Գիտնականներու կատարած մէկ նոր հետազօտութեան համաձայն, թոյլ գարեջուրի ամէնօրեայ չափաւոր օգտագործումը կրնայ բարելաւել աղիքներու առողջութիւնը:
Ամերիկեան Chemical Society՚s Journal of Agricultural and Food Chemistry ամսագրին մէջ հրապարակուած փոքր հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ առողջ տղամարդոց մօտ, որոնք օրական մէկ չափաբաժին ալքոլային կամ ոչ ալքոլային գարեջուր կը խմեն, աղիքային մանրէներու աւելի բազմազան տեսականի կը զարգացնեն, ինչ որ նուազ հակամէտ կը դարձնէ քրոնիք հիւանդութիւններու, ինչպէս է պարագան շաքարախտին եւ սրտանօթային հիւանդութիւններուն:
Մարդու աղեստամոքսային անցքը միլիառաւոր միքրոօրկանիզմներ կը պահէ, իսկ գարեջուրը այնպիսի խառնուրդներ կը պարունակէ, ինչպէս՝ փոլիֆենոլները, ինչպէս նաեւ խմորումի ընթացքին արտադրուած կենդանի միքրոօրկանիզմներ, որոնք կրնան ազդել միքրոպիոթայի կազմին վրայ, նշուած է հետազօտութեան մէջ:
Հետազօտութեան ծիրին մէջ, պատահականօրէն 18-էն 65 տարեկան 20 առողջ տղամարդիկ բաժնած են երկու խումբի, որոնք չորս շաբթուան ընթացքին ընթրիքին 11 աուունս պարունակութեամբ մէկ շիշ ալքոլային կամ ոչ ալքոլային գարեջուր խմած են: Մասնակիցներուն յանձնարարուած է պահպանել ֆիզիքական աշխուժութիւնը եւ սննդակարգի նոյն մակարդակը: Դատելով արեան եւ կղանքի քննութիւններէն` մարմնի կշիռքը, մարմնի զանգուածին ցուցանիշը, սրտի եւ նիւթափոխանակութեան առողջութեան կենսանիշները հետազօտութեան ընթացքին չեն փոխուած մասնակիցներու շիճուկին մէջ:
Սակայն չորս շաբթուան վերջաւորութեան երկու խումբերու պարագային ալ աղիքներուն մէջ պաքթերիաներու աւելի մեծ բազմազանութիւն եւ կղանքի ալքալային ֆոսֆաթազի աշխուժութեան աւելի բարձր մակարդակ արձանագրուած է: Այս բնախմորը (էնզիմ) կ՚օգնէ պայքարելու աղիքներու վատ պաքթերիաներու դէմ, որ, ըստ հետազօտողներու, կը վկայէ աղիքներու առողջութեան բարելաւման մասին: