Այսօր բաւական տարածուած է այն կարծիքը, թէ իբրեւ թէ կարելի է ունենալ աւելորդ ծանրութիւն, միաժամանակ առողջ մնալ: Սակայն, խումբ մը սպանացի գիտնականներ փաստած են, որ այս սոսկ առասպել է, եւ որ ճարպակալումն ու առողջութիւնը իրականութեան մէջ անհամատեղելի են:
Մատրիտի Եւրոպական համալսարանի (European University) մասնագէտները կատարած են հետազօտութիւն մը եւ ուսումնասիրած կանոնաւոր ֆիզիքական շարժումի մէջ գտնուող եւ աւելորդ ծանրութիւն ունեցող մարդոց առողջութեան միջեւ առկայ կապը: Հետազօտութեան ժամանակ նկատի առած են աւելի քան 527.600 հասուն անձերու տուեալները (միջին տարիքը՝ 42):
Հետազօտութեան մասնակիցները բաժնած են քանի մը խումբի՝ մեկնելով մարմնի զանգուածէն. բնական ծանրութիւն, աւելորդ ծանրութիւն եւ ճարպակալած, ինչպէս նաեւ՝ մեկնելով անոնց ֆիզիքական աշխուժութենէն: Հետազօտութեան մասնակցողներուն սրտանօթային համակարգին վիճակը բնորոշած են սրտի հիւանդութիւններու եւ կաթուածի երեք հիմնական գործօններով՝ շաքարախտի առկայութիւն, զարկերակային բարձր ճնշում եւ վատ քոլեսթերոլի բարձր մակարդակ:
Հետազօտութեան մասնակիցներուն շուրջ 42 տոկոսը ունէր մարմնի բնական զանգուած, 41 տոկոսը՝ աւելորդ ծանրութիւն, իսկ 18 տոկոսը կը տառապէր ճարպակալումով: Մասնակիցներուն մեծ մասը (65,3 տոկոս) գրեթէ աշխոյժ չէր, այսինքն` չէր կատարեր նուազագոյնը, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան յանձնարարած շաբաթական 150-300 վայրկեան մարզանքը:
Մասնակիցներուն 12,3 տոկոսը ունէր անբաւարար ֆիզիքական շարժում, եւ միայն 24,2 տոկոսը կանոնաւոր մարզանք կը կատարէր: Մասնակիցներուն շուրջ 30 տոկոսն ունէր քոլեսթերոլի բարձր մակարդակ, 15 տոկոսը կը տառապէր զարկերակային բարձր ճնշումէ, իսկ 3 տոկոսը՝ շաքարախտէ:
Այս բոլոր տուեալներու ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ ֆիզիքական նուազագոյն աշխուժութիւնը նոյնիսկ կը նուազեցնէ շաքարախտի զարգացման եւ վատ քոլեսթերոլի մակարդակին բարձրացման հաւանականութիւնը: Բայց կան նաեւ ժխտական նորութիւններ. աւելորդ կշիռք եւ ճարպ ունեցող մարդոց մէջ յայտնաբերուած է սրտանօթային հիւանդութիւններու բարձր վտանգ՝ բաղդատած մարմնի բնական կշիռքով տարեկիցներուն: Տակաւին, գէր մարդոց պարագային, որոնք պարբերաբար մարզանք կ՚ընեն, շաքարախտի զարգացման վտանգը 3 անգամ աւելի բարձր է` բաղդատած ծոյլ, բայց բարեկազմ մարդոց:
Հետազօտութեան հեղինակներուն կարծիքով, այս եզրակացութիւնները կը հերքեն այն առասպելը, որ կարելի է ունենալ աւելորդ կշիռք, միաժամանակ ըլլալ առողջ մարդ, եթէ ուշադրութիւն դարձուի ֆիզիքական աշխուժութեան: Ֆիզիքական մարզանքները նուազագոյնը կը հատուցեն առողջութեան համար աւելորդ կշիռքի բացասական հետեւանքները, սակայն սիրտի հետ կապուած խնդիրներէն չեն ազատեր: