ՀԱՅՐԵՆԻ ԼՈՒՐԵՐ
Առաջին անգամ ըլլալով, ի դէմս Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանին, Հայաստան կը շահի եւրոպական Horizon 2020 Twinning մրցոյթը: Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանը արդէն ստացած է Եւրոպական յանձնաժողովի պաշտօնական նամակը:
«Corbain: Armenia Center for Translational Research on Chronic Neurodegenerative Di-sorders: A Neuroscience Initiative on Maintaining Healthy Brain Ageing» վերնագիրով նախագիծը շահեցաւ Horizon 2020 Twinning ծրագիրը՝ ստանալով առաւելագոյն նիշին 96.6 համեմատութիւնը:
Նախագիծը հիմք պիտի հանդիսանայ Հայաստանի մէջ ուղեղի հետազօտութեան կեդրոնին համար համապատասխան աշխատակազմի եւ ենթակառոյցի ձեւաւորման:
Horizon 2020ը Եւրոպական Միութեան մեծագոյն հետազօտական եւ նորարարական գերազանցութեան ծրագիրն է, որ մրցումի սկզբունքով նիւթական աջակցութիւն կը տրամադրէ միայն լաւագոյններուն:
Ծրագիրը շահելու հաւանականութիւնը ամէն տարի կը կազմէ 10-14 առ հարիւր, իսկ եօթը տարիներու (2014-2020) համար նախատեսուած ընդհանուր պիւտճէն կը կազմէ 80 միլիառ եւրօ: