Սնունդը, խաղը եւ սիրով լեցուն ու ապահով միջավայրը կը զարգացնեն երեխային ուղեղին աշխատանքը՝ ամուր հիմք ստեղծելով անոր ամբողջ կեանքին համար: Խաղը երեխային իրաւունքն է. ան էական նշանակութիւն ունի անոր մտաւոր, ֆիզիքական, ընկերային եւ զգացական յատկութիւններու զարգացման համար:
Խաղի վրայ հիմնուած կրթութիւնը երեխաներուն մօտ կը ձեւաւորէ համագործակցելու կարողութիւնը, ստեղծագործ միտքը եւ հետաքրքրասիրութիւնը, որոնք 21-րդ դարու մարդուն համար շատ կարեւոր հմտութիւններ են:
ԵՈՒՆԻՍԵՖ կոչ կ’ուղղէ կառավարութիւններուն խաղը դարձնելու նախադպրոցական կրթութեան հիմքը եւ կարեւորել խաղի վրայ հիմնուած կրթութիւնը փոքր տարիքէն մինչեւ տարրական դասարանները:
Այս մէկը հրատապ առաքելութիւն մըն է: Ծանօթ է, որ զարգանալու եւ ապագայ մարտահրաւէրները դիմակալելու համար երեխաները աւելի շատ խաղի կարիքը ունին այսօր:
Խաղէն կախեալ է, թէ ի՞նչ հմտութիւններով կը զինուին անոնք, թէ ինչպիսի՞ մարդ կը դառնան անոնք եւ թէ ինչպիսի՞ աշխարհ կը կերտեն միասին:
Ուրեմն, եկե՛ք խաղանք:
- Ընդունեցէք մարտահրաւէրը.
Փոխեցէ՛ք ձեր մտածելակերպը: Խաղը ծոյլերուն համար չէ: Խաղը շատ օգտակար է երեխաներուն, ընտանիքներուն եւ ամբողջ հասարակութեան համար: Կարեւորութիւն տուէ՛ք խաղին՝ ըլլա՛յ իրական կեանքին, ըլլա՛յ թուային աշխարհին մէջ, կամ երկուքը միասին:
- Խրախուսեցէ՛ք ազատ խաղը.
Որքան աւելի քիչ փորձէք հակակշռել ու նուազ ձեւ տալ խաղին, ան այնքան աւելի հետաքրքրական կ’ըլլայ երեխային համար: Քանի մը ոգեշնչող ուղղութիւն տուէ՛ք ու ձգեցէ՛ք, որ երեխան ինքը ղեկավարէ խաղը: Ազատ ու ինքնակառավարուող խաղը մղիչ ուժ կը հանդիսանայ երեխաներուն համար՝ զարգացնելով անոնց ինքնավստահութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը:
- Սկսիլ ֆիզիքական խաղէն.
Ֆիզիքական կարճ խաղը կ’օգնէ ծնողներուն համապատասխան տրամադրութիւն ստեղծելու յատկապէս աշխատանքային երկար օրուան մը աւարտէն ետք: Ընդամէնը 10 վայրկեան խաղը բաւական է, որ սիրտը սկսի աւելի արագ զարնելու ու բոլորը սկսին ծիծաղելու: Այս մէկը շատ կարեւոր է ընտանեկան խաղի ժամանակ:
- Բազմազանութիւնը կարեւոր է.
Խաղի հազար տեսակ կայ՝ ֆիզիքական, ստեղծարար, զգացական, ընկերային, թուային ու մտաւոր: Խաղին բազմազանութիւնը կարեւոր է երեխային մօտ աւելի լայն հմտութիւններ ձեւաւորելու համար: Թոյլ տուէ՛ք, որ երեխան ինքը ընտրէ խաղի բազմաթիւ տեսակներէն՝ աշխոյժ խաղ, պատմութիւններ յօրինել, փազլներ կազմել, դերեր վերցնել, երեւակայութիւն եւ մտածողութիւն զարգացնող խաղեր, եւ այլն:
- Մի՛ նեղանաք թափթփածութենէն.
Անշուշտ բոլորս ալ կը սիրենք, երբ տունը հաւաքուած է ու կոկիկ: Այդ պատճառով մենք կը հաւաքենք ու մէկ տեղ կը պահենք բոլոր խաղալիքները: Սակայն երեխաներու համար խաղալիքներու կոյտը թափթփվածութիւն չէ. անոնց համար այդ մէկը ստեղծագործ միտք ձեւաւորելու օգնող բազմաթիւ գործիքներով լեցուն հետաքրքրական միջավայր մըն է: Այս տեսակէտը ընդունիլը կ’օգնէ հարցերը այլ կերպ դիտելու եւ այս ու այն կողմ թափուած խաղալիքները որպէս խառնաշփոթ վիճակ չդիտարկելու:
- Մի՛ վախնաք սխալելէ.
Երբ միասին կը խաղաք ու երեխան կը սխալի, մի՛ շտապէք նկատողութեան յանձնել: Ձգեցէ՛ք՝ երեխան ինքը անդրադառնայ, որ սխալած է: Աւելին, հարցուցէք իրեն, թէ ինչո՞ւ այդպէս կ’ուղղէ սխալը: Օգնեցէ՛ք, ոչ թէ ղեկավարեցէք խաղին ընթացքը: Այդ մէկը կ’օգնէ անոնց մտածողութեան զարգացումին:
- Ուրախ եղէ՛ք.
Ընտրեցէ՛ք իրական կամ երեւակայածին կերպար մը եւ երեխային հետ սկսէ՛ք նմանակել զայն: Ծիծաղելի ձայները, դէմքերն ու շարժումները կ’օգնեն երեխաներուն զարկ տալու իրենց պատկերացումներուն եւ ձեւաւորելու պատմութիւն պատմելու հմտութիւններ: Ինչպէս նաեւ՝ այս մէկը կ’օգնէ ձեզի աւելի լաւ ճանչնալու երեխային աշխարհն ու միասին լաւ ժամանակ անցնել:
- Խաղի յատուկ ժամ որոշեցէ՛ք ու մի՛ մոռնաք զայն.
Երեխաները հաճոյքով ու անհամբերութեամբ կը սպասեն յատուկ օրերուն/ժամերուն, ուստի ընտանիքով խաղի համար յատուկ ժամ ընտրեցէ՛ք, նոյնիսկ, եթէ այդ ընթրիքէն 15 վայրկեան առաջ է: Ձգեցէ՛ք, որ երեխաները անձամբ ընտրեն խաղին տեսակն ու ձեւը: Առանձին ծրագրելը կ’օգնէ երեխային աւելի ստեղծարար ըլլալու եւ զարգացնելու որոշումներ կայացնելու հմտութիւնը:
- Տնային գործերը խաղի վերածեցէ՛ք.
Բոլորս, նաեւ երեխաները, տնային գործեր ունինք, բայց պարտադիր չէ, որ անոնք ձանձրացուցիչ ըլլան: Զանոնք աշխոյժ դարձնելու ամենապարզ տարբերակը երաժշտութիւն միացնելն ու փոշի հաւաքելն ու հագուստը ծալելը պարի կամ մրցոյթի վերածելն է: