Փամփշտատապը (սիսթիթ) անծանօթ հիւանդութիւն մը չէ. ան կրնայ յառաջ գալ այրերու, կիներու, չափահասներու եւ ծերերու մօտ: Իրականութեան մէջ, փամփշտատապը առանձինն հիւանդութիւն մը չէ. ան ոչ թէ ախտանշան մը, այլ իրարմէ տարբեր եւ մէկէ աւելի ախտանշաններու ամբողջութիւն (սենտրոմ) կրնայ ըլլալ: Հիւանդութեան երկու գլխաւոր նշաններն են՝ յաճախամիզութիւնը («բոլաքիիւրի») եւ ցաւը:
Ասոնց կ’ընկերանայ նաեւ մէզի բնական երեւոյթի փոփոխութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ միզափամփուշտի չարչարուիլը: Յաճախամիզութիւնը անբնականօրէն յաճախակի, միզելու անդիմադրելի պահանջ մըն է, ամէն անգամուն ալ ենթական շատ քիչ քանակութեամբ միայն մէզ կրնայ արտաքսել: Գալով ցաւերուն՝ կը ներկայանան երկու ձեւով,- իւրաքանչիւր միզելուն անտանելի այրումներ, կարծես թէ հիւանդը «ածելիի շեղբեր կը միզէ». եւ յետոյ՝ միզափամփուշտի տաժանելի պրկումներ: Արտաքսուած մէզը կրնայ նախապէս յստակ ըլլալ, ապա պղտորիլ: Կրնայ նաեւ արիւնով ներկուած ըլլալ: Ասոնք են, համառօտ կերպով, փամփշտատապի մը յատկանիշները: Այժմ մեզի կը մնայ ծանօթանալ անոր ծնունդ տուող պատճառներուն:
Փամփշտատապը կրնայ յառաջ գալ, երբ մէզին ֆիզիքաքիմիական կազմութիւնը կը փոխուի, եւ երբ մանրէական կամ մակաբուծային վարակումներ տեղի կ’ունենան: Ֆիզիքաքիմիական կազմութիւնը կը փոխուի, երբ մէզը իր բնական, թեթեւ թթուածութիւնը կը կորսնցնէ, եւ կամ, ընդհակառակն, շատ թթու կը դառնայ: Ամէնօրեայ հաւասարակշռուած սննդառութիւն մը եւ չափաւոր մկանային աշխատանք մը բաւարար կրնան ըլլալ, որպէսզի երիկամունքը թեթեւօրէն թթու մէզ մը արտաքսէ: Մէզի այս թթուութիւնը բաւարար է եւ անհրաժեշտ՝ ֆոսֆաթները, իւրաթներն ու օքզալաթները լուծելու եւ մէզի ճամբով արտաքսելու: Ենթադրենք այժմ մէկը, որ միայն պտուղներով եւ բանջարեղէններով կը սնանի, եւ կրային աղով հարուստ ջուր մը կը խմէ. շուտով անոր մէզը կը դառնայ չէզոք, եւ նոյնիսկ ալքալէն, այլեւս ենթական ի վիճակի պիտի չըլլայ ֆոսֆաթները եւ օքզալաթները լուծուած վիճակի մէջ պահելու: Այս վերջինները, փուշերու պէս, եզրերը սուր մանրադիտային բիւրեղներու ձեւով միզափամփուշտին մէջ պիտի իջնեն եւ պիտի գրգռեն անոր նուրբ խլնաթաղանթը, եւ ի վերջոյ յառաջ պիտի բերեն փամփշտատապ մը: Նոյն կացութիւնը կը ստեղծուի, երբ ենթական նստակեաց կեանք մը կը վարէ, եւ չափէն աւելի միս, թռչնեղէն եւ խոզենիք կ’ուտէ ու զօրաւոր գինիներ կը խմէ: Անոր մէզը փոխանակ ալքալէն ըլլալու՝ չափէն աւելի թթու կ’ըլլայ. այս պարագային ալ իւրաթներն են որոնք պիտի չլուծուին. վերջնական արդիւնքը նախկինին պէս պիտի ըլլայ:
Այս կամ այն պարագային՝ հիւանդին կը մնայ իր սննդառութիւնը փոփոխութեան ենթարկել, որպէսզի իր մէզին ֆիզիքաքիմիական բաղադրութիւնը դառնայ բնական. այնուհետեւ մէզը կը դառնայ յստակ եւ փամփշտատապն ալ կ’անհետի: Եթէ ընդհակառակն , ենթական իր սննդային սխալները շարունակէ երկար ատեն, աղերու մանրադիւային բիւրեղները իրարու միանալով նախ աւազի, եւ ապա քարերու պիտի վերածուին, ու միզափամփուշտը կրծելով՝ փամփշտատապը աւելի պիտի վատթարացնեն: ՄԻՔՐՈՊԱՅԻՆ ՓԱՄՓՇՏԱՏԱՊԵՐ Զանազան մանրէներ միզափաշփուշտին մէջ բոյն դնելով՝ ծնունդ կու տան բազմատեսակ փամփշտատապերու: Մէզը մանրէներու զարգացման համար սքանչելի միջավայր մըն է: Ելուն ճամբով («վուա ասանտանթ») յառաջ եկող վարակիչ փամփշտատապի գլխաւոր օրինակն է ջերմամիզական փամփշտատապը, որ կիներու մօտ աւելի յաճախադէպ հիւանդութիւն մըն է: Այս պարագային կնոջ սեռային գործարանի մուտքին վխտացող կոնոքոքները միզանցին մէջէն կ’ուղուին միզափամփուշտին մէջ: Եթէ միզափամփուշտը կը վարակուի՝ իջուն ճամբով («վուա տեսանտանթ»), հոս նախ երիկամն է հիւանդ, եւ կամ արեան մէջ գտնուող մանրէները կը ղրկէ հոն: Քոլիպասիլով, հիւծախտի մանրէով յառաջ եկած փամփշտատապերը իջուն ճամբով յառաջ եկած տեսակներու օրինակներ կը կազմեն: Երբ մէզին մէջ Քոխի մանրէն կը տեսնուի, այդ կը նշանակէ, որ երիկամը արդէն շատոնց վարակուած է: Յաճախ կը պատահի, որ իջուն ճամբով վարակումը տեղի ունենայ անուղղակի ձեւով մը. այս վերջին պարագան փրոսթաթը մեծցած, որոշ տարիքի մարդոց յատուկ անհանգստութիւն մըն է: Մեծցած փրոսթաթը միզափամփուշտի խարիսխին վրայ կռթնելով, հոն յառաջ կը բերէ ծալք մը, որուն մէջ մաս մը մէզ պիտի լճանայ այսուհետեւ: Երիկամէն իջած մանրէները, որոնք պէտք էին անմիջապէս արտաքսուիլ՝ հո՛ն, այդ լճացած մէզին մէջ կը զարգանան եւ ծնունդ կու տան բորբոքման մը: Այսօր կարելի է շուտով հանգստացնել փամփշտատապի ցաւերը: Ամենէն առաջ հիւանդը պէտք է կանոնաւորէ իր սննդառութիւնը, պիտի խուսափի մսեղէններու եւ ալքոլական խմիչքներու չափազանցութենէն: Կարգ մը սիւլֆամիտներ քոլիպասիլի դէմ շատ ազդու ըլլալով, կարելի է շուտով գոհացուցիչ արդիւնքի մը յանգիլ:
Բայց միզային դրութեան հիւծախտը կը կարօտի երկարատեւ եւ ազդու դարմանումի մը: Հակահիւծախտային դեղերէն սթիբթոմիսինը, «P.A.S.»ը, իզոնիազիտը, յաճախ կը բուժեն հիւանդը, բայց երբեմն ալ հիւա՛նդ երիկամը վիրաբուժութեամբ հանել անհրաժեշտ կը դառնայ, պայմանաւ սակայն որ միւս երիկամը կատարեալ առողջ ըլլայ: Գալով ցաւերու եւ յաճախամիզութեան այրումներու, անոնց դէմ ալ կան շարք մը դեղեր, որոնք կարճ ժամանակի մը մէջ կրնան հիւանդը հանգստացնել:
ՏՈՔԹ. Մ. ՀԱՏԷ