ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Ելեկտրական ծխախոտներըը ծանօթ են նաեւ ե-ծխախոտ անուան տակ, նախատեսուած են փոխանցելու նիքոթին, համ եւ այլ նիւթեր՝ շոգիի տեսքով՝ ընդօրինակելով սովորական ծխախոտը:
Սորվորաբար կազմուած են ելեկտրական բարդով (battery) եւ փոխարինուող խցիկով (cartridgeով), որ կրնայ պարունակել նիքոթին կամ քիմիական այլ նիւթեր, ինչպէս նաեւ՝ ցանցրիչով, որ տաքնալէ ետք քարթրիճին պարունակութիւնը կը վերածէ շոգիի: Այդ շոգին կը ներշնչուի օգտագործողին կողմէ:
Տեսքով նման են գրիչի կամ USB յիշեցնող գործիքի՝ աննկատ ձեւով գործածել ուզողներուն համար:
Ե-ծխախոտը երթալով լայն տրածում կը գտնէ աշխարհի տարածքին, որովհետեւ կը թուի թէ չի վնասեր առողջութեան: Այնուամենայնիւ, յստակ է որ ե-ծխախոտները զերծ չեն վտանգէ:
Ըստ տարրալուծարանային ուսումնասիրութիւններու, ե-ծխախոտը կրնայ պարունակել նիքոթին, որ ծանօթ է որպէս կախեալութիւն առաջացնող նիւթ: Մէկ քարթրիճի բաղադրութեան մէջ գոյութիւն ունի 20 mg նիքոթին: Կրնայ պարունակել թունաւոր բաղադրիչներ, քաղցկեղածին կամ ասմաթիկ ջրակաթիլներ: Եւ քանի որ ե-ծխախոտի անվտանգութեան վերաբերեալ անհրաժեշտ հետազօտութիւնները չեն կատարուած Մ. Նահանգներու Սնունդի եւ Դեղորայքի Վարչութեան (FDA) կողմէ, թէ քիմիական ի՞նչ նիւթեր կը պարունակեն, կամ ի՞նչ քանակութեամբ նիքոթին կը ներշնչուի թոքերուն մէջ, հետեւաբար Սնունդի եւ Դեղորայքի Վարչութիւնը ո՚չ մէկ ե-ծխախոտ ընդունած է իբրեւ անվտանգ կամ արդիւնաւէտ: Դեռ աւլին, Մայիս 2016ին FDA-ը արգիլեց ե-ծխախոտի վաճառքը 18 տարեկանէն վար անհատներուն: Ըստ վարչութեան, ե-ծխախոտի արտադրութեան ընթացքին չկան պարունակութեան որակի ստուգման չափանիշի եղանակներ: Իսկ քանի որ նիքոթինը թմրամոլ նիւթ է, ուստի անիկա կրնայ դիւրիւթեամբ գրաւել երեխաները, ինչ որ պատճառ կը դառնայ ծխախոտային այլ նիւթերու օգտագործման եւ վաղահաս մահուան:
Կարելի՞ է ե-ծխախոտը համարել ծխելէն հրաժարելու միջոց:
Ե-ծխախոտները կը պարունակեն հազարաւոր տեսակի տարբեր համեր տուող նիւթեր, ինչպէս՝ տիասեթիլ, ասեթոյին, փենթատիոն, որոնք կրնան կործանել շնչառական համակարգը, գրգռել աչքերը, մորթը եւ լորձաթաղանթները:
Գրեթէ բոլոր ե-ծխախոտներուն մէջ յայտնաբերուած են վերոնշեալ թունաւոր նիւթերը՝ թոյլատրուած սահմանէն աւելի, եւ անոնց ներշնչումը, երկարատեւ ժամանակով, կրնայ ճակատագրական ըլլալ մարդու առողջութեան համար:
2017-ին կատարուած հետազօտութիւն մը ցոյց կու տայ, որ ե-ծխախոտի առաջին օգտագործումն իսկ բաւարար է վնաս հասցնելու արեան անօթներուն, իսկ 5 վայրկեան ծխելը անօթները կը նեղցնէ 30 տոկոսով: Մէկ խօսքով՝ շոգիի երակարատեւ ներշնչում օգտագործողներուն մօտ, արեան անօթները կը ծերանան 2 անգամ աւելի արագ քան չօգտագործողներուն մօտ, ինչպէս նաեւ կը բարձրանայ ուղեղի կաթուածի հաւանականութիւնը: Ե-ծխախոտին շոգին կը տարածուի օդին մէջ, սովորական ծխախոտի տպաւորութիւն ստեղծելով, սակայն այդ շոգին նոյնպէս անմեղ ու մաքուր չէ, ինչպէս որ շատեր կ՚ենթադրեն: Անիկա կ՚ապականէ մաքուր օդը, կը պարունակէ քաղցկեղ պատճառող քիմիական նիւթեր: Ուստի վտանգ կը ներկայացնէ նաեւ չծխողներուն կամ երկրորդական ծխողներու շրջանակին (passive smokers) համար:
Մինչեւ այսօր՝ Սնունդի եւ Դեղորայքի Վարչութիւնը ո՚չ մէկ ե-ծխախոտի օգտագործում վաւերացուցած է եւ հետեւաբար անիկա յանձնարարելի չէ ծխախոտին փոխարէն գործածելը:
Ծխախոտէն հրաժարիլ ուզողներուն համար, վարչութիւնը ունի վաւերացուած այլընտրանք բուժումներ, որոնք հաստատուած են որպէս ապահով եւ անվտանգ, անոնք են՝
– Նիքոթինի ծամօններ (ձիւթ)
– Նիքոթինային մորթային կցորդներ (patches)
– Նիքոթինային շաքարներ
– Նիքոթինի բերնի ներշնչման գործիքներ
– Նիքոթինի քթային ներշնչման գործիքներ
– Zyban (դեղահատ)
– Chantix (դեղահատ):