Գիտնականները պարզած են, որ «մելաթոնին»ի MT1 «ընդունիչ»-ը կարեւոր դեր կը խաղայ արագ քունի (REM-Rapid Eye Move-ment) կարգաւորման հարցին մէջ։ Այս յայտնագործութիւնը կրնայ օգնել քունի խանգարումներու եւ անոնց հետ կապուած ջղային-հոգեկան հիւանդութիւններու բուժման, գրած է Journal of Neuroscience-ը։
Արագ քունի (REM-քուն) ժամանակ ուղեղին մէջ կը նուազի նորատրենալին «յառաջացնող» ջղաբջիջներու աշխուժութիւնը։ Անոնք կը գտնուին «երկնագոյն բիծ» կոչուող հատուածին մէջ։ «REM»-քունի խանգարումները կրնան հասցնել անբուժելի հիւանդութիւններու։
Մաքկիլի համալսարանի հոգեբուժութեան փրոֆեսոր, նոյն համալսարանի Առողջութեան կեդրոնի գիտահետազօտական հիմնարկի գիտաշխատող, ինչպէս նաեւ քանատական հետազօտութիւններու՝ հոգեկան առողջութեան բուժման ոլորտի ամպիոնի վարիչ Կապրիելա Կոպին ըսած է, որ այս յայտնագործութիւնը կարեւոր է քունի մեքանիզմները հասկնալու համար եւ մեծ նշանակութիւն ունի բուժական հիմնարկներու փորձարկումներուն մէջ:
Գիտնականները պարզած են, որ մարդու քունը կը բաժնուի փուլերու՝ «nonREM» եւ «REM»։ Անոնք կը կատարեն տարբեր աշխատանքներ։
Յիշողութեան եւ յուզական կարգաւորման հարցին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ «REM»-քունը։ Իսկ ոչ կանոնաւոր քունը կը խթանէ ֆիզիքական վերականգման ընթացքը։ Քունի խանգարումները կրնան բարձրացնել ջղայինհոգեկան հիւանդութիւններու յառաջացման հաւանականութիւնը։
Գիտնականները երկար ժամանակ չէին կրնար գտնել այն «ընդունիչ»-ը, որ գործի կը դնէ քունի «REM»-փուլը։ Նոր հետազօտութեան մէջ ի յայտ եկած է, որ այդ փուլի կարգաւորման համար պատասխանատու է «մելաթոնին»ի MT1 «ընդունիչ»-ը։ Այդ «ընդունիչ»-ներուն վրայ ազդող դեղերու օգնութեամբ գիտնականները կրցած են աւելցնել փորձարկուող կենդանիներու «REM»-քունի տեւողութիւնը եւ նուազեցնել ջղաբջիջներու աշխուժութիւնը։
Այժմ չկայ դեղ, որ կրնայ ազդել միայն արագ քունի (REM-քուն) փուլին վրայ։ Քնաբերներու մեծ մասը կ’աւելցնէ քունի ընդհանուր տեւողութիւնը, բայց եւ բացասաբար կ’ազդէ REM-քունի վրայ, կ’ըսէ դոկտոր Սթեֆանօ Քոմաին (հետազօտութեան համահեղինակ)։
«REM»-քունի ուսումնասիրութիւնը կ’օգնէ գտնել բուժման մեթոտներ, որոնք կրնան բարելաւել քունի խանգարումներ ունեցող հիւանդներու կեանքի որակը։ Քունի կարգաւորման ուսումնասիրման ընթացքին աւելի կը մեծնայ ջղային համակարգի խանգարումներու արդիւնաւէտ բուժման յոյսը։