Երջանիկ ըլլալը կը թուի պարզ ձգտում մը, բայց խօսքը հեշտասէր կամ մակերեսային ըլլալու մասին չէ, այլ՝ խոհուն, հանգիստ եւ ուրախ ապրելու մասին: Սակայն, շատեր կը պայքարին երջանկութեան հասնելու եւ զայն պահպանելու համար՝ կեանքի բարդութիւններուն ի տես: Միացեալ Թագաւորութեան Պրիսթոլի համալսարանին մէջ կատարուած նոր ուսումնասիրութիւն մը կը քննարկէ իր հետազօտողներուն նախաձեռնած «երջանկութեան գիտութիւնը» ծրագրին արդիւնքները: 2018-էն ի վեր, անոնք կը փորձեն ուսանողներուն տրամադրել լաւ զգալու տրամադրութեան միջոցներն ու գաղտնիքները:
Ուսումնասիրութիւնը կը յայտնաբերէր, որ անձնական երջանկութեան կարելի է հասնիլ հաւաստի հետազօտութիւններու եւ տուեալներու վրայ հիմնուած սովորութիւններու միջոցով: Արդիւնքը նաեւ կրնայ երկարատեւ ըլլալ, եթէ մէկը շարունակէ կիրարկել ինչ որ սորված է:
Հետազօտութիւնը հարցումներ ուղղած է առաջին տարիներու 228 համալսարանականներու, որոնք մէկ կամ երկու տարի հետեւած էին համալսարանի դրական հոգեբանութեան դասընթացքներէն մէկուն: Ուսանողները յայտնած են, որ դասընթացքին հետեւելէ անմիջապէս ետք, իրենց լաւ զգալու տրամադրութիւնը 10%-էն 15% բարելաւուած է: Սակայն, հետազօտողները պարզած են, որ մասնակցողներուն 51%-ը` 115 ուսանող, պահպանած է իր դրական վերաբերումը՝ շարունակելով կիրարկել այն միջոցները, որոնք դասաւանդուած էին նախորդող տարիներուն: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է «Higher Education» ամսաթերթին մէջ:
Ինչպէ՞ս ուրախ ըլլալ
Դոկտ. Պրուս Հուտ, հետազօտութեան համահեղինակներէն մէկը եւ «Երջանկութեան գիտութիւնը. եօթը դասեր լաւ ապրելու համար» գիրքին հեղինակը, կը թուարկէ այն, ինչ որ ինք կ’անուանէ «երջանկութեան թեքնիքներ», որոնք կը դասաւանդուին «երջանկութեան գիտութիւնը» դասընթացքին ժամանակ.
- Ազնիւ գործեր կատարել,
- Ընկերային կապերու բարելաւում, ներառեալ անծանօթ մարդոց հետ զրոյց սկսիլը,
- Լիովին գնահատել եւ վայելել կեանքի փորձառութիւնները,
- Մեր ուշադրութիւնը միտումնաւոր հրաւիրել օրուան դրական իրադարձութիւններուն վրայ,
- Միշտ երախտապարտ զգալ եւ երախտագիտութիւն յայտնել անոնց, որոնք բաւարար չեն շնորհակալուած, որքան կը ցանկային,
- Ըլլալ ֆիզիքապէս աշխոյժ,
- «Meditation»-ի տարբեր մեթոտներու կիրարկում:
«Դասընթացքը կ’ընդգրկէ տեղեկութիւն երջանկութեան մասին թիւր պատկերացումներուն եւ մեր մտային նախապաշարումներուն մասին: Նպատակը այն էր, որ անոր աւարտին ուսանողները լաւ պատկերացում կ’ունենան տարբեր գործօններու մասին, որոնք կրնան աւելի նպաստել իրենց լաւ զգալուն, քան «ընելիքներու ցանկին»,- կ’ըսէ դոկտ. Հուտ «Medical News Today»ին: «Որոշ ուսանողներ շարունակեցին ամէն օր կիրարկել երջանկութեան օրէնքները, իսկ ուրիշներ՝ պարբերաբար»,- կ’աւելցնէ ան:
Երջանկութեան համար ուշադրութիւնը շեղելու արժէքը
Երջանկութեան թեքնիքները հիմնականօրէն կ’առնչուին մարդու աշխարհայեացքի փոփոխութեան, կը բացատրէ դոկտ. Հուտ: «Անոնք մեզ կը փոխադրեն մեր անձնական հարցերուն եւ վիճակին վրայ չափազանց կեդրոնացումէն դէպի մեզ տեսնելու որպէս մարդոց եւ աշխարհին կապուած ցանցի մը մէկ մասը»,- կ’աւելցնէ ան: Այս տեղափոխութիւնը կ’օգնէ մեր խնդիրները տեսնելու աւելի մեծ պատկերի մը շրջագիծին մէջ՝ զանոնք զետեղելով այլ գործօններու եւ իրավիճակներու կողքին, ու անոնք կ’ընկալուին նուազ ճնշող: Երկրորդ` «Մենք կ’ունենանք ուրիշներու աջակցութիւնը եւ բարեկամութիւնը վայելելու առաւելութիւնները»:
Նեարդակենսաբան դոկտ. Թոպիաս Էշ, որ մասնակից չէ հետազօտութեան եւ իր կարգին ուսումնասիրած է երջանկութեան նեարդաբանական երեսները, համամիտ կը գտնուի. «Ես խորապէս կը հաւատամ, որ երջանկութիւնը, ընդհանուր առմամբ, ոչ անձնական է, ոչ եսապաշտական, ոչ ալ բացառապէս հաճոյապաշտական»:
Երջանկութիւնը ուղեղին մէջ
Դոկտ. Էշ կը նկարագրէ ուղեղին մէջ պատահածը, երբ երջանկութեան զգացում կը յառաջանայ. «Ուղեղին պարգեւատրման համակարգը կ’աշխուժանայ շեշտելով դրականութեան եւ երջանկութեան զգացումները»:
Հիմնական վիճակի ցանցը (the default mode network) ուղեղի տարբեր մասերու այն ցանցն է, որ կ’աշխուժանայ, երբ մարդը գտնուի հանգիստի մէջ եւ չէ կեդրոնացած արտաքին աշխարհին վրայ ու ներգրաւուած է ինքնամտածողութեան մէջ, ինչպէս՝ երազելը, յիշատակներ վերաքաղելը, ապագան պատկերացնելը եւ իր ու ուրիշներու մասին խորհիլը: Երբ ուղեղը չէ զբաղած որոշ աշխատանքով, հիմնական վիճակի ցանցը աւելի գործուն կը դառնայ՝ կապուած ներհայեցողութեան եւ մտորումներու: «Բազմաթիւ դրական հոգեբանական կատարումներ, ներառեալ մտածողութեան ազդող դեղեր, կարծես կը նուազեցնեն նախնական վիճակի ցանցին աշխուժութիւնը»,- կ’ըսէ դոկտ. Հուտ: Նախնական վիճակի ցանցը մեր եւ ուրիշներու մասին կը կառուցէ պատկերներ եւ չափազանց գործուն կը դառնայ, երբ մենք չենք կեդրոնացած աշխատանքի մը վրայ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ ժխտական մտորումներու»: Դոկտ. Հուտ կ’աւելցնէ, որ բնութեան մէջ գտնուիլը նոյնպէս կ’օգնէ անջատուելու այդ ցանցէն:
«Երջանկութիւնը կենսաբանական անհրաժեշտութիւն մըն, որ պահպանուած է գոյութենական բարեշրջութեան («evolution») ամբողջ հոլովոյթին մէջ միլիոնաւոր տարիներէ ի վեր. նոյնիսկ պարզ օրկանիզմները ունին զայն, այսինքն՝ կը տիրապետեն կենսաբանական սկզբունքին/գործիքին»,- կ’ըսէ դոկտ. Էշ: Անոր համաձայն, եթէ երջանկութիւնը ծառայէր միայն առանձին անհատին եւ ոչ բոլոր ապրող էակներուն, ապա դժուար թէ ան դիմանար ու պահպանուէր բարեշրջութեան (evolution) միլիառաւոր տարիներու հոլովոյթին:
Երջանկութիւնը գործընթաց մըն է
Դոկտ. Էշ կը նշէ, որ նեարդակենսաբանօրէն կան երջանկութեան երեք տեսակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը անցումային փորձառութիւն մըն է քանի մը զգացումներու միջոցով.-
l ուզել, մօտենալ եւ հաճոյք ստանալ
l խուսափիլ, հեռանալ եւ թեթեւնալ
l չուզել, մնալ եւ բաւարարուիլ:
49% տոկոս մը կորսնցուցած է կապը երջանկութեան հետ
Դոկտ. Հուտ կ’ըսէ, որ իր յաջորդ հետազօտութիւնները պիտի ուսումնասիրեն, թէ ինչո՞ւ այս ուսանողները չպահպանեցին իրենց լաւ զգալու վիճակը, երջանկութեան գործնական կիրարկումներու դադրեցումէն դուրս:
Կան բազմաթիւ գործօններ, որոնք դերակատար են, կը նշէ դոկտ. Էշ: Անոր համաձայն, երջանիկ ըլլալու հակուածութեան 30-40%-ը կապուած է անոնց ծիներուն եւ «ուղեղի սարքաւորումներուն»: Առաւելագոյնը, դիտել կու տայ ան, որ 5-10%-ին երջանիկ զգալը կամ ոչ, կապուած է արտաքին իրադարձութիւններու կամ ազդեցութիւններու: Մինչ այդ, լաւ զգալու վիճակին պահպանումը 50-60%-ով կը յաջողի ներքին աշխատանքով՝ սորվելով,- կ’ըսէ ան:
«Երջանկութիւնը որոշում է»,- կ’եզրակացնէ ան:
Յատուկ «Զգոյշին»