Ասպիրինը, զոր կարելի է գնել առանց դեղագիրի, լայնօրէն կ’օգտագործուի ցաւազրկումի եւ տաքութիւնը նուազեցնելու համար: Ան նաեւ կարեւոր դեր կը խաղայ արեան մակարդումը կանխարգիլելու: Պատմականօրէն, ամէնօրեայ ասպիրինը առաջադրուած է որպէս սրտանօթային հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու հիմնական միջոց տարեցներու մօտ: Սակայն, վերջին ուսումնասիրութիւնները եւ նոր ուղեցոյցները զգալիօրէն փոխած են այս տեսակէտը:
«Annals of Internal Medicine» ամսաթերթին մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութիւն մը կը քննէ ասպիրինի օգտագործման ներկայ վիճակը Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ կեդրոնանալով սրտանօթային հիւանդութիւններու կանխարգիլման համար անոր տարածուածութեան վրայ: Հակառակ բժշկական ուղեցոյցներու փոփոխութիւններուն, հետազօտողները յայտնաբերած են, որ 60 եւ աւելի տարեկաններու 29,7% տոկոսը 2012-էն մինչեւ 2021 սրտանօթային հիւանդութիւններու կանխարգիլման նպատակով ասպիրին գործածած է: Մտահոգիչ նկատուած է, որ 5.2%-ը այդ մէկը կատարած է առանց բժիշկի խորհրդատուութեան:
Այս տուեալները կ’ընդգծեն կարեւորութիւնը բժիշկներու միջամտութեան եւ իրենց հիւանդներուն փոխանցելու ասպիրինի օգտագործման վնասները՝ օգուտներու կողքին: Ամերիկեան սրտի ընկերակցութեան եւ Սրտաբանութեան ամերիկեան գոլէճի այժմու ուղեցոյցները կը թելադրեն հրաժարիլ ասպիրինի առօրեայ գործածութենէն՝ առանց սրտանօթային հիւանդութիւններու անցեալ ունենալու: Մասնաւորաբար, 70 տարեկանէն վեր տարեցները առօրեայ ասպիրին պէտք չէ գործածեն սրտանօթային հիւանդութիւններ կանխելու նպատակով: Փոխարէնը, ասպիրինը այժմ աւելի կը յանձնարարուի երկրորդական կանխարգիլման համար, այսինքն՝ սրտի կաթուած անցուցած անձերու:
Ամերիկեան պորտի անդամ տոքթ. Ռիկվէտ Թատուոքըր, Փրովիտընս Սենթ Ճոն առողջապահական կեդրոնի խորհրդատու սրտաբանը կը բացատրէ, որ թէեւ ասպիրինի փոքր 75-100 մկ բաժին մը կարելի է նկատել որպէս նախնական կանխարգիլման միջոց 40-70 տարեկաններու համար, որոնք ունին սրտանօթային հիւանդութիւններու բարձր հակամէտութիւն (ASCVC), այլ գործօններ, ինչպէս՝ ծխախոտի օգտագործումը, արեան ճնշումը, քոլեսթելրոի մակարդակը եւ ընտանեկան պարագաները նաեւ պէտք է ուշադիր գնահատուին:
Նոր հետազօտութիւն մը ցոյց կու տայ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ բազմաթիւ տարեցներ կը շարունակեն ամէն օր փոքր չափերով ասպիրին կլլել առանց բժիշկի յանձնարարութեան` հաւանական վտանգի ենթարկելով իրենց առողջութիւնը: Աւելի քան 6 միլիոն ամերիկացի տարեցներ առանց բժշկական խորհուրդի ասպիրին կը գործածեն սրտի հիւանդութիւնը կանխելու համար, ներառեալ ծերեր եւ ստամոքսի խոցերու (ulcers) պատմութիւն ունեցողներ, որոնց մօտ կ’աւելնայ արիւնահոսութեան վտանգը:
«Annals of Internal Medicine» ամսաթեր-թին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան մը հեղինակը՝ տոքթ. Քոլին Օ’պրայըն, Հարվրտի բժշկական դպրոցէն, կ’ընդգծէ ասպիրինի շարունակական գործածութեան մա-սին բժիշկներու հետ խորհրդակցելու կարեւորութիւնը: Հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ 70 եւ աւելի տարիքի մարդիկ, գրեթէ 50% համեմատութեամբ, առանց սրտանօթային հիւանդութիւններու, ասպիրին կը գործածեն սրտի հիւանդութիւն կանխելու համար` յաճախ առանց գիտակցելու հաւանական վտանգներուն:
Ասպիրինի ամէնօրեայ գործածութեան հիմնական մտավախութիւնը արիւնահոսութեան հաւանականութիւնն է: Ասպիրինը կը պակսեցնէ արեան դոնդողներու (Blood clots) յառաջացման հաւանականութիւնը, բայց միաժամանակ կ’աւելցնէ ներքին արիւնահոսութեան վտանգը: Այս վտանգին առկայութիւնը աւելի ակնյայտ դարձաւ, երբ 2018-ին հրապարակուած երեք ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուին, որ շատերու մօտ ներքին արիւնահոսութեան վտանգները յաճախ կը գերակշռեն ասպիրինի օգտագործման առաւելութիւնները:
Այս տուեալները պատճառ հանդիսացան, որ Սիրտի ամերիկեան ընկերակցութիւնը (American Heart Association) եւ Սրտաբանութեան ամէրիկեան գոլեճը (American College of Cardiology) վերատեսութեան ենթարկեն իրենց ուղեցոյցները: Այժմ անոնք խորհուրդ կու տան ամենօրեայ ասպիրին չգործածել` 70 եւ աւելի տարեկաններուն եւ արիւնահոսութեան մեծ հաւանականութիւն ունեցող որեւէ տարիքի մարդոց՝ նոյնիսկ եթէ այդ սրտանօթային հիւանդութիւններու կանխարգիլման նպատակով է: Այս յանձնարարութիւնները չեն վերաբերիր անոնց, որոնք արդէն սրտի կաթուած անցուցած են:
Տոքթ. Հարտիք Ամին, Եէյլ համալսարանի բժշկական դպրոցի նեարդաբանութեան փրոֆէսորներէն, կ’ընդգծէ, որ մինչ մէկ կողմէ ասպիրինը կը կանխէ արեան մակարդումը, միւս կողմէ կը խանգարէ արիւնահոսութիւնը կառավարելու մարմնին կարողութիւնը` բարձրացնելով ներգանկային արիւնահոսութեան վտանգը, յատկապէս տարեց մարդոց մօտ:
Եզրափակելով, թէեւ ասպիրինը շատերու համար կը մնայ արժէքաւոր դեղ մը, անոր ամէնօրեայ գործածութիւնը տարեցներու մօտ սրտանօթային հիւանդութիւններու կանխարգիլման նպատակով՝ պէտք է վերանայուի: Բժիշկները պէտք է անպայման հիւանդներուն փոխանցեն հաւանական վնասներն ու օգուտները` ընդգծելով բժշկական խորհրդատուութեան կարեւորութիւնը ասպիրինի ամէնօրեայ դրութիւնը շարունակելէ կամ սկսելէ առաջ: