ԱՅՍՕՐ ՊԱՏՐԱՍՏԷ՛ ՏԱՐՀԱՆՄԱՆ ՊԱՅՈՒՍԱԿԴ ԵՒ ԴԻ՛Ր ՇԱՏ ՅԱՐՄԱՐ ՈՒ ՀԱՍԱՆԵԼԻ ՏԵՂ ՄԸ
Բնականաբար իւրաքանչիւր անձի ու իւրաքանչիւր ընտանիքի տարհանման պայուսակը ունի իր առանձնայատուկ պարունակութիւնը՝ կախուած տուեալ ընտանիքի կամ անձի կարիքներէն: Այնուամենայնիւ, փորձած ենք ներկայացնել պարագաներու այն հիմնական խումբերը, որպէսզի ուղորդենք եւ օգնենք այս գործին մէջ:
Որքան ալ, որ հոգեպէս դժուար է այս գործը ընելը, յիշեցէք, որ պատրաստուած ըլլալը կրնայ նուազեցնել վախը, տագնապայնութիւնը եւ կորուստները: Ասիկա կարեւոր քայլ է, որ շատ ջանք չի պահանջեր, բայց պէտք է ընենք մեր եւ մեր ընտանիքի ապահովութեան համար:
Հիմնական իրերէն կազմուած այս խմբաւորումը կ’ուղէ ձեզ այդ գործին մէջ:
ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ ԵՒ ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ ԳՈՒՄԱՐ
– Բոլոր կարեւոր փաստաթուղթերու պատճէնները, այդ կարգին թուային՝ անձնագիրներ, բժշկական փաստաթուղթեր, սեփականութեան վկայականներ, ծննդեան վկայականներ, ապահովագրական փաթեթներ եւ այլն:
– Ընտանիքի անդամներու եւ արտակարգ իրավիճակներու հեռաձայնային թիւեր,
– Լրացուցիչ կանխիկ գումար, որոշ թանկարժէք իրեր, օրինակ՝ զարդեր:
ԱՌՈՂՋԱԲԱՆԱԿԱՆ, ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ
– Անձնական մաքրութեան պարագաներ, այդ կարգին՝ դիմակներ, ակռաները մաքրելու դեղ եւ վրձին, լոգանքի եւ ձեռքեր լուալու օճառ եւ այլն
– Օճառ, ախտահանիչներ, այդ կարգին՝ թաց եւ չոր անձեռոցիկներ, փոքր «աման»-ով հագուստ լուալու հեղուկ
– Միջադիրներ, զուգարանի թուղթ
– Աղբի տոպրակներ:
ՍԱՐՔԵՐ
– Լիցքաւորուած մարտկոց եւ լար հեռաձայններու համար
– Լապտեր եւ լրացուցիչ սարքաւորումներ
– Սուլիչ
– Շարժական փոքրկազօջախ:
ՍՆՈՒՆԴ ԵՒ ՋՈՒՐ
– Ջուր՝ չորս լիթր՝ ընտանիքի իւրաքանչիւր անձի հաշուով՝ տարհանման համար՝ երեք օր, եւ երկշաբաթեայ պաշար տունը պահելու համար
– Սնունդ՝ երեք օրուայ համար տարհանման նպատակով եւ երկու շաբաթեայ պաշար տան համար: Նախընտրաբար չոր եւ ուշ փճացող տարբերակները:
Չմոռնաք ուշադրութիւն դարձնել ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի, այդ կարգին՝ ամէնէն փոքրերը կամ օրինակ, ընտանի կենդանիներու յատուկ սննդային կարիքներուն եւ բոլորին յարմար սննդամթերք դնել պայուսակի մէջ: Չկոտրուող աման, մէկ սուր դանակ, սպունգ, փոքր չափի «աման»-ով լուալու հեղուկ:
ԱՌԱՋԻՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԴԵՂԱՏՈՒՓ
Ստորեւ կը ներկայացնենք այն դեղատուփի հիմնական պարունակութիւնը, զոր կ’առաջարկէ Կարմիր խաչը: Վստահաբար, իւրաքանչիւր ընտանիք պէտք է իր առանձին դեղատուփը պատրաստէ՝ մեկնելով ընտանիքի անդամներու բժշկական, առողջական վիճակէն: Կ’առաջարկենք այս մասին խորհրդակցիլ ձեր ընտանիքի բժիշկին հետ:
– Ցաւազրկողներ, փորքշուքի դէմ դեղեր, լուծողականներ, եւ այլն
– Տարբեր լայնութեան վիրակապեր
– Մաշկի ինքնակպչուն վիրակապ
– Վէրքերը փակող տարբեր չափի կպչուն ժապաւէններ
– Ջրադիմացկուն սպեղանիներ
– Բամպակեայ խծուծներ
– Պեթատինի լուծոյթ
– Միջին չափի պողպատէ մկրատ
– Ձեռնոցներ (մէկ անգամուան համար գործածելիք)
– Նօթատետր եւ գրիչ կամ մատիտ
– Ախտահանիչ հեղուկ
– Ախտահանող եւ հակաքորային քսուք
– Օճառ կամ ձեռքերու ախտահանման ժել
– Սառեցնող պարկեր (սառցապարկ)
– Թուային ջերմաչափ:
ՀԱԳՈՒՍՏ
– Ընտանիքի անդամներուն համար երեք անգամ հագուստը փոխելու համար անհրաժեշտ քանակի հագուստ եւ ներքնազգեստ
– Հանգիստ կօշիկներ
– Ծածկոցներ, փոքր սրբիչներ եւ մէկ մեծ սրբիչ
– Քնապարկ:
ՀԱՇՈՒԻ՛ ԱՌԷՔ
– Հաւաքեցէ՛ք ամէն ինչ, որ կրնայ անհըրաժեշտ ըլլալ ձեր փոքրիկներուն, օրինակ՝ կերային խառնուրդ, շիշ, մանկական սնունդ, տակդիրներ: Փորձեցէք նաեւ ունենալ քանի մը փոքրածաւալ խաղալիք կամ գիրք, մատիտներ եւ թուղթ կամ այլ փոքր պարագաներ, որոնք կրնան օգնել ձեր երեխաները զբաղեցնելու բարդ իրավիճակներու մէջ:
– Այս պայուսակը ունենալէ ետք յիշեցէք, որ անիկա պէտք է յաճախակի թարմացնել եւ անհրաժեշտութեան պարագային փոխարինել ժամանակը անցած իրերը: Տրուած ըլլալով, որ ընտանիքի կարիքները ամէն տարի կը փոխուին, անհրաժեշտ է պայուսակի պարունակութիւնը վերանայիլ տարին մէկ, իսկ ջուրը եւ չոր սնունդը թարմացնել՝ նուազագոյնը եռամսեակը մէկ:
– Տան մէջ պայուսակը պահեցէք յարմար ու յատուկ անկիւն մը եւ վստահ եղէք, որ տան իւրաքանչիւր անդամ գիտէ այդ տեղը:
– Ցաւօք, անհնար է կանխատեսել, թէ ուր կ’ըլլաք, երբ արտակարգ իրավիճակը պատահի, ուստի առանձին հաւաքածոյ պատրաստեցէք նաեւ աշխատավայրի եւ ինքնաշարժի համար:
– Աշխատավայրի հաւաքածոն կրնայ պարունակել ջուր, անհրաժեշտ դեղորայք, յարմար կօշիկներ, թաց ու չոր անձեռոցիկներ, չոր սնունդ: