ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Ի՞նչ է բռնացումը
Բռնացումը շատ յաճախ կը պատահի դըպրոցներուն մէջ, երիտասարդներու կամ պատանիներուն միջեւ:
Բռնացման կամ բռնաճնշումին իրաւական սահմանում մը չկայ, սակայն անիկա կրկնուող վարքագիծ մըն է, որուն նպատակն է ցաւցնել դիմացինը ֆիզիքապէս կամ հոգեպէս՝ շատ յաճախ ցեղային, կրօնական, սեռային, արտաքին տեսքի, ընտանեկան տարբերութիւններու մատնանշումով:
Թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերինք, կամ կը հակազդենք այդ բռնացման, սա է որ մեր կեանքը կրնայ դարձնել տանելի կամ անհանդուրժելի:
Բռնացման ձեւերէն են՝
– Ֆիզիքական յարձակում, զարնել, հրել, խածնել, կոխկռտել…
– Սպառնալիքներ կարդալ
– Ծաղրել, մակդիրներով կոչել
– Նեղացնել
– Դրամդ գողնալ
– Իրերդ խլել, փճացնել, պատռել…
– Ընկերներէդ զրկել
– Հեռաձայնով սպառնալ
– Համացանցային ե-նամակներով նեղացնել (Cyber bullying):
Ինչպէս հակազդել բռնացման
Եթէ դուք դպրոցին մէջ կ՚ենթարկուիք բռնացման, ապա անպայման՝
– Պատմել ընկերոջ մը, ուսուցիչի մը, ծնողքին կամ վստահելի հարազատի մը (քեռի, մօրաքոյր, մեծ մայր…): Ան չի դադրիր մինչեւ որ մէկու մը չյայտնէք…: Եթէ դժուար կը գտնէք խօսիլը, ապա լաւ կ՚ըլլայ որ գրէք, երկտողով մը բացատրէք եղելութիւնը: Ձեր դաստիարակը կամ ծնողքը պէտք է իմանան այդ մասին եւ փորձեն լուծում մը գտնել: Յամենայնդէպս, մեծերուն խորհուրդները կրնան հանգստութիւն եւ աջակցութիւն պարգեւել:
– Մի՚ ենթարկուիք փորձութեան եւ մի՛ փոխադարձէք հակահարուածով. անիկա կրնայ խիստ բացասական հետեւանքներ ունենալ:
– Հակադարձել հնարներով. օրինակ, ուղղակի ըսել «կեցի՛ր»՝ ինքնավստահ ոճով, պատասխանել հումորով, զուարճախօսութեամբ կամ կատակով:
– Այս միջոցներուն ապարդիւնութեան պարագային անտեսել եւ հեռանալ:
– Փորձել այլ ռազմավարութիւն. մնալ դպրոցին ապահով տարածքներուն մէջ՝ շրջապատուած բազմաթիւ երեխաներով:
– Եթէ բռնացողը տեսնէ, որ ինք կը յաջողի քեզ ընկճել եւ նեղացնել, ապա պիտի շարունակէ առաւել եւս բռնանալ:
– Միշտ փորձել խուսափիլ բռնացման նկատողութիւններէն եւ առիթի տեղիք չտալ:
– Միշտ յիշել, որ արժանապատիւ մար-դկային իրաւունքով՝ ո՛չ ոք պէտք է բռնացուի:
Բանաւոր ռնացում թէ՞ կատակ
Բանաւոր բռնաճնշում է, երբ մակդիրներ կու տան կամ կը ծաղրեն: Յաճախ շփոթ կրնայ յառաջանալ թէ ուղղուած մակդիրը բռնաճնշո՞ւմ է թէ կատակ: Նման պարագայի պատանին կրնայ բռնաճնշուած զգալ, բայց աղմուկ չբարձրացնել, որովհետեւ ուրիշներ կը պնդեն թէ կատակ է… այնուամենայնիւ, եթէ անիկա մէկու մը հետ պատահած միակ դէպքն է, ապա զայն կարելի է վերագրել կատակի, սակայն եթէ անիկա դարձած է կանոնաւոր կրկնուող վարքի, ապա վստահ բռնացում է:
Նշանակութիւն ունի նաեւ թէ դուք ինչպէս կը զգաք. եթէ նման արտայայտութիւն մը ձեզ կ՚անհանգստացնէ եւ կը նեղացնէ եւ եթէ դուք մէյ մը խնդրած էք, որ դադրեցնեն, բայց անոնք դեռ կը շարունակեն, ապա այդ մէկը արդէն կը կոչուի բանաւոր բռնաճնշում:
Բանաւոր բռնաճնշումը կրնայ վերաբերիլ կշիռքին, արտաքին տեսքին, ցեղային կամ սեռի տարբերութեան եւայլն. անիկա կրնայ աւերիչ հետեւանքներ ունենալ:
Ինչո՞ւ Բռնանալ
Շատ դժուար է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ շատեր կ՚ուզեն կանոնաւոր կերպով վիրաւորել ուրիշները, յատկապէս երբ բազմիցս խնդրուած է իրենցմէ դադրեցնելու զայն:
Կան տարբեր պատճառներ թէ ինչու շատեր այս ձեւով կը վարուին ուրիշներուն հետ՝
– Որպէսզի տպաւորեն իրենց ընկերները.
– Որպէսզի ստեղծեն որոշ հեղինակութիւն մը.
– Եթէ իրենք իրենց կարգին բռնացուած են եւ կ՚ուզեն շեղել ուշադրութիւնը իրենց վրայէն.
– Եթէ բարկացած են եւ կ՚ուզեն վրէժ լուծել ուրիշը վիրաւորելով.
– Կը սիրեն գտնուիլ բոլորին ուշադրութեան կեդրոնին մէջ.
– Հաւանաբար ունին հարցեր իրենց տան կամ դպրոցին մէջ եւ կը պայթին ուրիշներու վրայ.
– Ինքնավստահութեան պակասի պատճառով, կ՚ունենան բացասական վարքագիծ.
– Ունին յարձակողական վարուելաձեւ.
Յստակ է որ կան այլ պատճառներ եւս. իւրաքանչիւր անձ կրնայ ունենալ իր սեփական արդարացումը: Թերեւս անզգալաբար կ՚ընդօրինակեն իրենց ընկերները եւ կը զգան յաղթանակած ու ինքնագոհ: Շատ յաճախ բռնացողներ կը խոստովանին, որ այլ կերպ կը վարուէին բռնացուողին հետ, եթէ երբեք առանձին գտնուէին:
Ամէն պարագայի, ինչ ալ ըլլան դրդապատճառները, անոնց արդարացումները երբեք բաւարարութիւն չեն տար: