ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՏՈՔԹ․ ԱՅՏԱ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ
Իւրաքանչիւր ոք ունի իր համոզումը եւ բանաձեւը առողջ ընտանիքի ստեղծման մէջ: Մասնագիտական աշխատանքի տարիներուն ընթացքին առիթն ունէի մօտէն շփուելու շատ ընտանիքներու հետ եւ ծանօթանալու իւրաքանչիւրի խոհանոցին, նախասիրութիւններուն, թափանցել ննջարան եւ գիտնալ ներքնակներու եւ ծածկոյթներու մասին նոյնիսկ, եւայլն:
Հաւանաբար շատերու համար իրաւացիօրէն զարմանալի թուայ իմ ոտնձգութիւններս մարդոց կեանքին ամենատարբեր ոլորտներուն մէջ, բայց պէտք է աւելցնեմ հետեւեալ իրականութիւնը, որ ես յայտնաբերեցի փորձառութեանս ընդմէջէն, որ մանկաբուժի աշխատանքը չ՚արդիւնաւորուիր, եթէ սահմանափակուի ախտաճանաչում, դեղօրայք եւ ցտեսութիւն եռեակով:
Բժշկութիւնը ունի շատերուն համար ցարդ անծանօթ մարզ մը, որ կանխարգիլումն է: Կանխարգելիչ միջոցներէն են պատուաստումները եւ այն բազում գիտելիքները, որոնք կը վերաբերին սննդականոնին, մթնոլորտի եւ միջավայրի մաքրութեան, մարզանքի կարեւորութեան, սենեակի ընդունելի ջերմութեան ապահովման, միջավայրի այնպիսի դասաորման, որ երաշխաւորէ փոքրիկներու ապահովութիւնը, զանոնք զերծ պահելու այրուածքներէ, դեղօրայքային թունաւորումներէ, ոսկրային կոտրուածքներէ եւայլն: Մինչ կարելի է մտածել, որ առողջ ընտանիքի շուրջ երիտասարդներու համոզումներու հիմքը ծնողներէն ստացած գիտելիքներն ու մօտեցումներն են, որոնք կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ, յաճախ փոխուելով եւ յարմարեցուելով ժամանակի պահանջներուն, սակայն քիչ չեն նաեւ աւանդականը մերժողները:
Երիտասարդ ընտանիքներու առողջ ապրելակերպ եւ առողջ ընտանիք հասկացողութիւնները յաճախ հիմնուած են երիտասարդական յեղափոխական լարին վրայ, նպատակը՝ մերժել հինը եւ ստեղծել արդիական, ժամանակակից, ժամանակի եւ օրուան համահունչ ընտանիք, ընդօրինակել արեւմուտքի նորոյթները առանց մաղէ անցնելու զանոնք կամ յարմարեցնելու մեր միջավայրին:
Այսպէս օրինակ, արեւլեան հարուստ ճաշատեսակներ կը փոխարինուին արեւմտեան բարձր ջերմուժ պարունակող, սննդային արումով ոչ հարուստ pizza, spaghetti, lazania, hamburger-ներով: Համաձայն եմ, որ թուածներս հաճելի են եւ համով, որոնք կարելի է ուտել երբեմն բայց ոչ ամէն օր: Բազմատեսակ սնունդը՝ ընդեղէն, բանջարեղէն, մսեղէն եւ պտուղ բաղադրամասերով պէտք է շարունակեն մնալ խոհանոցի մնայուն ներկայութիւնը: Բազմատեսակ ուտելիքներու ըն-դունման շնորհիւ մեր մարմինը կը ստանայ բաւարար ջերմուժ եւ սպիտակուց, ճարպ, շաքար, կենսանիւթեր, միքրոտարրեր, որոնք կարեւոր են աճի եւ դիմադրողականութեան համար: Հաւասարակշռուած սնունդը չափաւոր եւ որոշակի ժամերուն ընդունելու պարագային կը կանխէ գիրացումը նաեւ: Որոշակի ժամեր կը նշանակէ ամէն օր մօտաւորապէս նոյն ժամին նախաճաշ, ճաշ եւ ընթրիք ընել, ջանալ մութն իյնալէն առաջ ընթրել, առիթ տալու մարմնին զայն իւրացնելու: Միւս ընդօրինակումը եւ ներմուծումը հետեւեալն է, երիտասարդ զոյգը կը համարէ, որ տունը ճաշ եփելը կը սահմանափակէ կնոջ իրաւունքները եւ կարելիութիւնները ասպարէզի մէջ կայանալուն, որ կը պահանջէ ծրագրում եւ ժամանակ, ուստի զայն կարելի է փոխարինել պատրաստի ճաշերով: Որպէս յիշեցում պէտք է ըսել, ճաշի ընդմէջէն մենք կը ստանանք սնունդ, բայց ո՛չ միայն այդ այլ նաեւ եփողին կողմէ այդ ճաշին միջոցով կը ստանանք սէր եւ ջերմութիւն, որոնք կը գնահատուին գոհունակ աչքերով եւ ժպիտներով:
Ճաշը ինքնանպատակ չէ այլ՝ արարողակարգ, սիրոյ բաշխում…:
Իւրաքանչիւր ընտանիքի համախմբում սեղանին շուրջ սիրոյ բաշխում է եւ ամրապնդում ընտանիքի:
Ծնողնե՛ր, ձեր եւ ձեր ընտանիքի առողջութիւնը ուղիղ կապ ունի ձեր որոշումներուն եւ ընտրութիւններուն հետ: Եղ՛էք գիտակից եւ արթուն:
Ի՞նչպէս կարելի էր սահմանափակել մանկաբուժի իմ գործունէութիւնս միայն բուժումով, զանց առնելով խորհուրդները եւ կանխարգելիչ միջոցներու շուրջ զրոյցները:
Մենք ունինք մեր միջավայրը, մեր տուներու առանձնայատկութիւնները, որուն գումարած կայ ելեկտրականութեան հարցը, կազի բարձր գիները եւ ունինք այս բոլորին հետեւանքով մսած փոքրիկներ, պաղին հետեւանք յաճախակի հիւանդացող փոքրիկներ: Եւ նման պարագաներուն էր, որ կը ծաւալէր իմ աշխատանքս բժշկութենէն այն կողմ, տեսնելու թէ որքա՞ն կը տաքցուին սենեակները, ինչպիսի՞ ծածկոցներ կը գործածուին նորաստեղծ տուներուն մէջ, որպէսզի կանխարգիլեմ յետագայ եւ կրկնուող հիւանդութիւնները: Նորաստեղծ ընտանիքները այս առումով առանց բացառութեան որդեգրած են արուեստական վերմակներ, որոնք դիւրին կը լուացուին եւ սիրուն են: Հին օրերու բրդեայ կամ բամպակեայ ծածկոցներ ա՛լ չկան:
Արեւմուտքի ընդօրինակութիւն, մոռնալով շատ տեղային առանձնայատկութիւններ: Արեւմուտքի մէջ տան բոլոր սենեակները հաւասարապէս ջերուցուած են, խոնաւութիւնը գրեթէ կը բացակայի եւ նման պայմաններու մէջ թեթեւ ծածկոցները հարց չեն ստեղծեր: Լիբանանի մէջ բացի շատ ապահով ընտանիքներէն, հազիւ թէ կարելի ըլլայ մէկ սենեակ տաքցնել իսկ վերոնշեալ ծածկոցները չեն ապահովեր առողջ տաքութիւն, անոնք չեն շնչեր նոյնիսկ. հետեւաբար, ընդօրինակելը առանց տեղական առանձնայատկութիւնները հաշուի առնելու կը պատճառէր պաղարութիւն:
Իւրաքանչիւր մարմին ունի իր տկար կէտը, ոմանց քով ականջը, ուրիշներու պարագային կոկորդը կամ ստամոքսը խոցելի են, պաղիլը առիթ կը ստեղծէ դիմադրողական համակարգի թուլացման եւ կրնայ պատճառել հարբուխ, ականջի ցաւ երբեմն բորբոքում, կոկորդի բորբոքում, ստամոքսի անհանգստութիւն եւայլն, իսկ կանխարգիլել այս բոլորը կարելի է կամ տունը բաւարար տաքցնելով եւ կամ համապատասխան ծածկոցներ ունենալով: Արուեստական նիւթերէ պատրաստուած վերմակները որդեգրել միայն գերզգայնութիւն (Allergy) ունեցողներու համար: Կողմ ըլլալով երիտասարդներու նորարական մօտեցումներուն եւ հիանալով անոնց յեղափոխական ոգիով, պիտի ըսեմ իրենց հետեւեալը.- երբեւէ մի ընդօրինակէք երեւոյթ մը կամ գաղափար մը առանց զայն դնելու ձեր միջավայրին մէջ եւ տեսնելու, թէ որքանով ան կիրարելի է մեր իրականութեան մէջ:
Ձեր գերնպատակը թող չըլլայ հինը մերժելը, այլ՝ հինին նոր շունչ տալը: Վերոնշեալ մի քանի օրինակները բերի, որպէսզի ըսեմ թէ առողջութիւնը պահպանելը մեր ձեռքն է, որուն համար պէտք է որոշակի ճիգ եւ ժամանակ, քննական միտք, գիտակցութիւն եւ գիտելիք: