ՏՈՔԹ. ԿՈՍՏԱՆ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
Բնական է օրը սկսիլ առտու ուղղուելով լուացարան: Բնական է նաեւ որ մեր դէմքը ստուգենք հայելիին առջեւ գոնէ մէկ անգամ:
Սովորական դարձած մաքրութեան այս ամէնօրեայ երեւոյթը կրնայ նաեւ յայտնաբերել սպառնացող առողջական հարցեր, որոնցմէ կը տառապի մեր մարմինը: Շատ անգամ այս հիւանդութիւնները թաքուն կ՚ընթանան եւ մենք՝ անտեղեակ, չենք դիմեր բժշկական միջամտութեան:
Հաւանաբար նկատած էք որ երբ բժիշկին այցելէք ու ինչպէս միշտ՝ նախնական զրոյց հարցուփորձի ժամանակ, դէմ դիմաց նստած, բժիշկ-հիւանդ խօսակցութիւն կ՚ունենաք, բժիշկին աչքերը յաճախ կը հետեւին ձեր աչքերուն: Ասիկա ոչ միայն ձեր պատասխաններու ճշգրտութիւնը ստուգելու համար է, այլ նաեւ ձեր դէմքին նայելով բժիշկը կրնայ կռահել զարգացող հիւանդութեան մը ընթացքը կամ գոյութիւնը:
Թէ ինչպէ՞ս կը կռահէ ան: Այս մէկը հիմնաւորուած է ստոյգ նշաններով, որոնց մասին ստորեւ պիտի ներկայացնեմ հակիրճ ու հասկնալի ոճով: Աւելցնեմ որ բժիշկը չի բաւարարուիր միայն դէմքին նայելով ախտորոշում մը կատարել, այլ իր գիտելիքներուն հետ միատեղ՝ կը դիմէ հետազօտական տարբեր միջոցներու, հաստատելու կամ ժխտելու համար իր կասկածը: Հետեւաբար, ընթերցողը պէտք չէ փորձուի դիմացինին դէմքին նայելով՝ հիւանդութեան մը գոյութիւնը յայտարարել:
Բացատրութեանս պիտի կցեմ նկարներ, որպէսզի ընթերցողը դիւրութեամբ պատկերացնէ բժշկական այն վիճակները, որոնց կ՚անդրադառնամ:
– Ձեզմէ շատեր նկատած պէտք է ըլլան կարգ մը մարդոց կոպերուն վրայ աճած փափուկ դեղնաւուն հիւսուածքը:
Այս աճած փափուկ մասերը կը կոչուին Xanthelasma: Cholesterol-ի մասին թերեւս բոլորս լսած ենք եւ անոր վտանգներէն զգոյշ կ՚ըլլանք սովորաբար: Այդ դեղին փափուկ մասերը գոյացած կ՚ըլլան cholesterol-ի մեծ քանակութենէն, ուրկէ նաեւ այդ գոյնը:
Նշենք որ xanthelasmaէ տառապող անձեր կը գտնուին սրտանօթային հիւանդութիւններ զարգացնելու վտանգի ծիրին մէջ: Այսինքն այս անձերը պէտք է լրջօրէն հետեւին իրենց առողջական վիճակին:
Եւրոպական բժշկական հաստատութիւն մը 2011 թուականին կատարած է հետազօտութիւն մը աւելի քան 13 հազար պարագայի վրայ ու հաստատած է որ տուեալ թիւին 70 առ հարիւրին մօտ գոյութիւն ունի սրտային տագնապի լուրջ վտանգ մը (crise cardiaque): Սովորական անձերու մօտ այդ համեմատութիւնները շատ աւելի ցած են անշուշտ:
– Ձեզմէ շատերը նկատած են իրենց խօսակիցին անսովոր դիմագիծը կամ հայելիին նայած ժամանակ: Ասիկա անհամաչափութեան հետ կապուած դէմքի այլանդակումն է:
Գիտէք արդէն որ գոյութիւն ունի մարմնի համաչափութիւն մը, ուր մարմնի ձախ եւ աջ հատուածները նմանօրինակ պէտք է ըլլան բնականաբար: Տակաւին, նոյնիսկ փոքր խախտում մը դէմքին վրայ կրնայ նկատուիլ սովորական աչքով: Այս պարագային, անհամաչափութիւնը ենթադրել կու տայ ուղեղային վնասուածքի մը առկայութիւնը:
Հիւանդը շատ անգամ կը դիմէ բժիշկին ըսելով՝ «հայելիին մէջ երբ կը նայէի դէմքս տարբեր նկատեցի…»: Քննութեան ժամանակ, բժիշկը պիտի նկատէ նաեւ որ դէմքին մէկ մասին զգայնութիւնը նուազ է միւս կէսին հետ բաղդատած: Հիւանդը նաեւ կը գանգատի որ անկարող է ժպիտ մը առաջացնելու դէմքին վրայ: Կ՚ըլլան պարագաներ, ուր կը նկատուին նաեւ խօսակցական դժուարութիւններ: Երբ այս երեւոյթը նկատէք ձեր տարեց բարեկամներուն կամ ազգականներուն մօտ, անպայման խորհուրդ տուէք անոնց որ բժիշկի դիմեն: Կանխահաս ախտաճանաչումը մեծապէս կը նպաստէ դարմանումի արդիւնաւէտութեան:
– Բոլորս գրեթէ գիտենք որ չոր մաշկը հետեւանք է ջրազրկման, ինչ ինչ պատճառներով առաջացած: Չոր մաշկը նաեւ կրնայ ըլլալ աւելի լուրջ հիւանդութեան մը արտայայտութիւնը, որ կապ ունի քրտնագեղձերու գործունէութեան խանգարման հետ, ինչպէս նաեւ՝ վաճամաձեւ գեղձի (glande thyroide) թերի կամ անբաւարար աշխատանքին հետ կապուած (hypothyroidism): Չոր մաշկը նաեւ կը նկատուի շաքարախտի բարդացած պարագաներուն մօտ:
Անհրաժեշտ է աւելցնել որ վահանաձեւ գեղձի անբաւարարութեան պարագային, հիւանդը կ՚ուենենայ պաղ զգալու մնայուն վիճակ մը, կշիռքի յաւելում եւ յոգնածութեան զգացում: Իսկ շաքարախտի ժամանակ՝ մնայուն ծարաւ, բազմամիզութիւն եւ խանգարուած տեսողութիւն:
– Դէմքի մազակալում: Այս մէկը կապ ունի հորմոնային խանգարումներու հետ, երբ պարագան կը պատկանի իգական սեռին: Նաեւ կը նկատուի ոչ ցանկալի մազերու աճ՝ ծնօտի, կզակի եւ վերին շուրթերէն վեր, ինչ որ մտածել կու տայ polykystique ախտանշանին մասին: Աւելի պարզ ըսած՝ ձուարաններուն մէջ կ՚աճին բազմաթիւ kyste-եր, ժողովրդական լեզուով՝ ջուրի տոպրակներ, որոնք հորմոնային արտադրութեան խանգարման պատճառ կ՚ըլլան:
Այս հիւանդութիւնը բաւական տարածուած է ու պատճառ կը հանդիսանայ չբերութեան:
– Յոգնած աչքերը եւ անոնց տակի այտուցները կը խօսին երկարատեւ գերզգայնութեան (allergie) մասին:
Allergie-ի պատճառով յոգնած աչքերը եթէ երկար ատեն առանց բուժումի մնան, ապա աչքերուն տակի մաշկի արիւնային անօթներ կը սկսին լայննալ, եւ որովհետեւ աչքի ստորին կոպի մաշկը շատ զգայուն է, ապա կ՚առաջա-նայ ուռածութիւն եւ մուգ կապոյտ գունաւորում:
– Գունաթափուած երանգով դէմքը կը նկատուի արեան տկարութիւններու ժամանակ, սրտանօթային կամ թոքային հիւանդութիւններու հետ զուգակցող:
Նոյնիսկ դէմքին երանգին ջնջին փոփոխութիւնը կրնայ ցոյց տալ թէ սխալ բան մը կայ: Տժգունութիւնը արեան տկարութեան նշան է: Դեղնութիւնը արեան տկարութեան նշան է: Դեղնութիւնը լեարդի հետ կապուած հիւանդութիւններու մասին կը յուշէ: Առաւել եւս կապտաւուն եղունգները կը մատնեն սրտանօթային հիւանդութեան գաղտնի ընթացքը եւ կամ թոքերու անբաւարար աշխատանքը:
– Դէմքին վրայ առաջացող կարմիր բշտիկները նոյնպէս կրնան որոշ հիւանդութիւններու նախանշանը ըլլալ:
Ստամոքս աղիքային որոշ հիւանդութիւններ, իրենց արտայայտութիւնը կ՚ունենան մաշկի վրայ, ինչպէս՝ coeliaque հիւանդութիւնը:
Այս հիւանդութեան ժամանակ gluten-ի հանդէպ հակազդեցութիւն կ՚առաջանայ:
Coeliaqueը բարակ աղիքներու հիւանդութիւն մըն է, ուր ցորենը (որ կը պարունակէ բարակ gluten) հակազդեցութիւն կ՚առաջացնէ բարակ աղիքներու լորձաթաղանթին հետ ու չներծծուելով մարմնին կողմէ, խանգարումներ կ՚առաջանան ու անձին մարմինը կը հիւծի: Բուժումը շատ դիւրին է ախտաճանաչումէն ետք. հիւանդը պէտք չէ ցորեն օգտագործէ իր սննդականոնին մէջ, ինչպէս նաեն՝ գարի եւ հաճար (seigle):
– Դէմքին վրայ երբ կը նկատենք թիթեռնիկանման կարմրութիւն մը, ուր քիթի հատուած կ՚ըլլայ կեդրոնը, ապա պէտք է մտածենք գայլախտ հիւանդութեան մասին (lupus erythe-matosus): Այս մէկը autoimmune լուրջ հիւանդութիւն է:
Allergie-ները, eczema-ները, rosacռe-երը եւ որոշ վարակներ կրնան նաեւ դէմքին վրայ կարմիր երանգ առաջացնել:
Գրութիւնս ամփոփելու համար անհրաժեշտ կը գտնեմ յիշեցնել, որ այս բոլոր գրուածները չեն ամփոփեր ամբողջ բժշկութիւնը: Պարզապէս կը ծառայեն գաղափար մը ունենալու եւ շուտափոյթ դիմելու բժշկական խորհրդակցութեան որպէս ազդանշան:
Ասոնք ընթերցողին բժշկական զարգացումը կը հարստացնեն, բայց հիւանդութեան ախտորոշումը կը թողունք մասնագէտին:
Պատահած է որ մարդիկ յաճախ դիմացինին դէմքին նայելով կ՚որոշեն որ ան հիւանդ է: Շատ բարի, բայց աւելի պէտք չէ խորանալ հիւանդութիւններ կռահելով ու դեղեր փորձելով: Այս մէկը ոչ միայն կրնայ վնասել տուեալ անձին առողջութեան, այլ նաեւ՝ հոգեկանին:
Նոյնիսկ բժիշկը չի համարձակիր ախտորոշում կատարելու միայն նայելով, շատ անգամ ան կը դիմէ ախտորոշման յաւելեալ ձեւերու: