ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
Ի սկզբանէ բժիշկները եղած են ամենուրեք,- մեհեաններու մէջ ու բագիններու վրայ, լիճերու մէջ ու լեռներուն վրայ, նոյնիսկ երկընքին մէջ ու դժոխքի:
Բժիշկները բոլոր ժողովուրդներուն մէջ յայտնուած են, ու ներկայացուած են զանազան կերպարանքներու, պաշտօններու եւ արհեստներու մէջ: Անոնք մերթ աստուած են, մերթ քուրմ, մերթ կախարդ, մերթ վհուկ, մերթ սուրբ, մերթ փրկիչ ու միշտ փոսապեղ: Բժշկութեան խորհրդանիշը օձն է, իսկ «ֆարմասի» (դեղարան) բառին մէջ յունարէն «ֆարմաքի» (թոյն) բառը կայ:
Այս ամէն տեսակի բժիշկներուն զոհերը թաղուած են երկրին ներքեւ ու պարարտացուցած են հողը, յանուն մարդկութեան բարօրութեան, քանզի կը վկայեն թէ մարդկային մարմինէն լաւագոյն պարարտացուցիչ գոյութիւն չունի:
Ուրեմն բժիշկները մեծապէս ալ նպաստած են հողագործութեան: Արդ, փաստենք որ երկրի վրայ ու երկնի մէջ, ամէն ժամանակ գտնուած են բժիշկներ:
Հին եգիպտական Տրիմուրտիին (Երորդութիւն) մէջ, բժիշկ էր Իսիս դիցուհին: Իսկ Իմհոթէպը բժշկութեան մասնագէտ աստուածն էր:
Ասորեստանի Ասուր աստուածահօր կարողութիւններէն մին էր բժշկութիւնը:
Ողիմպական աստուածները ունէին իրենց բժիշկը, ուր Ապողոնն էր:
Կար տակաւին բժշկութեան մասնագէտ աստուածը, որ կը կոչուէր Ասկլիպիոս:
Լուկինէ՝ դիցուհին էր ծննդաբերութեան: Աւագուհին էր դայեակներուն:
Դժոխոց մէջ, գլխու, ակռայի, ականջի ու փորի ցաւ ունեցողներուն դից բժիշկն էր Ախոնտարոսը:
Գանք հայկական դիցաբանութեան. բժիշկներ էին Յարալէզները: Անահիտ դիցուհին օժտուած էր բժշկելու զօրքով:
«Երբ աստուած ու աստուածուհի բժիշկները չեն կրցած արմատախիլ ընել հիւանդութիւնները, ի՛նչ կարելի է յուսալ մարդ բժիշկներէն…»:
Քրիստոնէական Երրորդութիւնն ալ ունի իր հրաշագործ բժիշկը, որ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոսն է, միակ մեծագոյն բժիշկներուն եւ անգերազանցելի:
Համեստօրէն կը յանձնարարեմ հիւանդներուն, բժիշկի դիմելէ առաջ ու յետոյ եւ միշտ դիմել Յիսուսին, խորին հաւատով, հայցելով բժշկութիւն: Տարիներ առաջ, Անգլիոյ բժիշկները հրատարակեցին կոչ մը, ուղղուած հիւանդներուն. այդ կոչին մէջ կ՚ըսէին.- «Հիւանդներ, հաւատք ունեցէք ու ձեր քրիստոնէական հաւատով օժանդակեցէք մեզի, որպէսզի կարենանք ձեզ բժշկել: Անհաւատը կը մնայ անբուժելի»:
Մարդիկ միշտ ունեցած են բանակներով բժիշկներ: Ու բժիշկներու բանակին սպարապետն է… Քաջն Մահը:
Աշխարհը իր ասուններով եւ անասուններով ու նոյնիսկ իր անշունչ մասերով է հսկայական հիւանդանոց մը: Այդ պատճառով, հետզհետէ, անասուններն ալ ունեցան իրենց բժիշկները, այսինքն անասնաբոյժները:
Վիէննայի մէջ ալ սկսուած է բոյսերու բժշկութիւնը, այսինքն բուսաբանութիւնը: Բացուած է դարմանատուն մը, ընդհանրապէս հիւանդ բոյսերու եւ մասնաւորապէս ծաղիկներու համար: Հաստատուած է, որ ծաղիկները հիւծախոտի պատճառով շատ գեղեցիկ են, ու նոյն հիւծախոտին պատճառով ալ շուտով կը թառամին՝ թարմատի վիճակի մէջ: Բուսաբոյժը օրական չորս ժամ կը գործէ, ընդունելով հարիւրաւոր թաղարներ, որոնց մէջ են հիւանդ բոյսերը: Դիմումները այնքան շատցած են, որ բուսաբոյժը մտադրած է կառուցել տալ վեց յարկանի արդիական շէնք մը, արդիական բոլոր յարմարութիւններով, հիւանդ տերեւներուն եւ ծաղիկներուն թաղարները դասաւորելու համար, ըստ հիւանդութեան: Մաղթելի է որ թաղար մը չիյնայ իր նոր գիտութեամբ կուռ գլխուն վրայ: Կամ ծաղկատիրուհի մը իր անբուժելի ծաղիկին վիշտէն խելագարած՝ թաղարը չշպրտէ բոյսաբուժին գագաթին վրայ:
Անտարակոյս, վաղը միւս օր ալ երեւան պիտի գայ քարաբոյժ մը, բուժելու համար հիւանդ քարերը: Փարիզի, Լոնտոնի, Վենետիկի եւ այլ անուանի քաղաքներու պատմական շէնքերուն քարերը կը տառապին փըտախտէ, եւ, օր մը, դատապարտուած են ոչընչանալու: Քարերու քաղցկեղ մը գոյութիւն ունի, որ կ՚ուտէ, կը ծակծկէ քարն անգամ, մեծ մտահոգութիւն պատճառելով պատկան իշխանութեանց եւ գեղագէտներուն:
Կը տեսնուի, որ հիւանդութիւնները մարդկային սեփականութիւններ չեն միայն: Այդ գետնի վրայ, տխուր սեփականատէրեր են անասուններն ալ, բոյսերն ալ, քարերն ալ:
Վստահաբար, մօտաւոր ապագային, պիտի յայտնուին նաեւ օդաբոյժներ ալ, որոնք վատառողջ, խոնաւ, մշուշոտ, ամպոտ, անպիտան օդերը պիտի բուժեն, զանոնք դարձնելով պայծառ, գեղեցիկ, առողջարար:
Դժբախտաբար սակայն, քանի կը բազմանան բժիշկները եւ անոնց տեսակները, այնքան կը շատնան հիւանդութիւնները, ըլլան մարդկային, անասնական, բուսային, հանքային, օդային եւ հրէշային:
Կը կարծուի թէ առողջ ըլլալով մնացած են Լուսինը, Հրատը, եւ Արեւը: Վաղը միւս օր, սակայն, Լուսինն ու Հրատն ալ պիտի վարակուին ախտերով, քանի որ մարդիկ մտադրած են մեկնիլ դէպի այդ արբանեակը եւ մոլորակը:
Միայն Արեւին մօտենալ չ՚ըլլար, որովհետեւ Արեւը կրակ է, եւ կրակի հետ խաղալ չ՚ըլլար:
Եւ ահա թէ ի՛նչու մեր խելացի ժողովուրդը, տօնական առիթներով կը մաղթէ ամէնէն առաջ մէկ բան.- Արեւշատութիւն, որ այլապէս կը նշանակէ կարօտ չըլլալ բժիշկի, դեղագիրի, դեղի, դարմանի, դեղագործի, բոլոր դեղնութիւններուն. այդ ամբողջը այրելով կրակի մէջ:
Ուրեմն պէտք է ըլլալ կրակի պէս այր, այսինքն հրայր, կամ կրակի պէս կին, այսինքն հրանոյշ ու վառիլ եւ վառել, ջերմանալ եւ ջերմացնել, լուսաւորուիլ ու լուսաւորել, առանց երբեք մարելու եւ մոխրանալու:
Պէտք է ըլլալ միանգամայն կրակապաշտ-արեւապաշտներ ու աստուածապաշտներ: Երկուքը պէտք է ընդելուզել ու խառնել իրարու: Զի մին հուր է, իսկ միւսը՝ լոյս:
Ուրեմն՝
– Կրակէ ողջոյն տուէք միմիանց, ի համբոյր հրեղէն արեւշատութեան, իսկ որք ոչ էք կարող հաղորդիլ աստուածային խորհրդոյս, առ գերեզմանադրունս ելէք եւ մոխրացէք…: