ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Լորձունքաբեր գեղձերու ժահրային բորբոքումը յաճախակի է, եւ ունկնագեղձերը (parotid gland) շատ աւելի հակամէտ են այս ժահրային բորբոքումին, որ կը կոչուի խոզուկ, ունկնախտ, ունկնակ, եւ կամ՝ գայլացաւ (mumps)։
Ունկնագեղձերը երկու հատ են, իւրաքանչիւրը կը գտնուի դէմքին մէկ կողմը, ականջի յառաջամասին եւ ծնօտին վրայ, եւ կազմուած է երկու մասերէ՝ մակերեսային եւ խորունկ բլթակներէ (lobe)։ Այս երկու բլթակներու մէջէն կ’անցնին դէմքի մկաններուն շարժման մայր ջիղերը եւ անոնց բաժանմունքները։ Ունկնագեղձի լորձունքը բերնին մէջ կը հոսի խողովակով մը, որ կը բացուի վերի ծնօտի երկրորդ աղօրիք ակռային դիմաց։
Ուրեմն գայլացաւը հետեւանքն է ժահրի մը, որ կը փոխանցուի ուղղակի լորձունքի միջոցով եւ կամ օդին մէջ տարածուելով: Ան կը փոխանցուի հազալով, փռնգտալով եւ կամ հիւանդին պնակն ու դգալ-պատառաքաղը գործածելով։ Ան փոխանցիկ վարակ մըն է:
Վարակումէն ետք ժահրը կը մնայ լորձունքին մէջ մէկ շաբաթ, ապա տեղի կ’ունենայ գեղձին ծաւալումը. ժահրը կրնայ թափանցել արեան, մէզին եւ ուղեղաջուրին։
Ունկնակը կը պատահի ընդհանրապէս գարնան եւ ձմրան եղանակներուն. ան ընդհանրապէս երկկողմանի է, կը տեսնուի որեւէ մէկ տարիքի, առանց սեռի խտրութեան, սակայն՝ առաւելաբար 5-10 տարիքի մէջ եւ մանչերուն։ Վարակումէն 7-14 օր ետք անհատը կ’ունենայ գլխացաւ, ախորժակի կորուստ, յոգնածութիւն եւ մեղմ ջերմ. այս շրջանէն ետք գեղձը կը ծաւալի բարձր ջերմի եւ ցաւի հետ միատեղ։ Ընդհանրապէս գեղձը կը վերագտնէ իր բնական երեւոյթը 2-3 շաբաթներու ընթացքին։
Ունկնակը կը պատահի համաճարակի ձեւով ընդհանրապէս, սակայն առանձնաբար պատահած պարագաներ երբեմն կը տեսնուին։ Անոր ախտանշաններն են՝ հարբուխանման վիճակ, խոշորցած ունկնագեղձ, որ որոշապէս տեսանելի եւ զգալի կ’ըլլայ դէմքին երկու կողմերը, ջերմութիւն, բերնի չորութիւն, գլխացաւ, փորի ցաւ, եւ երբեմն ուտելու եւ կլլելու դժուարութիւն։ Տղաք յաճախ կ’ունենան նաեւ ամորձիքներու ուռեցք, ցաւ եւ բորբոքում:
Գայլացաւի ժահրը կրնայ յարձակիլ մարմինի այլ գործարաններու վրայ, մասնաւորապէս՝ ուղեղին, ամորձիներուն (testicles), ձուարաններուն (ovaries), ներքին ականջին եւ թոքերուն՝ յառաջացնելով բորբոքումներ։
Այս ժահրը հիւանդին արեան մէջ կը զարգացնէ հակամարմիններ, որոնցմով հիւանդը կ’ունենայ երկարատեւ դիմադրողականութիւն (immunity), այսինքն ան երկրորդ անգամ նոյն հիւանդութիւնը չ’ունենար իր ամբողջ կեանքին ընթացքին։
Այս հիւանդութեան ախտաճանաչումը դիւրին եւ բացայայտ է, իսկ դարմանումը կ’ըլլայ հիւանդը պահելով կատարեալ ֆիզիքական հանգիստի մէջ եւ կերակրելով զայն առատ հեղուկներով եւ սննդարար ու թեթեւ կերակուրներով։ Գլխացաւի եւ բարձր ջերմի պարագային ցաւազերծող եւ հակաջերմ դեղեր յանձնարարելի են։
Շատ հազուադէպ պարագաներուն մանրէասպան դեղերու եւ cortisone-ի գործածութիւնը ստիպողական կը դառնայ։
Ունկնակը կրնայ կրկնուիլ 2-3 շաբաթներ ետք, մանաւանդ եթէ հիւանդը ֆիզիքապէս հանգիստ չընէ եւ շուտով աշխատանքի վերսկսի։ Նախընտրելի է, որ ունկնակ ունեցող անհատը մասնակի մեկուսացում ունենայ առողջ անձերէ, մինչեւ որ գեղձը վերագտնէ իր բնական երեւոյթը։ Գայլացաւէ տառապող հիւանդին ապաքինումը կ’ըլլայ սովորաբար ամբողջական, եւ ունկնագեղձը կը վերադառնայ իր բնական չափին ու աշխատանքին։
Ունկնակի դէմ գոյութիւն ունի պատուաստ (vaccine) մը, որ կը յառաջացնէ ամբողջական պաշտպանութիւն։
Ուրեմն ունկնախտը կանխարգելի է այս յատուկ պատուաստով։ Յանձնարարելի է բոլոր մանուկներու սրսկումը այս պատուաստով, որպէսզի արգելք հանդիսանանք գայլացաւին: