Նանոր Գոչունեան-Թաշճեան
Գաւաթումը ամէնուն ծանօթ շիշէն է, անգլերէնով՝ «Cupping therapy»:
Մարդիկ հազարաւոր տարիներ օգտագործած են այս մեթոտը, մարմինի տարբեր մասերու՝ մէջքի, գլխու, վիզի ցաւերը մեղմելու կամ թեթեւցնելու նպատակով:
Գաւաթային բուժումը օգտակար ձեւ մըն է, սակայն պէտք է գիտնալ հիմնական բոլոր կարեւոր կէտերը, գաւաթը ճիշդ տեղը զարնելու համար:
Գաւաթային բուժման նպատակն է արեան շրջանառութւինը աշխուժացնել. ներծծող ուժի ստեղծումով, արիւնը դէպի մակերես քաշել. ատոր համար ալ անհրաժեշտ է, որ մէջի օդը պարպուած գաւաթը համապատասխան տեղը փակցնել եւ դէպի գաւաթը քաշել արիւնը:
Գաւաթային բուժումը աւանդական չինական եւ մերձաւոր արեւելեան բժշկական ձեւ է. նոյնիսկ յոյն բժիշկ Հիփոկրատը, որ կը կոչուի բժշկութեան հայր, Քրիստոսէ 400 տարի առաջ իր թուղթերուն մէջ յիշած է գաւաթային բուժման մասին: Ժամանակին այս բուժումը կը կատարուէր ընտանիքի անդամներուն միջոցով. Տան մայրը կամ հայրը կը քաշէին գաւաթները: Գաւաթները կը փակցուէին կռնակին, ստամոքսին, ձեռքերուն, ոտքերուն կամ մարմինի այլ մասերուն:
Այսօրուայ դրութեամբ այն կը կատարուի մասնագէտի միջոցով, որ կը ստանայ յատուկ ուսուցում գաւաթ զարնելու, քաշելու կամ տեղը ընտրելու ձեւերուն մասին. Ինչպէս որ ասեղնաբուժութիւնը կամ մերսումը, գաւաթումը նոյնպէս կը կատարէ բժիշկը կամ ֆիզիոթերափեւտը: Այժմ, գոյութիւն ունին արհեստական մեքենայացուած ներծծիչներ (վանթուզներ), որոնց միջոցով բուժումը կը կատարուի 1-3 նստաշրջանով, 10 օրուայ ընդմիջումներով:
Ինչպէ՞ս կ’աշխատի գաւաթային բուժումը
Նախ՝ ջերմութեամբ: Գաւաթին մէջ բոց պըտըտցնելով օդը կ’ընդլայնի եւ դուրս կ’ելլէ: Յետոյ գաւաթը կը փակցնեն մորթին ու կը ձգեն որ պաղի: Ներսը կը գոյանայ անօդ տարածութիւն՝ պարապութիւն մը (vacuum), որ կը քաշէ մորթը, կը ծծէ մորթին ծակտիկներուն մէջ գտնուած օդը: Մորթը եւս ընդլայնելով, մորթին տակ գտնուող արեան փոքր երակները՝ մազանօթները կ’երկարին եւ կը պայթին. Այն ատեն արիւնը կը հոսի մորթին տակ, որ նախ մանուշակագոյն ապա կապոյտ գոյն մը կը ստանայ. Այս գոյնը կ’անհետանայ մէկ կամ երկու շաբաթէն. մարմինը այս գործողութիւնը կ’ընդունի իբրեւ վնասուած տարածք եւ կը սկսի աւելի շատ արիւն ուղարկել այդ տարածք, խթանելու համար բուժման գործընթացը: Այպէսով արեան շրջանառութիւն աշխուժացնելով շնչահեղձութիւնը կը թեթեւնայ, հանգստութիւն մը կը զգացուի ինչպէս նաեւ ցաւերու մեղմացում: Շատեր կը կարծեն, թէ գաւաթումը կը մաքրէ ծակտիկները եւ մարմինէն կ’արտաքսէ թոյները, իսկ շատեր ալ կը գտնեն, որ այն կ’օգնէ յամրընթաց (քրոնիք) հիւանդութիւններու՝ ինչպէս ասթմայի, ռեւմաթիզմի, ստամոքս աղիքային խանգարումներու, գլխացաւերու, մէջքի, վիզի, ծունկերո, ուսի եւ այլ ցաւերու բուժման:
Համենայնդէպս պէտք է խոստովանիլ , որ բուժման այս ձեւի վերաբերեալ շատ բժշկական հետազօտութիւններ գոյութիւն չունին: Պարզ չէ, թէ կենսաբանական տեսանկիւնէ ինչպէ՞ս արիւնը դէպի մակերես քաշելով կ’ապահովուին այս բոլոր առաւելութիւնները: Ըստ վերջին տուեալներու, գաւաթային բուժումը կրնայ զօրացնել դիմադրողականութիւնը, թեթեւցնել մկանային լարուածութիւնը, խթանել արեան շրջանառութիւնը եւ հեռացնել հիւանդութիւն յառաջացնող գործօնները, նպաստել նոր հիւսուածքներու ձեւաւորման եւ վերականգնել հաւասարակշռութիւնը մարմինի դրական եւ բացասական ուժերու միջեւ (չինական ինն ու եանը):
Ըստ ուսումնասիրութիւններու փաստը կը մնայ փաստ, որ կը թեթեւցնէ մկանային բոլոր տեսակի ցաւերը: Խնդիրն այն է, որ դժուար է գաւաթումի վերաբերեալ բարձրորակ ուսումնասիրութիւն կատարել, քանի որ դժուար է չափել հետազօտուողին ցաւի աստիճանը եւ ակնկալուած օգուտը կամ ստեղծել կեղծ գաւաթում (placebo effect):
Գաւաթային բուժումը ունի՞ վտանգներ
Փորձագէտներու մեծամասնութիւնը համաձայն է, որ գաւաթումը անվտանգ է, այնքան ատեն որ բուժուողները դէմ չեն կապտուկներուն, որոնք կը վերանան մօտաւորապէս մէկ շաբաթէն: Կրնայ պատահիլ, որ ներծծման ժամանակ յառաջանայ այրուածք՝ տաք գաւաթին պատճառով: Մորթի վարակումը, քերուըտուքը կամ սպին շատ հազուադէպ պատահարներ են:
Պէտք է հրաժարիլ գաւաթումէն եթէ ունիք արիւնահոսութեան խանգարումներ, մորթային հիւանդութիւններ (էկզեմա կամ փսորիազիս), անցուցած էք սրտի կամ ուղեղի կաթուած, ունիք արեան մակարդելիութեան հետ կապուած խնդիրներ (varicose), կ’առնէք արիւն բարակցնող դեղեր…: Եւ քանի որ քիչ հետազօտութիւններ կան յղիութեան ընթացքին կատարուած գաւաթումներու մասին, ապա յղի կանայք նոյնպէս պէտք է հրաժարին գաւաթային բուժումէն:
Երբ կատարել գաւաթում
Ամէն տեսակի ցաւերու ժամանակ՝ յօդային կամ մկանային, հազի դէմ, թոքային ամէն տեսակ բորբոքումներու պարագային, շնչահեղձութեան դէմ, մարսողական խանգարումներու (փքուածութիւն, փորկապութիւն), դաշտանադադարի ախտանշաններու, անքնութեան եւլն: Չունի որեւէ անպատեհութիւն. կարելի է զարնել 30-40 հատ՝ նստաշրջաններով: Հազի եւ ցնցղատապի (bronchitis) պարագային կը բաւէ իւրաքանչիւր թոքին վրայ զարնել 8 գաւաթ, ենթական պառկեցնելով երեսին վրայ: Անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր գաւաթումէ ետք, գաւաթները հականեխել: