ՄԱՔՐՈՊԻՈԹԻՔ ԱՆԿԻՒՆ. ՄԵԼՔՈՆ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
«Դեղդ թող ըլլայ ուտելիքդ, Ուտելիքդ թող ըլլայ դեղդ». ՀԻՓՈՔՐԱՏԵՍ
ՔՈՒԶՈՒ (KUZU կամ KUDZU)
Վայրի հսկայ արմատներէ պատրաստուած թանձրացուցիչ (Նիշէ)։
Անկախ իբրեւ թանձրացուցիչ իր խոհանոցային այլազան գործածութենէն, ՔՈՒ-ԶՈՒՆ իբրեւ դեղամիջոց եւս ունի դարմանումի բազմաթիւ եւ ազդու յատկութիւններ։
ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒ
Մէկ թէյի դգալ քուզու երեք թէյի դգալ ջուրի մէջ լաւ մը լուծել առանց թանձր գունտեր ձգելու: Թէյի գաւաթ մը ջուր աւելցնել վրան եւ միջակ կրակի վրայ երեք վայրկեան եռացնել՝ միշտ մեղմօրէն խառնելով, որպէսզի տակը չբռնէ։ Ապա աւելցնել նախապէս բիւրէյի թանձրութեամբ ճզմուած կէս ոումեպոշի սալոր առանց կորիզի եւ թեթեւ կրակի վրայ եռացնել եւս երկուերեք վայրկեան։ Մարելէն ետք, քառորդ թէյի դգալ TAMARI (Soy Sauce) աւելցնել. ի հարկին կէս թէյի դգալ քամուած ginger juice եւս կարելի է աւելցնել։
Խմել տաք վիճակի մէջ։
ԱԶԴԵՑՈՋԹԻՒՆ
Քուզուն ըստ ամենայնի մարսողական դրութեան (յատկապէս ստամոքս եւ աղիքներ) ամէնէն ազդու դեղամիջոցներէն է. ան իբրեւ չեզոք դեղամիջոց հանդարտեցնող, հակակշռող եւ հաւասարակշռող յատկութիւն ունի։ Ծանր ճաշերէ ետք, մասնաւորաբար գաւաթ մը քուզուն մեծապէս կը դիւրացնէ մարսողութիւնը եւ կը մեղմացնէ ճնշումն ու ծանրութիւնը։
Քուզուն յոգնածութիւնը չեզոքացնող, մարմնի դիմադրողականութիւնը զօրացնող եւ կենսունակութիւնը վերականգնող գերազանց միջոց է. թելադրելի է մանաւանդ վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուած անհատներուն։
ԿԱՂՆԵՍՈՒՆԿ (SHIITAKE-ՇԻԹԱՔԷ)
Կը բուսնի կաղնիի կոճղերուն վրայ։
ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒ
Կ՛օգտագործուի չորացուած վիճակի մէջ։
Միջակ չափի սունկ մը թրջել գաւաթ մը ջուրի մէջ 20-30 վայյրկեան կամ մինչեւ որ կակուղնայ։ Չորսի բաժնել, երկու գաւաթ ջուր աւելցնել վրան, եռացնել եւ թեթեւ կրակի վրայ մրմռացնել 10-20 վայրկեան մինչեւ որ մէկ գաւաթ մնայ։ Կրակը մարելէն ետք, քանի մը կաթիլ tamari կամ պտղունց մը ծովու խոշոր աղ աւելցնել վրան եւ խմել տաք վիճակի մէջ երկու անգամով՝ կէս գաւաթկէս գաւաթ։
Շիթաքէն հարուստ է փրոթէինով, կենսանիւթերով եւ զանազան հանքանիւթերով։
ԾԱՆՕԹ.- Մէկ տարեկան եւ վար փոքրիկներու պարագային թամարի կամ աղ չաւելցնել վրան։
Նկատի ունենակով, որ Շիթաքէն շատ ԵԻՆ է՝ օրական մէկ անձի համար մէկ Շիթաքի միայն օգտագործել։
ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ
– Շիթաքէն կը վանէ մարմնին մէջ երկար ատենէ ի վեր աղի եւ աղի ոտելիքներու (միս եւ այլն ) ճամբով կուտակուած եւ կարծրացած աղերը։ Ան շատ օգտակար է մանաւանդ ԵԱՆԿ անձերու եւ արեան գերճնշումէ տառապողներուն համար։
– Շիթաքէն կը լուծէ եւ մարմնէն դուրս կը վանէ քոլեսթերոլը. հետեւաբար ան շատ օգտակար է այն անձերուն համար, որոնք երկար ատեն քոլեսթերոլ առած են։
– Շիթաքէն կը խթանէ երիկամներուն աշխատանքը եւ կը նպաստէ մէզի գոյացման։
– Շիթաքէն օգտակար է նաեւ քրոնիկ թեթեւ հազի պարագային, սակայն զայն պէտք չէ թելադրել շատ ԵԻՆ անձերուն. այսինքն այն պարագաներուն, որոնք մսկոտ են, որոնց ձեռքերն ու ոտքերը շուտ պաղ կ՛առնեն եւ այլն։
– Շիթաքէն կը հանդարտեցնէ գերճնշուած պարագաներն ու կը մեղմէ սթրեսը։
ԼՈԹԻՒՍԻ ՉՈՐԱՑԱԾ ԱՐՄԱՏ
(LOTUS ROOT)
ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒ
Շուրջ 10 կրամ լոթիւս քառորդ ժամ թրջել գաւաթ մը ջուրի մէջ եւ եռացնել 12-15 վայրկեան։ 2-3 կաթիլ ճինճըր աւելցնել, առաւել պտղունց մը ծովու աղ կամ քանի մը կաթիլ թամարի։
ՕԳՏԱԿԱՐՈՒԹԻՒՆ
Յատկապէս հետեւեալ պարագաներուն:
– Հազ
– Պաղարութիւն
– Սինիւսի բորբոքում եւ այլն
– Թոքերու կապուած անհանգստութիւններ. հազ, ազմա, պռոնշիթ եւ այլն
Եթէ ծծկեր մանուկը վարակուած է նման անհանգստութիւններէ՝ մայրը պէտք է խմէ լոթիւսի թէյ։
ԿԱՆԱՉ ԹԷՅ
(SENCHA – GREEN TEA)
Նոյն թուփէն պատրաստուող երեք տարբեր թէյերէն մէկը։
ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒ
Գաւաթ մը եռացած ջուր պարպել կէս թէյի դգալ թէյի վրայ. ըստ պարագայի 3-5 վայրկեան ձգել եւ օրական մէկ գաւաթ խմել նախընտրաբար գիշերները անկողին մտնելէ առաջ։
ՕԳՏԱԿԱՐՈՒԹԻՒՆ
– Իւղերը հալեցնելու համար։
– Նիհարնալու համար։
– Ջիղերը հանդարտեցնելու համար։
– Անքնութենէ տառապողներուն համար։
– Յղի կիներուն համար։
ԾԱՆՕԹ. ՅԻՇԵՑՈՒՄԻ ԿԱՐԳՈՎ
Մաքրոպիոթիք դեղամիջոցներու եւ հիւանդութիւններու դարմանումներու արդիւնաւէտ եւ բարւօք օգտագործման համար կարեւոր է որ ենթակաները (հիւանդները) տարրական անհրաժեշտ նուազագոյն գաղափար մը ունենան կեանքը, բնութիւնը եւ մեր տիեզերքը կառավարող «ԵԻՆ-ԵԱՆԿ»ի միակ եւ յաւիտենական սկզբունքին մասին, այլապէս անորոշութեան, թերահաւտութեան ու տարակուսանքի միջեւ կը տատանին…
Ինչ որ նուազագոյնի կ՛իջեցնէ յաջողոջթեան հաւանակութիւնը։