ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Դաջուածքը մորթի տակ թանաքի կամ ներկի միջոցով պատկերներու, նախշերու դրոշմումն է:
Դաջուածքը շատ հին սովորութիւն է: Տարբեր մշակոյթի ներկայացուցիչներ, ըստ աւանդոյթի կը դաջէին իրենց երեսները կամ մարմինի տարբեր մասերը:
Այն սկսաւ արդիականանալ 1700 թուականներէն սկսեալ, երբ անգլիացի բուսաբան Սըր Ճոզեֆ Պեքսը, նաւային երկար ճանապարհորդութենէն, Անգլիա վերադարձաւ դաջուածք ըրած. ան Անգլիոյ բարձր խաւի ներկայացուցիչ էր եւ նաւակազմի շատ մը անդամներ նոյնպէս վերադարձան դաջուածքներով, որ հետագային վերածուեցաւ աւանդոյթի:
Պատմութեան ընթացքին, դաջուածքը ունեցած է բացասական իմաստ, քանի որ յաճախ յանցագործները կը կրէին դաջուածքներ: Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ դաջուածքի ժամանակակից հասկացողութիւնը փոխուած է: 1970-ական թուականներէն ի վեր, դաջուածքները գրաւեցին նորաձեւութեան հիմնական տեղը եւ սկսան զարդարել յայտնի երգիչներու, մոտելներու, դերասաններու մարմինները: Անիկա լայն տարածում գտաւ յատկապէս երիտասարդներու շրջանակին մէջ, որոնք սկսան կրկնօրինակել իրենց կուռքերը: Պէտք է ըսել, որ իմ կարծիքով, դաջուածքը արուեստի ստեղծագործական գործընթաց է եւ կը պահանջէ արուեստի ճաշակ, հմտութիւն եւ երեւակայութիւն:
Հիմա մարդիկ ցանկութիւն կը յայտնեն դաջուածք ընելու գեղագիտական, կրօնական, սիրելիին յարգանքի տուրք մատուցելու, կեանքի պահ մը կարեւորելու եւ յիշարժան դարձնելու նպատակներով.
Դաջուածքի տարածումը ունի մի քանի պատճառներ
- Գրաւչութեան միջոց
- Հաղորդակցութեան միջոց
- Խորհրդանիշ
- Ցոյց տալու սեփական նշանակութիւնը կամ պատկանելիութիւնը
- Ինքնարտայայտման ձեւ
- Ընդգծելու անհատականութիւնն ու անկախութիւնը
- Առնականութիւնը
- Անձնական նշանակութիւնը
- Ինչպէս նաեւ լաւ տարբերակ է իւրայատուկ երեւելու…:
Սակայն, նախքան ասեղին տակ անցնիլը, կարեւոր է իմանալ դաջուածքի սարսափելի վտանգներուն մասին, որոնց մարդկանց մեծամասնութիւնը իրազեկ չէ, յատկապէս երիտասարդութիւնը, որուն 24 տոկոսը դաջուածք կը կրէ իր մարմինին վրայ:
Դաջուածքները անառողջապահական են: Դաջուածքի գծագրիչը ասեղներով մնայուն թանաք կը ներարկէ մորթին տակ: Տարբեր գոյներ ստանալու համար, գունաւոր նիւթեր կը խառնուին թանաքին հեղուկին, որ սովորաբար բաղկացած է կլիսերինէ, իսկ այդ ներկերը ընդհանրապէս կը ստանան հանքանիւթերէ, ծանր մետաղներէ (սնդիկ, երկաթ, կապար, պղինձ, ալիւմին, քատմիում) կամ ազօ գունանիւթերէ, որոնք կու տան որոշակի երանգներ: Ազօ գունանիւթերը յատկապէս մտահոգիչ են, քանի որ կրնան թոյլ տալ, որ թունաւոր միացութիւններ ներթափանցեն արեան մէջ:
Թանաքի որոշ մասնիկներ չափազանց մեծ են, ուստի անոնք կը մնան մորթի շերտին տակ, իսկ նանօմասնիկները այնքան փոքր են, որ թափանցելով մորթի խոր շերտերը կրնան հասնիլ արեան մէջ: Վերջիններս ունին ուղեղի թունաւոր ազդեցութիւն եւ կրնան յառաջացնել նեարդերու վնաս եւ նոյնիսկ ըլլալ քաղցկեղածին: Սեւ թանաքը առաւել եւս կապուած է նանօմասնիկներու բարձր մակարդակի հետ: Ըստ ուսումնասիրութիւններու, դաջուածքի թանաքները երբեմն կրնան աղտոտիլ մանրէներով կամ ժահրերով, եթէ նոյնիսկ մշակուած են պահածոներով:
Դաջուածքի վտանգները առողջութեան վրայ՝
1.- Գերզգայունութիւն (allergic reactions): Հնարաւոր է զգալ գերզգայունութիւն մորթ մտած թանաքի նկատմամբ: Նշաններն են՝ ուռուցիկ մորթը, բշտիկները, դաջուածքէն՝ ջուրի արտանետումները, բծաւոր եւ թեփոտ մորթը: Շատ լուրջ պարագաներու՝ կրնայ զգացուիլ շնչառութեան խանգարում, սրտի տրոփում, գլխապտոյտ…:
2.- Վարակներ: Դաջուածքին ասեղը կրնայ վնասել մորթին տակ գտնուող արեան անօթները. այդ պատճառով է որ կը կապտի, կ՚ուռի եւ թեթեւակի կը բորբոքի: Անշուշտ բորբոքումը բնական եւ պաշտպանական հակազդեցութիւն է եւ կը նպաստէ շուտ ապաքինումին: Դաջուածքէն ետք, մորթը պատշաճ կերպով չխնամելը կը մեծցնէ վարակին վտանգը, նոյնիսկ կրնայ յառաջացնել սեպսիս: Անհրաժեշտ է յարգել նախազգուշական բոլոր միջոցները, մասնագէտը պէտք է գործածէ մէկ անգամուան օգտագործման ասեղ եւ հականեխէ գործիքները: Դաջուածքը հակացուցուած է անչափահասներուն, յղիներուն եւ քրոնիկ հիւանդութիւններով տառապողներուն՝ շաքարախտաւորներուն, սիրտ անօթային խնդիրներ ունեցողներուն եւ լուսնոտներուն…: Դաջուածք ընողները արեան նուիրատու կրնան ըլլալ դաջուածք ընելէն առնուազն մէկ տարի ետք:
Դաջուածք ընելու որոշում առնելու համար պէտք չկայ աճապարելու, որովհետեւ դաջուածք ջնջելը շատ սուղ եւ աւելի ցաւոտ գործընթաց է, մանաւանդ որ վերջերս սկսած է ծաղկիլ դաջուածք ջնջելու գործարկութիւնը. Սա ցոյց կու տայ, որ ճիշդ որոշում կայացնելու համար, անհրաժեշտ է երկար խորհիլ թեր եւ դէմ կողմերուն մասին:
Եթէ անպայման կ՚ուզէք դաջուածք ունենալ, ապա կարելի է կատարել ժամանակաւոր դաջուածք՝ հինայով, այն մարմինին վրայ կը մնայ 15-30 օր՝ կախեալ մորթի տեսակէն եւ լուալը կապ չունի հինայի ջնջուելուն հետ: Հինայով հարսի ձեռքերն ու ոտքերը նախշեր դաջելու սովորոյթը ժամանակին շատ տարածուած էր հայերուն մօտ: Կարգ մը գործեր, որոնք կ՚արգիլեն դաջուածքի ակնյայտ երեւումը.- առողջական ոլորտ, ոստիկանութիւն, օրէնսդիր ասպարէզ, քարտուղարութիւն, ուսուցչութիւն, դրամատուն, ֆինանսական հաստատութիւններ, վիզահարկային տեսչութիւն, պանդոկավարներ, կառավարական մարդիկ: