Գլխացաւ պատճառող գործօնները բաւական շատ են եւ անոնց մէջ կը մտնեն նաեւ որոշ ուտելիքներ։ Ըստ գլխացաւի մասնագէտ Պելինտա Սեւիճ-Էտուըրտզի (Մ. Նահանգներ), բնակչութեան 10 առ հարիւրը զգայուն է սննդային «խթանիչներու» հանդէպ, որոնք կրնան գլխացաւ եւ նոյնիսկ միկրենի նոպայ յառաջացնել։ Սակայն, բաւական դժուար է պարզել, թէ յատկապէս ո՞ր ուտելիքները գլխացաւ յառաջ կը բերեն մարդուն մօտ։
Այսուհանդերձ, կան որոշ ուտելիքներ եւ նիւթեր, որոնք միւսներէն աւելի յաճախ կը նպաստեն գլխացաւի եւ միկրենի յառաջացման:
«Քաֆէին» պարունակող խմելիքներ
Անոնց շարքին կը պատկանին թէյը, սուրճը, քոլան, եւ այլն։ Անոնք բոլորը կրնան գլխացաւ պատճառել, ուստի, եթէ կը տառապիք գլխացաւէ եւ միկրենէ, մասնագէտները խորհուրդ կու տան առաջին հերթին սննդաբաժինէն բացառել քաֆէին պարունակող խմելիքները։
Պանիրներ
Որոշ հինցած պանիրներ, այդ շարքին նաեւ՝ կապոյտ պանիրը, պրին, չետըրը, անգլիական սթիլթընը, ֆեթան, քորքոնզոլան, մոցարելան, փարմեզանը, զուիցերիականը, եւ այլն, կը պարունակեն թիրամին անունով նիւթ մը, որ կը գոյանայ սպիտակուցներու բաժանումէն հասունացումի եւ հոտելու գործընթացին մէջ։ Որքան աւելի հիննայ պանիրը, այնքան աւելի կը բարձրանայ թիրամինի պարունակութիւնը։ Անիկա, ըստ ընդունուած կարծիքի, կրնայ յառաջացնել գլխացաւեր։
Վերամշակուած միս
Մսեղէնը՝ ապխտած միսը, նրբերշիկները, երշիկները, կը պարունակեն ո՛չ միայն նաթրիումի կլութամաթ, այլեւ ազօթի օքսիտ, որուն շնորհիւ կը պահպանուին ուտելիքներու գոյնը եւ համը. անիկա կրնայ գլխացաւ կամ միկրեն յառաջացնել։
Ալքոլ
Ալքոլը կը նկատուի միկրեն յառաջացնող հիմնական գործօններէն մէկը. գինին, գարեջուրը, ուիսքին եւ շամփանյը կը խթանեն միկրենի յառաջացումը մարդոց 25 առ հարիւրին մօտ։
Տուրմ
Միկրենով տառապող մարդոց շուրջ 22 առ հարիւրը ցաւեր կ՛ունենայ տուրմին պատճառով։
Արուեստական քաղցրացնողներ
Արուեստական քաղցրացնողներ գոյութիւն ունին վերամշակուած բազմաթիւ ուտելիքներու եւ խմիչքներու մէջ։ Մայօ քլինիքի տուեալներուն համաձայն, յաճախակի գլխացաւեր պատճառող ազդակ մըն է ասփարթամը՝ արուեստական ծանօթ քաղցրացնողներէն մէկը։
«Նաթրիումի կլութամաթ» պարունակող ուտելիքներ
Կլիւթամաթը կրնայ յառաջացնել միկրենի նոպաներ այդ հիւանդութենէն տառապողներու 10-15 առ հարիւրին մօտ։ Այդ նիւթը կը գտնուի սառած եւ պահածոյ ուտելիքներուն, սնեքներուն, աղցաններու յաւելումներուն եւ թացաններուն (սոս) մէջ։
Սառած ուտելիքներ
Պաղպաղակը, սառած կաթը եւ սառած այլ ուտելիքներ նոյնպէս կրնան զօրաւոր գլխացաւ յառաջացնել։