Աղբիւր` Medical News Today
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Ատելութիւնը բացասական ուժեղ յոյզ մըն է, բայց` բառ մը, զոր դիւրին է ըսել: Օրինակ, մեզմէ շատերը կը դաւանին, որ իրենք կ՛ատեն հասարակական այս կամ այն գործիչը, օրինակ` քաղաքական գործիչները: Բայց այս օրերուն մէկը կրնայ միայն թերթել ընկերային ցանցերը` այլոց դիմաց ատելութեան յայտարարութիւններ գտնելու համար: Այսպիսով, ուրեմն, արդեօ՞ք մարդիկ մեծապէս կապուած են այս յոյզին` ատելութեան: Medical News Today-ը ուսումնասիրած է այն գիտութիւնը, թէ ինչո՛ւ մարդիկ «ատելութիւն կը զգան»:
Merriam-Webster բառարանը կը սահմանէ ատելութիւնը` որպէս հետեւեալներէն մէկը.
– Ծանր թշնամանք եւ հակակրանք, որոնք սովորաբար կը բխին վախէն, զայրոյթէն կամ վիրաւորուած ըլլալու զգացումէն:
– Ծայրայեղ խորշանք (dislike) կամ զզուանք (disgust):
– Ատելութեան համակարգուած եւ յատկապէս քաղաքական շահագործուող արտայայտութիւն:
2018 թուականին յօդուածի մը մէջ Ամսթերտամի համալսարանի փրոֆեսէօր Ակնեթա Ֆիշըր եւ իր համահեղինակները ատելութիւնը նկարագրեցին որպէս «մարդկային բնութեան պատմութեան մէջ ամենակործանարար գործուն երեւոյթը»:
Բայց մենք իսկապէս գիտե՞նք, թէ այդ մէկը ի՛նչ է:
Նոյն յօդուածին մէջ թուարկուած են ատելութեան նկարագրութեան այլ եղանակներ` յուզական վերաբերմունք, համախտանիշ, զայրոյթի ընդհանրացուած ձեւ, ընդհանրացուած գնահատում, օրինաչափականութիւն ունեցող դատողութիւն կամ ուրիշները արժեզրկելու դրդապատճառ:
Medical News Today-ի հետ զրոյցի ընթացքին, հոգեբան եւ Essentialise Workplace Wellbeing-ի հիմնադիր Լի Չամպըրզ նշեց, որ` «Ատելութիւնը մարդկային զգացումներու մէկ մասն է: Բաւական կը տարբերի այն բանով, որ ան աւելի երկարաժամկէտ յոյզ է: Ան անմիջական, սուր զգացում չէ, ինչպէս` զայրոյթը կամ տխրութիւնը»:
Ատելութիւնը` որպէս զգացում
Բժիշկ Ռեբեքա Սաքսի խօսքերով, ատելութիւնը կը բնութագրէ այլ բացասական յոյզեր, ինչպիսիք են` զայրոյթը, արհամարհանքը եւ զզուանքը: Անոնցմէ ան կը տարբերի բնածին բնոյթի, շարժառիթներու եւ թիրախին բնութագրերուն վրայ իր կեդրոնանալով:
«Անձի կամ խումբի մը նկատմամբ թշնամական զգացում մը, որ բաղկացած է չարութենէ, զզուանքէ եւ ատելութեան ենթակային վնասելու կամ նոյնիսկ բնաջնջելու պատրաստակամութենէ», կ՛ըսէ ան:
Դոկտ. Սաքս ատելութիւնը կը համարէ մարդկային հակուածութեան մէկ տեսակը` ստեղծելու համար խումբեր, որպէսզի այդ խումբերը դառնան «մենք»` ներքին խումբ, ընդդէմ «անոնց»` արտաքին խումբին:
Ներքին խումբին մէջ անդամները կը համակարգեն եւ կը համագործակցին` դրսեւորելով այլասիրութիւն (altruism)` վարքագիծ, որ օգուտ կը բերէ ուրիշներուն: Ներքին խումբի անդամները նոյնպէս կը համագործակցին եւ այլասիրութիւն կը ցուցաբերեն արտաքին խմբակին, բայց միայն երբ միջոցները առատ ըլլան:
Եթէ միջոցները սպառին, համագործակցութիւնը կը սահմանափակուի ներքին խումբի անդամներով: Ծայրայեղ պարագաներու ժամանակ այս ծխականութիւնը (parochialism)`խումբի մէջ ընդգրկուածներու հետ համագործակցելու միտումը, կրնայ դառնալ գործուն վնաս կամ ատելութիւն` «դուրս»-ը գտնուողներուն համար:
Այս միտումը յաճախ կը չարաշահուի պատերազմի ժամանակ: Առաջնորդները կ՚ընտրեն արտաքին խումբ` թշնամի, որուն վրայ ներքին խումբի անդամները կրնան կեդրոնացնել իրենց ատելութիւնը:
Ատելութեան ջղաբանական հիմքը
2008-ին հետազօտութիւն մը ուսումնասիրած է, թէ ուղեղի ո՛ր հատուածները կը դառնան աշխոյժ, երբ մասնակիցները դիտելու ըլլան «ատելի» ենթականերու լուսանկարներ: MRI-ի նկարներու ժամանակ մասնակիցները կը դիտէին նկարներ այնպիսի մարդոց, որոնց հանդէպ անոնք յայտնած էին, որ ատելութիւն ունին, ինչպէս նաեւ` այնպիսի մարդոց, որոնց նկատմամբ անոնք «չէզոք» զգացումներ ունէին:
Հետազօտողները արձանագրած են ուղեղի այն հատուածները, որոնք կը դառնան աշխոյժ` իւրաքանչիւր նկար դիտած ժամանակ: Անոնք գնահատեցին մասնակիցներու ատելութիւնը ենթականերուն նկատմամբ` անոնց տալով հարցաթերթիկ մը, նախքան իրենց MRI-ի նկարահանումը:
Երբ մասնակիցները կը դիտէին «ատելի» դէմք մը, ուղեղի քանի մը հատուածներ կը դառնային աշխոյժ, ինչպէս` medial frontal gyrus-ը, right putamen-ը, premotor cortex-ը, frontal pole-ը եւ medial insula-ն: Որքան մեծ ըլլար արտայայտուած ատելութիւնը, այնքան աւելի աշխոյժ կը դառնային այդ բաժինները:
Հետազօտողները նշած են, որ աշխուժացման այս օրինաչափութիւնը կը տարբերի սերտօրէն կապուած այլ զգացումներէ, ինչպիսիք են` վախը, զայրոյթը, նախայարձակ ըլլալը (aggression) եւ վտանգը: Անոնք եզրակացուցին, որ` «Թէեւ այս զգացումները կրնան ըլլալ ատելութեան պատճառով յառաջացած վարքագիծի մէկ մասը, սակայն ատելութեան ջղային ուղիները տարբեր են»:
Չամպըրզ մեկնաբանած է այս հետազօտութեան արդիւնքները. «Ատելութիւնը» կ՚աշխուժացնէ frontal cortex-ի հատուածները, որոնք կապուած են հակազդեցութեան հետ` պատրաստելով անձին վարմունք մը ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ կապուած են նեղութեան, հակազդեցումի եւ շարժումի շրջակայ տարածքներուն: Այսպիսով, անձը պատրաստ կ՚ըլլայ արձագանգելու իր ունեցած ատելութեան»:
Հետաքրքրական է, որ ատելութեան օրինաչափութիւնները ունին երկու ուղիներ, որոնք կ՛աշխուժանան նաեւ վիպային սիրոյ ժամանակ: Անոնք putament-ը ու insula-ն են: Կրնա՞յ այս մէկը օգնել բացատրելու, թէ ինչո՛ւ սէրն ու ատելութիւնը այդքան սերտօրէն կապուած են իրարու:
Այս ուսումնասիրութիւնը նշած է հիմնական տարբերութիւնը սիրոյ եւ ատելութեան աշխուժացման միջեւ cerebral cortex-ի մէջ: Սիրելու պարագային, մեծ տարածքներ, որոնք կապուած են դատողութեան եւ քննաբանութեան հետ, դարձած են անգործուն:
Ատելութեան պարագային, frontal cortex-ի միայն փոքր հատուած մը կը դառնայ անգործուն. բան մը, որ կ՛ենթադրէ, թէ ատողը կրնայ դատողութիւն ցուցաբերել վնասելու, վիրաւորելու կամ այլ կերպ վրէժ լուծելու քայլերու ձեռնարկելու:
Այլ հետազօտութիւն մը ուսումնասիրելով թէ արդեօք խումբի մը անդամները հաճոյք կը ստանա՞ն այլ խումբի մը դժբախտութենէն, պարզած է, որ ventral striatum-ը կը դառնայ գործուն` միւս խումբի անդամներու ձախողման ժամանակ:
Ventral striatum-ը ուղեղի բաժին մըն է, որ կապուած է վարձատրութիւններու հետ: Այսպիսով, բացասական միտքերը կամ գործողութիւնները, ինչպիսին է ատելութիւնը, կրնան յանգեցնել պարգեւի, այսինքն անձը, այդ միւս խումբի անդամներուն ձախողութիւնը տեսնելով, կը ստանայ իր պարգեւը` հաճոյքը:
Ատելութիւն եւ պայքար
Թշնամիի ապամարդկայնացումը (dehumanization) պատերազմի ժամանակ սովորական մարտավարութիւն է: Ապամարդկայնացումը մարդիկը կ՛իջեցնէ անասուններու կամ ռոպոթներու կարգավիճակի, եւ հետեւաբար անոնք չեն ենթարկուիր բնականոն բարոյական օրէնքներու:
Այդ մէկը յայտնի մեթոտ է զինուորները համոզելու` երկիր ներխուժողը անխտիր սպաննելու: Թշնամին բնութագրելով իրականութեան մէջ որպէս «ոչ մարդ», ատելութեան եւ արհամարհանքի արժանի` առաջնորդներուն այդ ձեւով կարելի կը դառնայ իրենց արարքները արդարացնել:
Ինչպէս ցոյց տուած է հետազօտութիւնը, ատելութեան վրայ հիմնուած բռնութիւնը կրնայ յանգեցնել մշտական, սերունդներու վրայ երկարող հոգեխոցի: Այնուամենայնիւ, աւելի դիւրին է խրախուսել ատելութեամբ լեցուած գործողութիւնները, քան` կանխել զանոնք:
Չամպըրզ նաեւ նշած է, որ պատերազմի ժամանակ ատելութենէ խուսափիլը դժուար է. «Հակամարտութիւններու եւ պատերազմի ժամանակ կարեկցանքի որոշ չափի մը պահպանումը պէտք է դիտաւորեալ գործողութիւն մը ըլլայ: Ան պէտք է դառնայ ներգործուն հակազդեցութիւն»:
Առցանց ատելութիւն
Վերջերս մեծ լուսարձակի տակ կ՚առնուի առցանց ատելութինը: 2021-ի վերանայումը առցանց ատելութեան խօսքը հայեցակարգած է որպէս «բռնի, նախայարձակ կամ վիրաւորական լեզուի օգտագործում, որ կեդրոնացած է ընդհանուր սեփականութիւն ունեցող մարդոց որոշակի խումբի վրայ». ասոնցմէ են ցեղային, սեռական կամ միասեռական բնոյթ ունեցող խմբաւորումները:
Առցանց ատելութիւնը կապուած է մեկուսացման հետ: Բրիտանական Ditch the Label բարեգործական կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ յայտնուած է, որ առցանց ատելութեան խօսքը Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ աճած է 38%-ով, COVID-19 համաճարակի առաջին ամիսներուն` արգելափակումներու ժամանակ:
Մտահոգիչն այն է, որ զեկոյցին մէջ նաեւ նշուած է, որ ինչպէս Միացեալ Նահանգներու, այնպէս ալ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ատելութեան պատճառով ոճիրներու դէպքերը կապուած են նաեւ առցանց ատելութեան խօսքի աճին հետ:
Հետազօտութեան մէջ ատելութեան վերաբերեալ շատ համաձայնութիւն չկայ: Հետազօտողները նոյնիսկ չեն կրցած համաձայնութեան գալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է զայն սահմանել: Այսպիսով, ինչպէ՞ս կրնանք անոր դէմ պայքարելու յոյս ունենալ:
Ամերիկեան հոգեբանական միութիւնը կ՚ըսէ, որ ատելութեան պատճառով ոճիրներուն համար պատասխանատուները յաճախ կը ցուցաբերեն նախայարձակի եւ հակաընկերային վարքագիծի բարձր մակարդակ, թէեւ անոնց մօտ հազուադէպ կ՚ախտորոշուի այդ մէկը` որպէս հոգեկան հիւանդութիւն:
Անոնք հակուած են թիրախաւորելու այն խումբերը, որոնց մասին քիչ բան գիտեն, բայց այն, ինչ անոնք կը կարծեն, որ գիտեն այդ խումբերուն մասին, չեն հաւնիր: Տնտեսական գործօնները հազուադէպ ատելութիւն կը դրդեն, բայց անոնք կրնան օգտագործուիլ առաջնորդներու կողմէ` ատելութիւնը փոքրամասնութիւններու դէմ ուղղելու համար:
Ատելութեան ոճրագործութեան մէկ այլ հիմնական շարժիչ ուժը մշակութային ինքնութեան ուղղուած սպառնալիքներն էին, բան մը, որ յանգեցուց մէկ այլ խումբի նկատմամբ նախապաշարումներու: Թերեւս այդ խումբին մասին աւելի տեղեակ ըլլալը կրնայ մեղմել այս ատելութիւնը:
Այս գաղափարը կը հաստատուի ուսումնասիրութիւններու վերլուծութեամբ, որ ցոյց կու տայ, թէ խումբերու միջեւ շփումը կրնայ նուազեցնել նախապաշարումները, որոնք յաճախ ատելութեան նախադրեալ են:
Չամպըրզ խորհուրդ տուաւ, որ ատելութիւնը մեղմելու համար նախ պէտք է այդ մէկը հասկնալ, եւ այնտեղ է խնդիրը. «Որովհետեւ այդ մէկը կարեւոր խնդիր է մեր հասարակութեան համար, մենք պէտք է շարունակենք հասկնալ զայն: Պէտք է հասկնանք, թէ այդ ի՛նչ է եւ ի՛նչ կրնայ դառնալ»:
Այնուամենայնիւ ան աւելցուց վստահութեամբ. «Շատ մարդիկ ունին «ատելու» կարողականութիւն, բայց անոնք մեր կարծածէն շատ աւելի քիչ են»: