Հաւանաբար տեսած էք, լսած պատմութիւններ, նաեւ՝ առնչուած: Կինը պաղ առած է, կը մաքրէ հոսող քիթը, սակայն կը շարունակէ իր առօրեայ գործերը։ Տղամարդը պաղ առած է, անկողնի կը ծառայէ ծածկոցներու մէջ, չ’ուզեր բան մը ընել, նոյնիսկ բժիշկի դիմել։ Որքա՞ն իրականութիւն կայ այս բոլորին մէջ, ի՞նչ բացատրութիւն կայ այս երեւոյթին մէջ։
Պաղառութիւնը կը բացատրուի քիթի, կոկորդի, վերին շնչուղիներու վարակով։ Կը դրսեւորուի հարբուխով, ընդհանուր թուլութեամբ, կրիփանման երեւոյթներով։ Սովորաբար պատճառը ժահրերն են, ինչպէս՝ քորոնան, ատենոժահրը, կիսակրիփի ժահրը, գլխաւորաբար՝ ռինոժահրը։
Ռինոժահրը կրնայ վարակել ամբողջ տարուան ընթաքին, սակայն վարակումները ունին նաեւ եղանակային սրացումներ։ Վարակը ունի գաղտնի շրջան մը եւ վարակուած անձերուն կէսէն աւելիին մօտ կը սկսի արտայայտուիլ շուրջ երկու օր ետք։
Անկախ սեռէն, մարմինը պաղառութեան կ’արձագանգէ ախտամերժութեան միջոցով։ Տղամարդոց եւ կիներուն մօտ պաղառութեան տարբերութիւնները այնքան ալ չեն պարզաբանուած։ Վարկածներէն մէկը այդ կը բացատրէ հորմոնային տարբերութիւններով։
Ծանօթ է, որ տղամարդիկ աւելի հակամէտ են պաքթէրիական, ժահրային եւ մակաբուծական վարակումներու, թեեւ պատճառները ակնյայտ չեն։ Կիներու ախտամերժ համակարգին արձագանգը կրիփի, կարմրուկի, լերդաբորբի (hepatitis) եւ այլ հիւանդութիւններու պատուաստումներուն նկատմամբ աւելի զօրաւոր է, քան տղամարդոց։ Կիներու օրկանիզմին մէջ համեմատաբար աւելի շատ են ախտամերժ բջիջներու միջեւ ազդանշան հաղորդող սպիտակուցները, որոնք կը մասնակցին բորբոքային դրութեան մեկնարկին օրկանիզմին մէջ, ինչ որ պաշտպանական բնոյթ ունի։ Ծանօթ է, որ արական հիմնական հորմոնը՝ թեսթոսթերոնը կը խափանէ բորբոքային պատասխանը։
Ստենֆորտ համալսարանի հետազօտողներուն համաձայն, ոչ մէկ կապ կայ նախաբորբոքային սպիտակուցներու եւ կրիփի պատուաստներու արձագանգին միջեւ: Անոնք պարզած են, որ ախտամերժ պատասխանի մեղմացումը աւելի կապուած է ծինային մակարդակի վրայ թեսթոսթերոնի ազդեցութիւններուն։
Ուսումնասիրողներու մէկ այլ խումբ մը տարրալուծարանային մուկերու վրայ կատարած հետազօտութիւններուն մէջ նկատած է, որ կրիփանման ախտանիշներ յառաջացնող մանրէի ազդեցութենէն արու մուկերու մէջ հիւանդութիւնը աւելի արտայայտուած է դրսեւորուիլ, քան էգերուն մէջ։ Հետաքրքրական է, որ հիւանդութիւնը տարբեր ձեւով դրսեւորուած է նաեւ սեռային օրկանները հեռացնելէ ետք։
Բնականօրէն տարրալուծարանային հետազօտութիւնները օրինակ կը հանդիսանան մարդոց մէջ օրկանիզմի հակազդեցութիւնը ուսումնասիրելու ատեն, սակայն անպայմանօրէն չ’ենթադրեր, որ նոյնը կը վերաբերի մարդոց։
Վերջին հետազօտութեան առնչութեամբ Ճոնս Հոփքինզ համալսարանի փրոֆեսոր Սապրա Քլայն, «Time»ին տուած մեկնաբանութեան մէջ կը նշէ, որ հիւանդութիւնը կը ծագի ոչ թէ մանրէի կամ ժահրի առկայութենէն, այլ ախտամերժ հակազդեցութեան արդիւնքէն, եւ անոնց տուեալներով արական սեռի ախտամերժ հակազդեցութեան մէջ աւելի զօրաւոր արտայայտուած է վարակման վայրի բջիջներու հրաւէրը, որոնք աւելի եւս կը նպաստեն հիւանդութեան զգացողութեան յառաջացման։
Քլայնի խումբին կողմէ մարդու բջիջներուն վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն մէջ յայտնաբերուած է, որ կանացի նկատուող էսթրոժենային բաղադրութիւնները կը խոչընդոտեն կրիփի ժահրով բջիջներու վարակումին։ Ախտամերժ հակազդեցութիւնը կը փոփուի էսթրոժենի ներկայութեամբ, կը նուազի ժահրին բազմապատկումին արագութիւնը։
Տղամարդոց եւ կիներու պարագային կրիփի տարբերութիւններու մասին հետազօտութիւններուն ամենէն յատկանշականը կատարած է ընտանեկան բժշկութեան փրոֆեսոր բրիտանացի Քայլ Սիու, որուն հարցախոյզերը ցոյց կու տան, որ ժահրային շնչառական վարակէ տղամարդիկ կ’ապաքինին աւելի ուշ՝ 3 օր, բաղդատած կիներուն՝ մէկ ու կէս օր։ Սիուի կատարած ուսումնասիրութիւններուն մէջ շնչառական թեթեւ վարակումներու մէկ ախտանիշի իսկ արտայայտման պարագային աւելի մեծ թիւով կիներ նուազեցուցած են իրենց աշխուժութիւնը, ինչ որ կը հակասէ տղամարդոց կայտառութեան նուազումին մասին առկայ չափազանցութիւններուն։ Տղամարդոց պարագային, թեսթոսթերոնի աւելի բարձր մակարդակ ունեցողներուն մօտ հակամարմիններու հակազդեցութիւնը աւելի մեղմ կ’արտայայտուի։
Բարեշրջական տեսանկիւնէ, շնչառական ժահրերու նկատմամբ արական սեռին մօտ դրսեւորուող աւելի զօրաւոր հակազդեցութեան պատճառները անորոշ են։ Որոշ մասնագէտներու կարծիքով, ակրեսիւ վարքագիծի, երկրորդական սեռային յատկանիշներու, խիստ արկածախնդրական խաղեր յաղթելու համար տղամարդիկ կարիքը ունին թեսթոսթերոնի, իսկ պահանջուած գինը կը գերազանցէ հորմոնի ախտամերժ խափանման ազդեցութիւնները։
Իբրեւ եզրակացութիւն, տղամարդոց կողմէ հիւանդութիւնը չափազանցնելու մեղադրանքները արդարացի չեն: Շնչառական ժահրային վարակներէ հիւանդանալու եւ մահացութեան համեմատութիւնը աւելի բարձր է տղամարդոց, քան կիներու պարագային։ Ի վերջոյ, անկողնի ծառայելով ուժ խնայելու ձեւը իր առաւելութիւնները ունի։
Հռչակաւոր հոգեբան Ուիլլիըմ Փոլլաքի համաձայն, մշակութային գործօնները եւս իրենց դերը ունին պաղառութեան ընթաքին տղամարդոց դրսեւորած վարքագիծին մէջ։