ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ
Հայաստանի մէջ բժշկութիւնը մօտաւորապէս երեք հազար տարուան պատմութիւն ունի:
Հնագիտական պեղումներ կը վկայեն ուրարտական եւ աւելի հին շրջանի բժիշկութեան մակարդակի մասին:
Ժամանակի ընթացքին, ստեղծուած է դեղանիւթերու հարուստ գանձարան մը: Հայկական լեռնաշխարհի դեղաբոյսերը արտածուած են տարբեր երկիրներ: Հայաստան եղած է արժէքաւոր խէժատու բոյսերու եւ դեղերու հայրենիքը: Գլխաւոր դեղանիւթեր եղած են Հայկաւը, Հայքարը, Ուպանը, Բորակը, ինչպէս նաեւ սնդիկի, երկաթի, կապարի խառնուրդ, որդան կարմիր, եւ կենդանիներու գեղձերէն, ուղեղէն, լեարդէն եւ փայծախէն պատրաստուած նիւթեր:
Հայաստանի մէջ հիւանդանոցներ եղած են Գ. դարէն: Սուրէն Սալահունի իշխանին կինը՝ Աղուիթա, 260 թուականին, Առբենուտ կոչուող հանքային բուժիչ աղբիւրներուն մօտ իր միջոցներով բորոտանոց կառուցած է:
Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակումէն ետք, վանքերուն կից հիւանդանոցներ բացուեցան:
Մեծն Ներսէս կաթողիկոսը, Հայաստանի բոլոր կողմերը հիւանդանոցներ բացաւ բորոտներու, հաշմանդամներու եւ ցաւագարներու համար:
***
Վաղարշակ թագաւորի ժամանակ, Տայք նահանքի ճահճային շրջաններուն մէջ եղած են այգիներ եւ բուրաստաններ, ուր կ’աճեցնէին վայրի դեղաբոյսեր:
Բուժիչ կարգ մը բոյսեր մեծ խնամքով աճեցուած են Արտաշէս Բ. Թագաւորի հիմնած յատուկ պարտէզներուն մէջ:
Բժշկութեան մէջ չորս տարրերու եւ անոնց համապատասխանող չորս հիմնական հեղուկներու՝ արեան, լորձունքի, դեղին եւ սեւ մաղձի տեսութիւնը յիշատակուած է Ե. դարուն:
Եզնիկ Կողբացի հիւանդութիւններու առաջացումը կապած է հիմնական հեղուկներու հաւասարակշռութեան խախտման հետ: Իսկ հոգեկան հիւանդութիւնները համարած է գլխու շեղի հիւծման հետեւանք:
Դաւիթ Անյաղթ շարք մը երկիրներու մէջ շօշափած է մարդակազմութեան, կենսաբանութեան, դեղագիտութեան եւ բժշկական բարոյագիտութեան հարցեր: «Վերլուծութիւն Ներածութեանն Պորփիւրի» աշխատութեան մէջ, ան կը յիշէ որ Հայաստանի մէջ Ե.- Զ. դարերէն սկսեալ դիահերձումներ կատարուած են:
Անանիա Շիրակացի 667 թուականին կազմած իր «Քննիկոն»-ին մէջ տեղ տուած է նաեւ բժշկութեան: Ան զբաղած է նաեւ բուսականութեան հարցերով, նկարագրած է Համասփիւռ կոչուող բոյսի բուժիչ յատկութիւնները:
***
Բժշկագիտութեան զարգացման համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուեցան յատկապէս Ժ.- ԺԱ. դարերուն, Անիի Բագրատունեաց թագաւորութեան ժամանակ:
Անի մայրաքաղաքին, ինչպէս նաեւ Հաղբատի եւ Սանահինի վանքերուն մէջ բարձրագոյն դպրոցներ՝ համալսարաններ հիմնուեցան, ուր կ’ուսուցանէին նաեւ բժշկութիւն: Ստեղծուեցան նաեւ ախտաբանութեան եւ դեղագործութեան հարցերու վերաբերեալ աշխատութիւններ, այսպէս կոչուած բժշկարաններ:
Գրիգոր Մագիստրոսի աշխատութիւններուն մէջ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կան հիւանդութիւններու, մահճաբուծութեան, դեղագիտութեան, եւ յատկապէս բուսականութեան վերաբերեալ:
Գագիկ Ա. Թագաւորի օրով գրուած «Բժշկարան»ը (հեղինակը անյայտ), հետագային խմբագրուած է Կիլիկեան Հայաստանի մէջ՝ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիի եղբօր՝ Հեթումի մասնակցութեամբ, ԺԳ. դարու վերջաւորութեան: «Բժշկարան»ը հարստացուած է երկու բժիշկներով եւ կոչուած «Գագիկ-Հեթումեան Բժշկարան»:
«Գագիկ-Հեթումեան Բժշկարան»ին կցուած է Մխիթար Հերացիի «Ջերմանց Մխիթարութիւն» աշխատութեան երեսուն գլուխ, եւ Կիլիկեցի անյայտ հեղինակի՝ մաճկաբուծութեան նուիրուած աշխատութիւնը:
«Գագիկ-Հեթումեան Բժշկարան»ը մեծ ազդեցութիւն գործած է Հայաստանի միջնադարեան բժշկութեան հետագայ զարգացման վրայ:
***
Կիլիկեան Հայաստանի եւ անոր բժշկական դպրոցին հետ կապուած միջնադարեան հայ բժշկութեան հիմնադիր բժշկապետ Մխիթար Հերացիի գիտական ու բժշկական բեղմնաւոր գործունէութիւնը.
Մխիթար Հերացի գրած է մարդակազմութեան, կենսաբանութեան, ախտաբանութեան եւ դեղագիտութեան վերաբերեալ աշխատութիւններ: Ան մեծ աշխատանք տարած է նաեւ հայկական բժշկական եզրերու ստեղծման ուղղութեամբ:
Մխիթար Հերացի մշակած է բուժման ընդհանուր համակարգ մը, որ հիմնուած է դեղաբուժութեան եւ սննդաբուժութեան վրայ: Բուսաբանութեան մէջ ան գլխաւոր տեղը յատկացուցած է դեղաբուժութեան: Բոյսերէն բացի, անոր դեղատոմսերուն մէջ կան կենդանական ծագում ունեցող դեղանիւթեր՝ եզի լեղի եւ լեարդ, ինչպէս նաեւ հանքային նիւթեր՝ Հայկաւ, Ծծումբ, Զինկ եւ Բորակ: Բուժման մարմնական կերպերու մասին ան մեծ տեղ յատկացուցած է ջրաբուժման (լոգանք), ինչպէս նաեւ՝ մարմնամարզական վարժութիւններուն: Ան նաեւ լուրջ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է հոգեբուժութեան վրայ, այդ նպատակով օգտագործելով նաեւ երաժշտութիւնը:
Կիլիկեան Հայաստանի մէջ, Ռուբինեաններու օրով բացուած են հիւանդանոցներ, բորոտանոցներ եւ ապաստարաններ: Այս ուղղութեամբ մեծ ներդրում ունին յատկապէս Լեւոն Բ. թագաւոր, անոր դուստրը՝ Զապէլ թագուհի, եւ Լեւոն Գ. թագաւոր:
Յայտնի բժշկապետերու գլխաւորութեամբ ստեղծուած են բժշկանոցներ: