Տարիներու իր մարդասիրական, հայօգնութեան ծառայութեան ծիրին մէջ, աւանդութեան վերածուած քայլով մը, այս տարի եւս Լիբանանահայ իրերօգնութեան սնտուկը, որ աւելի ծանօթ է ԱՖՀԻԼ անունով, Չորեքշաբթի, 26 փետրուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի Փիւնիկ սրահին մէջ կազմակերպած իր հաւաքով դարձեալ եկաւ հաստատելու, որ նեցուկ է հայ աշակերտներուն, ուսանողներուն եւ հայկական հաստատութիւններու:
Ձեռնարկին ներկայ էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Ալեքսան Մաթոսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեաններկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան, միութենական ներկայացուցիչներ, տնօրէններ, ծնողներ եւ ուսանողներ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Քրիստին Դանիէլեան, որ յետադարձ ակնարկով սեղմ տողերու մէջ անդրադարձաւ ԱՖՀԻԼ-ի հիմնադրութեան պայմաններուն, տեսլականներուն եւ իրագործումներուն: Ան նշեց, թէ վերջին շրջանին, Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամի օրերուն, ազգն ու յարակից կառոյցներ փութացին օգնելու կարիքաւորներուն, բոլորին: Ան ըսաւ, որ ներկայի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական անկայուն վիճակը կը մղէ սայթաքելու, յուսալքուելու, սակայն երիտասարդները կոչուած են հակառակը ընելու եւ ամենայն գիտակցութեամբ ու ազգանուէր ոգիով ներդրում ունենալու հայապահպանման սրբազան առաքելութեան մէջ: «Ո՛ւր որ ալ ըլլաք, ի՛նչ դիրքերու ալ տիրանաք, միշտ հպարտ եղէք ձեր պատմութեամբ, մշակոյթով, անցեալով եւ երբեք մի՛ զլանաք ձեր այսօրուան ստացած լուման բազմապատկելով օր մը վերադարձնելու ձեր ազգի կարօտեալ զաւակներուն», յայտնեց Քրիստին Սարգիսեան:
Ապա խօսք առաւ ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան, որ ամփոփ պատմականը կատարեց այս կառոյցին, որ Յունիս 1998-ին 360 անդամներով հիմնուած էր, իսկ ԱՖՀԻԼ-ի անդրանիկ վարչութեան մաս կազմած են Հայկ Թիլպեան, Անդրանիկ Մսըրլեան, Արաքսի Շահինեան եւ Սօսի Սաղըրեան: Անոր տնօրէնութիւնը կամաւոր կերպով վարած էր Միհրան Շիմշիրեան մինչեւ 2000 թուական: Լատոյեան բարձր գնահատեց տարիներու իրերայաջորդ վարչութիւններու ճիգը` նշելով, որ ԱՖՀԻԼ-ի անդամներու թիւը այսօր հասած է եօթը հազարի: «Այսօր ԱՖՀԻԼ իւրայատուկ կառոյց է սփիւռքեան մակարդակով: Անոր տարեկան գործառնութիւնը եօթը միլիոն տոլար է, 96 հիւանդանոցներու հետ մենք տարեկան չորս միլիոն տոլարի ծառայութիւն կ՛ընենք», ըսաւ Լատոյեան եւ աւելցուց. «Հակառակ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող տնտեսական արտակարգ ճգնաժամին, մենք այս տարի եւս համալսարանական նպաստները պիտի բաժնենք»: Ան վերահաստատեց, թէ այս բոլորը չէին կրնար ըլլալ, եթէ չըլլային ՀՅԴ յաջորդական Կեդրոնական կոմիտէնե-րու հսկողութիւնը, վարչութիւններու համերաշխ աշխատանքը, մեր միութիւններու, դպրոցներու զօրակցութիւնը, մեր ժողովուրդի տարբեր խաւերու վստահութիւնը, մեր պաշտօնէութեան նուիրուած եւ բծախնդիր աշխատանքը, գործակից երրորդ կողմի` «Կլոպմէտ»-ի համերաշխութիւնը: Ան յիշեցուց, թէ անցնող տարիներուն ԱՖՀԻԼ հինգ միլիոն տոլարով օժանդակած է աւելի քան երեք հազար ուսանողներու եւ աշակերտներու: Ապա թուեց անցնող տարիներուն ԱՖՀԻԼ-ի իրագործումները, ինչպէս` չորս մարզական կեդրոններու հաստատում, հիւանդանոցային տնային կարիքներու բաժանմունքի բացում, առողջապահական «Զգոյշ» պարբերաթերթի հրատարակութիւն, միշտ նեցուկ կանգնիլ «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին, սերտօրէն գործակցութիւն ԼՕԽ-ին, Ճինիշեան հիմնարկին, Գարակէօզեան հաստատութեան, Ազգային առաջնորդարանին, Հայ աւետարանական ընկերային ծառայութեան գրասենեակին եւ Քարիթասին հետ:
Խօսքը ուղղելով ուսանողներուն` Լատոյեան ըսաւ. «Հակառակ Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամին, ԱՖՀԻԼ-ի այսօրուան նպաստը ձեզի համար յոյսի ու լոյսի նշոյլ մը թող ըլլայ, եւ հաւատանք, որ վարդագոյն արշալոյս մը պիտի ծագի, եւ դուք անպայման ձեր ներդրումը ունեցէք մեր ազգային, մշակութային, կրթական, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններուն մէջ, որովհետեւ դուք ապագան էք, եւ այս բոլորը ձեզի համար են»: Ան նշեց, որ ԱՖՀԻԼ-ը կրնար ուրիշ ֆոնտերու նման երկրի ճգնաժամին պատճառով զեղչել կամ ջնջել նպաստի իր պիւտճէն: «Սակայն մենք օրինակելի ըլլալու նախանձախնդրութեամբ եւ ժողովուրդէն ծնած ժողովուրդին համար ծառայելու սկզբունքով եւ մանաւանդ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին թելադրանքով անհրաժեշտ գտանք, որ մեր նպաստը, թէեւ համեստ, բայց օգտակար նախաձեռնութիւն մը պիտի ըլլայ», շեշտեց ան` յայտնելով, որ այս տարեշրջանին ԱՖՀԻԼ-ի ֆոնտէն նպաստ պիտի տրամադրուի 142 ուսանողներու, 120 երկրորդականի աշակերտներու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ», ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» եւ «Զուարթնոց» կեդրոններուն: «Անկախ մեր տարեկան յատկացումներէն` բոլոր միութիւններուն, «Ազդակ»-ին, «Վանայ ձայն»-ին, մեր նպաստը կը հասնի 150 միլիոն լիբանանեան ոսկիի», եզրափակեց Յակոբ Լատոյեան:
Այս առիթով օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Նման պարագաներու առաջին մտածումս կ՛երթայ հոն, երբ կը փորձեմ պատկերացնել գոյութիւն ունեցող կառոյցի մը բացակայութիւնը: Տան ծորակէն հոսող ջուրի նման, ամենայն պարզութեամբ, տեսած ենք գործող կառոյցները, սակայն երբեք չենք մտածած, որ եթէ չըլլային այդ կառոյցները, մենք ի՛նչ կ՛ըլլայինք: Մեզի համար սովորական ներկայութիւն են Ջանիցը, Համազգայինը, ՀՄԸՄ-ը, ՀՕՄ-ի Օգնութեան խաչը, Հայ աւետարանական, Հայ կաթողիկէ եկեղեցիները, որոնք կան, այնպէս, ինչպէս ԱՖՀԻԼ-ը կայ, սակայն պահ մը ենթադրենք, որ ԱՖՀԻԼ-ը չըլլար, կրնայի՞նք պատկերացնել, թէ սփիւռքի մեր գաղութը որքան վատ կացութեան մէջ պիտի ըլլար, ի՛նչ հոգեվիճակ պիտի ստեղծուէր», հարց տուաւ Յ. Բագրատունի` օրինակ թուելով տան մէջ գտնուող սովորական ծաղկամանի մը կոտրիլը եւ անոր կորուստէն ետք ստեղծուած վիճակը:
Երեսփոխան Բագրատունի ԱՖՀԻԼ-ը նմանցուց անապատի մէջ փնտռուող ովասիսի մը` խիստ բարձր գնահատելով անոր դերն ու գործունէութիւնը լիբանանահայ գաղութի զօրացման, զարգացման առումով ու համայն հայութեան համար ծառայելու կոչուած իր առաքելութեամբ: Ապա ան թուեց ԱՖՀԻԼ-ի եւ անոր անձնակազմի գործունէութիւնը ցոլացնող յատկանիշները, գլխաւորը` հաւաքական ճիգը: «Ճիշդ է, որ ԱՖՀԻԼ-ը ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ եւ գաղափարով ծնունդ առած է ու կը վայելէ այս կուսակցութեան զօրակցութիւնը, բայց անիկա կը հասնի բոլորին, ոեւէ կուսակցականի, ոեւէ անհատի, որ տակաւին կը շարունակէ հայ զգալ», ընդգծեց Բագրատունի: Իր խօսքը ուսանողներուն ուղղելով` երեսփոխանը ըսաւ, որ թերեւս տրուած գումարը մեծ չէ, սակայն իրաւունք է` թելադրելով, որ երախտապարտ ըլլան ոչ թէ անհատներու, այլ հաստատութիւններու, որոնք օգնած են իրենց: «Ձեր բարոյական պարտաւորութիւնն է, որ երախտապարտ ըլլաք մեր ազգին, որ դպրոց, եկեղեցի, ակումբ շինած է, մեր ազգը, որ մեզ տե՛ղ հասցուց, որուն աւազանին ձուկերն ենք, իսկ եթէ դուրս ելլենք հոնկէ` կը մեռնինք: Տա՜յ Աստուած, որ դուք ալ հասնիք բարձր դիրքի եւ ձեր կարգին օգնէք առանց շեփորի», ըսաւ Բագրատունի: Ան նշեց, որ հայ ժողովուրդը շատ աւելի վատ օրեր ապրած է, բայց կրցած է շրջանցել շնորհիւ մէկ ուժեղ բռունցք ըլլալուն` հաւաստիացնելով, որ այս նեղ օրերուն դարձեալ պիտի օգտուին ուսանողներն ու կարիքաւորները` իբրեւ օրինակ յիշելով երեք տարի առաջ հիմնուած «Հայ ինքնութեան ֆոնտ»-ը, որ նպաստ յատկացուց հայ մանուկին, ուսանողին եւ ընտանիքին: «Դիւրին օրերուն հերոսները կը շատնան, սակայն ծանր օրերուն է, որ իսկական հերոսը ի յայտ կու գայ ծառայելո՛ւ առաքելութեամբ, ո՛չ քարոզչական, ցուցամոլական ոճով», եզրափակեց Յակոբ Բագրատունի:
Ձեռնարկի աւարտին բոլոր աշակերտները, ուսանողներն ու հաստատութիւններու պատասխանատուները ստացան իրենց նպաստները: