Ծեր կին մը կը դիմէ բժիշկին: «Տոքթոր, երբ եւ ինչպէս որ փուք արձակեմ, անիկա միշտ լուռ եւ առանց հոտի դուրս կու գայ»: Եւ իր տեսակէտը հաստատելու համար, ան փուք մը կ՚արձակէ:
«Տեսա՞ք, տոքթոր, անձայն էր եւ առանց հոտի: Սխալ բան մը կայ»:
Բժիշկը. «Այո, նշմարեցի: Ահա՛ դեղագիր մը ձեզի, առէք դեղերը եւ մէկ շաբաթ ետք նորէն եկէք, նայինք ի՞նչ կը փոխուի»:
Մէկ շաբաթ ետք պառաւը կը վերադառնայ:
Ծեր կինը. «Չեմ գիտեր ի՚նչ դեղ տուիք ինծի տոքթոր, բայց այժմ արձակած փուքերս սարսափելի կը հոտին»:
«Հիանալի», կ՚ըսէ բժիշկը, «հիմա որ կրցանք շտկել ձեր հոտառութիւնը, կը սկսինք դարմանելու նաեւ ձեր լսողութիւնը»…..
* * *
«Կինս յղի է եւ կծկումները ընդամէնը երկու վայրկեանը մէյ մը տեղի կ՚ունենան», իրար անցած մարդը մը կը հեռաձայնէ բժիշկին:
«Արդեօք ասիկա առջինե՞կն է», կը հարցնէ բժիշկը:
«Ո՛չ, ապուշ», – կը պոռայ մարդը. «Ասիկա իր ամուսինն է»:
* * *
Մարդ մը կը մտնէ բժիշկին սենեակը՝ վարունգ մը քիթին վրայ, ստեպղին մը ձախ ականջին եւ պանան մը աջ ականջին մէջ:
«Ի՞նչ ունիմ տոքթոր, կ՚ըսէ՞ք ինծի», – հարց կու տայ ան բժիշկին:
Բժիշկը կը պատասխանէ. «Ոչի՛նչ, պարզապէս լաւ չէք ուտեր»:
* * *
«Դուք շա՛տ հիւանդ էք», բժիշկը կ՚ըսէ հիւանդին:
«Կրնա՞մ ուրիշ կարծիք ալ ունենալ», հարց կու տայ հիւանդը:
«Անշուշտ», կ՚ըսէ բժիշկը, «Դուք նաեւ շատ տգեղ էք»:
* * *
Բժիշկին զաւակը կը դիմէ հօրը. «Պապ, հիմա որ ես ալ ստացայ իմ բժշկութեան վկայականս, ի՞նչ կը յանձնարարես յաջողելու համար»:
Հայր բժիշկը. «Տղա՛ս, կը յաջողիս երբ միշտ դեղագիրները տաս անընթեռնելի, իսկ հաշուեցոյցերդ՝ շատ ընթեռնելի ձեռագիրով:
* * *
Հարցում. «Վիրաբոյժները ինչո՞ւ դիմակ կը կրեն»:
Պատասխան. «Որպէսզի, ոչ ոք ճանչնայ զիրենք, երբ անոնք սխալ մը գործեն»:
* * *
Երկու տարի առաջ բժիշկը ըսաւ, որ խլանալու վրայ եմ:
Շիտակը, այդ օրէն ի վեր բան չեմ լսած իրմէ:
* * *
Ո՞ւր է բժիշկէն պահուըտելու լաւագոյն վայրը:
……Խնձորի պարտէզը:
* * *
Առերեւոյթ անբուժելի կլթիկէ տառապող կին մը կը դիմէ բժիշկին: Կ՚ընդունուի նորաւարտ բժիշկներէն մէկուն կողմէ, բայց հազիւ զայն քննելու սկսած՝ կինը ճչալով ու վազելով դուրս կու գայ սենեակէն: Անոր խուճապահար վիճակը տեսնելով, աւելի տարեց բժիշկ մը կը կանգնեցնէ զայն եւ հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ այնքան իրար անցած է: Լսելէ ետք կնոջ գանգատը, բժիշկը զայն կ՚առաջնորդէ սենեակ մը հանգստանալու ու կ՚երթայ երիտասարդ բժիշկին մօտ, յանդիմանելով՝.- «Այս ինչ խեղկատակութիւն է: Տիկինը 63 տարեկան է, ունի չորս զաւակ ու եօթը թոռ, եւ դուն իրեն կ՚ըսես, որ յղի՞ է»:
Երիտասարդ բժիշկը մեղմօրէն կը ժպտայ եւ կ՚ըսէ.
«Բայց, անոր կլթիկը բուժուած է, չէ՞»:
* * *
Բժիշկը՝ հիւանդին. «Ձեզի ունիմ լաւ լուր մը եւ գէշ լուր մը»:
Հիւանդը՝ «Հաճեցէ՛ք նախ լաւ լուրը փոխանցել»:
Բժիշկը՝ «Ձեզմէ ետք այս հիւանդութիւնը ձեր անունով պիտի ճանչցուի»:
* * *
Գործողութենէն անմիջապէս առաջ, հիւանդասայլակին մէջ նստած մարդ մը խուճապահար կը հեռանար:
Բուժքոյր մը կեցնելով զայն՝ կ՚ըսէ. «Ի՞նչ կայ, ինչո՞ւ իրար անցած ես»:
«Լսեցի գործողութեան սենեակին մօտ կանգնած բուժքրոջ խօսքը, որ կ՚ըսէր.- Ասիկա շատ պարզ վիրահատութիւն մըն է, մտահոգուելու ոչինչ կայ, վստահ եմ, որ լաւ կ՚անցնի»:
«Է՜հ, ի՞նչ կայ վախնալիք ասոր մէջ: Ան պարզապէս կը փորձէր մխիթարել ձեզ»:
«Հարցը այն է որ ինծի հետ չէր խօեր, այլ՝ վիրաբոյժին հետ»:
* * *
Շատ զայրացած կին մը կը խուժէ վիրաբոյժին սենեակը, պոռալով՝ «երէկ, գործողութեանս ատեն մէկը իմ կեղծամս գողցեր է»:
Բժիշկը կը փորձէ հանգստացնել զայն. «Ես ձեզ կը վստահեցնեմ, որ իմ աշխատակազմէս ոչ ոք նման բան կրնայ ըրած ըլլալ», – կ՚ըսէ ան: «Ինչո՞ւ կը կարծէք, որ հո՛ս պատահած է գողութիւնը»:
«Գործողութենէն ետք նկատեցի, թէ կեղծամը որ գլխուս վրայ է, աժաննոց էր եւ տգեղ»:
«Հա», կ՚ըսէ վիրաբոյժը՝ մեղմօրէն ծիծաղելով, «Ուրեմն կրնանք վստահ ըլլալ որ ձեր լուսնի (cataract) գործողութիւնը յաջող անցած է»: