Երակատապը, վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուող, եւ կանանց մօտ ալ տղաբերքէ ետք յառաջ եկող բարդութիւն մը ըլլալով՝ բաւական զոհեր խլած է:
Հիները կարծես իրաւունք ունէին, երբ կ’ըսէին. «Տղաձգան կնոջ մը մէկ ոտքը մինչեւ 40 օր գերեզմանի փոսին մէջն է»: Այսօր, բարեբախտաբար, այդպիսի հաւանականութիւն մը շատ հազուագիւտ պարագայ մը միայն կրնայ ըլլալ: Այդ բարիքը ներկայ գիտութեան յառաջդիմութեան կը պարտինք մեծապէս: Չենք կրնար անշուշտ մեղադրել հիները, եւ իրենց ի գործ դրած դարմանական մեթոտները, որոնք բաղդատմամբ այսօրուանին՝ կրնան նկատուիլ սխալներ: Ամէն ձեւի յառաջացում ժամանակի կը կարօտի, եւ փորձառութեամբ է որ սխալները կը շտկուին:
Բայց վերադառնանք մեր նիւթին:
Երակատապը երակի մը ներքնաթաղանթին բորբոքումն է:
Երբեմն ստորին անդամներու լայներակոյթէ («varise») տառապող մէկու մը, մակերեսային երակները կ’ուռին, կը կարմրին, կը ցաւին եւ կը կարծրանան. ասոր կը միանայ նաեւ ջերմաստիճանի որոշ բարձրացում մը: Ասիկա հասարակ երակատապ մըն է եւ դարմանումն ալ հեշտ. արդարեւ՝ խոնաւ պատումները («բանսըման»), հակաբորբոքման դեղերը, եւ կարգ մը պարագաներուն ալ վիրաբուժութեամբ երակին մէջ կազմուած դոնդողին հանումը, քանի մը օրերու ընթացքին, ամէն ինչ կը կը դարձնեն բնական վիճակի:
Սակայն խնդիրը կը բարդանայ, երբ բորբոքողները աւելի խորունկ սեւերակներն են: Շատ չէ անցած այն ժամանակէն, երբ կը կարծուէր, թէ երակներու բորբոքումը միայն մանրէներու եւ իրենց արտադրած թոյներու հետեւանքն է:
Այսօր սակայն կ’ընդունուի, որ երեք տարբեր ազդակներ կան, որոնք սեւերակներու մէջ արեան դոնդողներու կազմութեան ծնունդ տալով, զանոնք կը խցեն եւ յառաջ կը բերեն երակատապ:
1- Արեան լճացում երակներու մէջ: Երկար ատեն անկողնի մէջ մնալու եւ անշարժութեան դատապարտուած հիւանդներու մօտ յառաջ գալիք վիճակ մըն է այս: Օրինակ՝ ոտքի ոսկորներու բեկման պատճառաւ գաճի մէջ առնուածներ, տղաձգան կիներ (հին ատեն), սրտի հիւանդութենէ տառապողներ, եւայլն:
2- Արեան մէջ լերդացնող ազդակի չափէն աւելի գոյութիւնը:
3- Բորբոքումներ, որոնց դերը կարելի է ըսել թէ երկրորդական է:
Այս կէտերէն մեկնելով կան երեք տեսակ երակատապեր.
Ա. ԾՆՆԴԱԲԵՐԱԿԱՆ ԵՐԱԿԱՏԱՊ
Երեւան կրնայ գալ ծննդաբերութենէ մը եւ կամ նոյնիսկ վիժումէ մը վերջ: Այսպէս, օրինակի համար, ծննդաբերութենէ 10-15 օր ետք տղաբերին սրունքը կը սկսի ուռիլ եւ ցաւիլ. ջերմաստիճանը կը բարձրանայ, ոտքի շարժումները կը դառնան գրեթէ անկարելի:
Բ. ՎԻՐԱԲՈՒԺԱԿԱՆ ԵՐԱԿԱՏԱՊ
Յառաջ կրնայ գալ ոսկորներու բեկման հետեւանքով անշարժութեան մատնուածներու մօտ. կոնքի մէջ գործողութեան ենթարկուած կիներու («ֆիպրոմ»), եւ այրերու («բրոսթաթ») մօտ, օրինակ՝ աղեթափութիւն, ստամոքսի կեղ եւ կուրաղետապ:
Գ. ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԵՐԱԿԱՏԱՊ
Երկարատեւ հիւանդութեանց ընթացքին, եւ ի մասնաւորի ժանտատենդի (թիֆոյիտի) պարագայի, դեղ ու դարման գրեթէ չունեցող, երբեմն ալ կրկնուելով սարսափելի պատուհաս մըն էր այս հիւանդութիւնը, որուն ընթացքին երակատապ մըն ալ բարդուելով՝ կը վատթարացնէր արդէն հիւծածմաշած հիւանդին կացութիւնը:
Երկար տեւող ուրիշ հիւանդութիւններէն, կարգ մը խլիրդներու, սրտի հիւանդութիւններու ընթացքին կրնան յառաջ գալ երակատապի պարագաներ:
Երակատապի ամենալուրջ եւ վտանգաւոր բարդութիւնը մարմնին կենսական գործարաններէն մէկուն մէջ յառաջ բերելիք երակախցման («ամպոլի») մը հաւանականութիւնն է:
Արդարեւ, երակի բորբոքած թաղանթին վրայ կրնան կազմուիլ արեան դոնդողներ, առաւել կամ նուազ չափի ծաւալով: Երբեմն մեծ դոնդողէ մը փրթած մասեր արեան հետ կրնան ուղղուիլ սիրտ, եւ անկէ ալ թոքերը, եւ խցել անոնց մէկ մասը: Ենթակային կացութիւնը ա՛լ կախում ունի դոնդողին ծաւալէն, եւ իր խցած մասէն:
Երբեմն ալ պզտիկ դոնդողներ են, որոնք թոքերը հասնելով ենթակային մօտ յառաջ կը բերեն անտանելի անձկութիւն մը (կողացաւ, արիւնոտ մաղասաթափութիւն եւ ջերմ):
Կարգ մը պարագաներուն, դոնդողը կը մնայ իր կազմուած կէտին վրայ իսկ, եւ յառաջ կը բերէ երակախցում մը: Հոս բուժուելէն վերջն իսկ հիւանդին ոտքը իր բնական վիճակը գրեթէ չի ստանար. կը կազմուի մորթի կեղ մը, մկաններու հիւծման պատճառաւ ոտքն ալ կ’ապաձեւուի: Այս բոլոր անախորժութեանց պատճառը երկարատեւ անշարժութիւնն է:
Ի մտի պէտք է ունենալ, թէ գործողութենէ մը յետոյ, երկար ատեն անկողնի մէջ անշարժ մնալը կրնայ երակատապի մը դուռ բանալ: Բայց երբ նախազգուշութիւնները ձեռք առնուին, հաւանականութիւնները կ’իջնեն նուազագոյնի:
Այսօր, հակառակ հին օրերու ըմբռնումներուն, տղաձգան կին մը կրնայ շարժիլ իր անկողնին մէջ. երկրորդ օրը ան արդէն ոտքի վրայ է: Մաղձապարկի գործողութեան ենթարկուող մը, յաջորդ օրն իսկ, կրնայ ոտքի ելլել եւ շարժիլ:
Եթէ ձեռք առնուած կանխազգուշական բոլոր միջոցառումներէն վերջ, երակատապ մը յառաջ գայ, ներկայ ազդեցիկ դարմանումները կրնան կացութիւնը բարւոքել եւ կանխել հաւանական բարդութիւնները:
Ունինք «էբարին» անունով դեղ մը, որ կը հանուի լեարդէն եւ կ’արգիլէ լերդացումը:
Ասկէ շատ աւելի զօրաւոր դեղ մըն ալ՝ «Տիքումարօլ»ն է. աս ալ նեխած առուոյտէն («թրէֆիլ») հանուած նիւթ մըն է, որ կը տրուի բերնի ճամբով: «Տիքումարօլ»ը լերդացման գլխաւոր ազդակը եղող «բրոթրոմպին»ը եւ անոր կազմութեան մաս կազմող «K» կենսանիւթի ազդեցութիւնը կը նուազեցնէ մեծապէս:
Ընդհանրապէս այս երկու դեղերն ալ կը տրուին միասնաբար, բժշկական լուրջ հսկողութեան տակ, որովհետեւ արեան լերդացումը նուազեցնելով կարելի է արիւնահոսումներու տեղի տալ. լինդերու արիւնոտումը, մէզի մէջ արեան գոյութիւնը անմիջապէս պէտք է ուշադրութիւն գրաւեն:
Կան նաեւ գիտաշխատանոցի շատ կարեւոր քննութիւններ. օրինակ՝ «բրոթրոմպին»ի չափը արեան մէջ, եւ «էբարինի» հանդուրժողականութեան աստիճանը («test de tolerance»):
Երակատապի մը դարմանման ատեն այս երկու փորձերը անհրաժեշտ օժանդակներ են:
Անմիջական շարժում եւ հակալերդացուցիչ դեղեր երակատապի մը դարմանման գլխաւոր միջոցներն են. ասոնց կարելի է միացնել նաեւ միքրոպասպան դեղեր, եթէ վարակման որեւէ բայն գոյութիւն ունի:
Երակատապը ժամանակին շատ վտանգաւոր հիւանդութիւն մըն էր, մանաւանդ երակախցման պէս լուրջ բարդութիւն մը ստեղծելով: Այսօր, շնորհիւ դարմանական միջոցներու յառաջացման եւ գիտաշխատանոցի քննութեանց, կարելի է մեծ մասամբ ապահովել կատարեալ եւ վերջնական բուժում մը:
ՏՈՔԹ. Գ. Ա.