդարտեցնել բորբոքումը։