ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Արտաքին ականջի ընդոծին տձեւութիւնները, համաձայն իրենց տարողութեան, կը յառաջացնեն որոշ աստիճանի լսողութեան տկարութիւններ:
Արտաքին ականջի տձեւութիւնները հասկնալու համար հարկ է որ հասկնանք անոր կազմաւորումը: Յղութեան ընթացքին, սաղմի կազմաւորման հետ տեղի կ՚ունենայ ականջի կազմաւորումը, աճը եւ զարգացումը: Ականջի կազմաւորումը փուլային է: Ան կը սկսի յղութեան երրորդ շաբաթը եւ իր լրումին կը հասնի յղութեան եօթներորդ ամսուան վերջաւորութեան:
Ականջը կազմուած է երեք բաժիններէ՝ արտաքին, միջին եւ ներքին: Այս երեք բաժիններու կազմաւորումը կը սկսի միասնաբար, սակայն անոնց ամբողջացումը տեղի կ՚ունենայ տարբեր ժամանակներու: Նախ կ՚ամբողջանայ ներքին ականջը, ապա անոր կը հետեւի միջին ականջը եւ վերջապէս արտաքին ականջը: Ներքին ականջին կազմաւորումը տեղի կ՚ունենայ բոլորովին տարբեր վայրէ, քան միջին եւ արտաքին ականջը, որոնք կը կազմաւորուին միեւնոյն վայրին մէջ: Ականջի կազմախօսութեան մասին խօսած ենք մեր «Ականջահոսք» յօդուածին մէջ: Հետեւաբար հոս պիտի չխօսինք անոր մասին:
Որովհետեւ ականջի երեք բաժիններու կազմաւորումը եւ զարգացումը տեղի կ՚ունենայ հանգրուանային ձեւով եւ տարբեր կեդրոններէ, ականջի անբնական-տեսանելի եւ անտեսանելի երեւոյթները կրնան յայտնուիլ ամբողջութեամբ, կամ մասնակի:
Ականջի տձեւութիւնները կրնան ըլլալ միակողմանի եւ կամ երկկողմանի:
Արտաքին ականջի անբնական երեւոյթները ընդոծին են, այսինքն անոնք կը տեսնուին ծնունդէն անմիջապէս ետք: Այս տձեւութիւններն են՝
- Ականջեղ (macrotia), որ կը նշանակէ մեծ ականջակոնք.
- Ականջուկ (microtia), որ կը նշանակէ պզտիկ ականջակոնք.
- Բազմականջութիւն՝ ականջակոնքին առջեւ մէկէ աւելի աճառային պզտիկ գնդիկներու հաւաքածոյ.
- Ցցուն-տնկուած ականջակոնք (lop ear).
- Կրկնակի բլթակ (double earlobe) եւ կամ ճեղքուած բլթակ (bifid earlobe).
- Այլանդակ արտաքին ականջ՝ աղաւաղուած ձեւ եւ տեսք, ուր ականջակոնքը մասնակի կամ ամբողջովին խցած կ՚ըլլայ անցուղին եւ ան տեսանելի չ՚ըլլար.
- Ականջակոնքի ամբողջական բացակայութիւն, ուր անցուղին նշմարելի չ՚ըլլար.
- Անցուղիի նեղացում (stricture), խցում եւ անցուղիի բացակայութիւն՝ անանցկութիւն (atresia).
- Թմբկաթաղանդի անբնական կազմուածք եւ բացակայութիւն։
Վերջին չորս տձեւութիւնները կը յառաջացնեն մնայուն եւ անփոփոխելի զանազան աստիճանի լսողութեան տկարացումներ, որոնք հետեւանքն են արտաքին աշխարհի ձայներու ոչ ամբողջական փոխանցման դէպի միջին ականջ:
Արտաքին ականջի տձեւութիւն ունեցող մանուկներու ծնողներէն շատերը կ՚ըսեն, թէ իրենց զաւկին տկար լսողութիւնը տարիներու ընթացքին աւելի վատթարացած է: Այս ենթադրութիւնը հետեւանքն է մանուկին աճումին զուգահեռ՝ անոր լսողութեան պէտքերուն բազմապատկուելուն եւ միջին եւ ներքին ականջի այլ հիւանդութիւններու յառաջացման:
Մանուկին լեզուական զարգացումը կախեալ է հիմնականօրէն անոր լսողութեան հետ: Անոր տկար լսողութեան պատճառով լեզուական զարգացումը անբնական ձեւով կը զարգանայ: Ականջակոնքի ընդոծին տձեւութիւն եւ անցուղիի անանցկութիւն ունեցող մանուկը մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ շատ կանուխէն, որովհետեւ ան կ՚ունենայ անբնական լեզուական զարգացում:
Արտաքին ականջի տձեւութիւնները կը դարմանուին վիրաբուժական գործողութեամբ եւ հետեւաբար լսողութիւնը կը դառնայ բնական, քանի որ արտաքին աշխարհի ձայներու փոխանցումը դէպի ականջաթմբուկ եւ միջին ականջ կ՚ըլլայ ամբողջական եւ լրիւ: Այս տձեւութիւններու վերացումը կ՚ըլլայ մէկ եւ կամ մէկէ աւելի վիրաբուժական միջամտութիւններով: Այլ խօսքով, վիրաբուժական միջոցառումը կ՚ըլլայ փուլային՝ հիմնուելով տձեւութեան տարողութեան եւ ձեւին վրայ: Ընդհանրապէս մէկէ աւելի միջամտութիւններ կը կատարուին: Շատ հազուադէպ պարագայի միայն մէկ վիրաբուժութեամբ կը վերանայ տձեւութիւնը եւ կը վերականգնի բնական լսողութիւնը: Երկու ականջներուն միատեղ տձեւութիւնները, որոնք կը պատահին երկու ականջներուն լսողութեան տկարացումով, վերանալու են կանուխ, որպէսզի վերականգնուի երկու ականջներուն լսողութիւնը: Իսկ միակողմանի տձեւութիւններու վերացումը կարելի է յետաձգել աւելի ուշ տարիքի, որովհետեւ մանուկը կ՚ունենայ երեւութապէս բնական լսողութիւն, այլ խօսքով լսողութեան տկարացումը զգալի չ՚ըլլար:
Աղջիկներու մօտ եւ մանաւանդ միակողմանի տձեւութիւններու վերացումը կարելի է քանի մը տարիով յետաձգել, որովհետեւ անոնց երկար մազերը կը ծածկեն ականջի տձեւութիւնը: իսկ տղոց մօտ նոյնիսկ միակողմանի տձեւութիւնը պէտք է վերացուի կանուխ, որպէսզի մանուկին մէջ հոգեբանական վերիվայրումներ տեղի չունենան:
Մանր տձեւութիւններու վերացումը երկու սեռերուն մօտ պարտաւորիչ չէ: Անոնք ոչ մէկ ձեւով լսողութեան տկարացում կը յառաջացնեն: Անոնց վերացումը պայմանաւորուած է միայն գեղագիտական պատճառներով:
Տարիներ առաջ դարմանատունս այցելած էր 25 տարեկան աղջիկ մը, որ կը գանգատէր իր միակողմանի ականջակոնքի այլանդակ տձեւութիւնէն եւ լսողութեան տկարացումէն:
Յետ լսողութեան մանրակրկիտ քննութեան եւ արտաքին ականջի Ք ճառագայթային նկարումի, ախտաճանաչումս եղաւ հետեւեալը՝ ականջակոնքի միակողմանի ընդոծին տձեւութիւն, անցուղիի ամբողջական խցում, միջին ականջի առաջին երկու ոսկրիկներու՝ մուրճի եւ սալի միաձուլում-անշարժութիւն, ինչպէս նաեւ՝ 50 տոկոսով լսողութեան փոխանցման տկարացում:
Ենթակային բացատրելէ ետք, որ իր ականջի ընդոծին տձեւութեան եւ լսողութեան տկարութեան միակ դարմանամիջոցը վիրաբուժական գործողութիւնն էր, ան ենթարկուեցաւ վիրաբուժական նուրբ գործողութեան մը, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
Ենթական ունեցաւ երեւութապէս բնական ականջակոնք եւ անցուղի ու անջատ, շարժուն երկու ոսկրիկներ: Վիրաբուժական այս փոփոխութիւններուն հետեւանքով անոր լսողութիւնը 70 տոկոս բարելաւում արձանագրեց: