Այս գրութեամբ կ՚ուզենք մանրամասնօրէն ներկայացնել արեան ընդանուր քննութեան բաղկացուցիչ մասերը եւ նպատակը: Եթէ միայն այս քննութիւնը յանձնարարուած է՝ ապա անօթի ըլլալը պարտաւորիչ չէ:
Անգլերէնով այս քննութիւնը ծանօթ է Com-plete blood count (CBC) անունով: Քննութիւնը կը ստուգէ մարդու ընդհանուր առողջական վիճակը եւ կը բացայայտէ հիւանդութիւններ: Այս քննութիւնը կը պահանջուի յոգնածութեան զգացումի, արիւնահոսութեան եւ կապտուկներու առկայութեան պարագային:
Հեմոկլոպին (Hb)
Հեմոկլոպինի հիմնական դերն է թթուածնի մատակարարումը թոքերէն եւ ածխաթթու կազերու (CO2) արտահանումը օրկանիզմէն: Եթէ հեմոկլոպինը ցած է, ապա անիկա ցոյց կու տայ սակաւարիւնութեան, արեան կորուստի կամ ներքին արիւնահոսութեան գոյութիւնը: Բարձր հեմոկլոպինը, իբրեւ կանոն, կը նկատուի արեան հիւանդութիւններու եւ սրտային անբաւարարութեան որոշ տեսակներու ցուցանիշ:
Erythrocytes
Արեան կարմիր գնդիկները, որոնք կը պարունակեն հեմոկլոպին:
Erythrocytesի քանակին բարձրացումը առողջ մարդոց մօտ կրնայ պատահիլ սրտի տկարուեան, թոքերու, երիկամներու եւ լեարդի հիւանդութիւններու պարագաներուն:
Erythrocytesի պակասը ցոյց կու տայ սակաւարիւնութեան գոյութիւնը, որ կրնայ յառաջանալ տարբեր պատճառներով՝ զօրաւոր արնահոսութենէ եւ բորբոքային քրոնիկ վիճակներէ: Երբեմն էլ կը յայտնուի յղութեան ուշ հանգրուանին:
Leukocytes
Արեան կորիզաւոր ճերմակ բջիջներն են, որոնք կ՚արտադրուին ոսկրածուծին եւ աւշային գեղձերուն մէջ եւ օրկանիզմը կը պաշտպանեն արտաքին ազդեցութիւններէ:
Leukocytesի թիւին աճը ցոյց կու տայ օրկանիզմին մէջ վարակներու եւ բորբոքումներու հաւանականութիւնը:
Thrombocytes
Անոնք բջիջներ են, որոնք կ՚ապահովեն արեան մակարդելիութիւնը եւ կը մասնակցին thrombocytesի ձեւաւորումին:
Thrombocytes մակարդակին նուազումը ընդհանրապէս կ՚ըլլայ հետեւանքը ալքոլի ազդեցութեան, ծանր մետաղներէ թունաւորումին, արեան հիւանդութիւններու, երիկամային անբաւարարութեան, լեարդի ու փայծաղի հիւանդութիւններու եւ հորմոնային խանգարումներու, ինչպէս նաեւ՝ որոշ դեղերու ազդեցութեան: